Նախ ասեղը մեզ

3 Յուլիս թուականին Անգարայի մէջ կայացաւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (ՀՏՓ) 5-րդ համագումարը։

Այս առթիւ կուսակցութեան նախկին համանախագահ, այժմ Էտիրնէի արգելանոցը բանտարկուած Սելահատտին Տեմիրթաշ «T24» կայքէջէն հրատարակուած յօդուածով մը քննարկեց Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու վարքը եւ իր կուսակցութեան դիրքորոշումը։ Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք Սելահատտին Տեմիրթաշի յօդուածը։

Պէտք է ամե­­նահասկնա­­լի կեր­­պով բո­­վան­­դակ Թուրքիոյ պատ­­մենք թէ մենք ալ գի­­տենք որ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը եւ բռնու­­թիւնը միատեղ չեն ըլ­­լար։ Բո­­լոր խնդիր­­նե­­­րու լու­­ծումնե­­րը կը որո­­նենք Թուրքիոյ ամ­­բողջու­­թեան մէջ։ Կ՚աշ­­խա­­­տինք պա­­տուա­­ւոր խա­­ղաղու­­թեան մը հաս­­նե­­­լու հա­­մար։ Մեր այս բա­­ցատ­­րութիւննե­­րով հան­­դերձ եթէ ընդդի­­մու­­թիւնը կը յա­­մառի ըն­­կա­­­լումնե­­րու անձնա­­տուր ըլ­­լա­­­լու, այն ատեն մենք իրա­­ւունք կ՚ու­­նե­­­նանք սուր գա­­մը իրենց մխրճե­­լու։

ԱՔՓ եւ ՄՀՓ-ի յան­­ցա­­­գործ ըն­­կե­­­րու­­թիւնը պե­­տու­­թիւնը ձեռք անցնե­­լու եւ հա­­սարա­­կու­­թիւնը հնա­­զան­­դեցնե­­լու հա­­մար ան­­հա­­­ւատա­­լի անար­­դա­­­րու­­թիւննե­­րու եւ բա­­րոյազրկու­­թեան դի­­մելով փլցուց ար­­դէն իսկ դժո­­ւարաւ ոտ­­քի կե­­ցող հա­­մակար­­գը։ Սոս­­կա­­­լի փտա­­ծու­­թիւն մը կ՚ապ­­րո­­­ւի կեան­­քի բո­­լոր ոլորտնե­­րէ ներս։ Կար­­ծես եր­­թուղիի վրայ շա­­րու­­նակ գիծ փո­­խելով եր­­թե­­­ւեկու­­թիւնը խա­­փանող վա­­րորդ մը ըլ­­լայ մեր առ­­ջեւ։ Ոչ կ՚ար­­տօ­­­նէ որ կող­­քէն անցնինք սպրդինք, ո՛չ ալ ինք կը յա­­ռաջա­­նայ։ Այս պայ­­մաննե­­րու մէջ ընդդի­­մու­­թիւնը փո­­խանակ այդ ան­­պէտ վա­­րոր­­դին հե­­տեւե­­լու, պար­­տա­­­ւոր է նոր ու­­ղի­­­ներ որո­­նելով յա­­ռաջա­­նալու։ Այս ալ փո­­փոխու­­թիւն կը պա­­հան­­ջէ։ Քա­­ղաքա­­կանու­­թեան մէջ փո­­փոխու­­թիւնը քա­­ջու­­թիւնով, արիու­­թեամբ կ՚իրա­­կանա­­նայ։ Որ­­քան ալ գի­­տելիք­­ներ եւ փոր­­ձա­­­ռու­­թիւն ամ­­բա­­­րած ըլ­­լաք, եթէ քա­­ջու­­թիւն չ՚ու­­նիք չէք կրնար փո­­փոխու­­թիւն մեկ­­նարկել։ Սո­­վորա­­կան կա­­ղապար­­նե­­­րու մէջ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն մշա­­կելով ոչ կա­­րելի է կու­­սակցու­­թիւնը եւ ոչ ալ հա­­սարա­­կական յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը փո­­խել։ Ար­­դա­­­րու­­թիւն եւ Զար­­գա­­­ցում Կու­­սակցու­­թիւնը գո­­յական­­նե­­­րը մէը կողմ դրած ըն­­կա­­­լումնե­­րով քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն մշա­­կող կա­­ռոյց մըն է։ Յատ­­կա­­­պէս ընտրու­­թիւննե­­րու նա­­խօրեակին ալաւե­­լի կը շեշ­­տադրէ այս եղա­­նակը։ Ընդդի­­մու­­թիւնը նոյ­­նիսկ շատ ու­­ժեղ եւ յստակ ծրա­­գիր­­ներ գո­­յաց­­նէ, այդ ծրա­­գիր­­նե­­­րը չի կրնար լայն զան­­գո­­­ւած­­նե­­­րու փո­­խան­­ցել առանց կոր­­ծա­­­նելու իշ­­խա­­­նու­­թեան ստեղ­­ծած ըն­­կա­­­լումնե­­րը։

Ընդդի­­մու­­թեան գլխա­­ւոր թե­­րացու­­մը հե­­տեւեալն է՝ իշ­­խա­­­նու­­թիւնը այդ ըն­­կա­­­լումնե­­րը կ՚ար­­տադրէ մէկ կեդ­­րո­­­նէն։ Իսկ ընդդի­­մու­­թիւնը կը հար­­կադրո­­ւի բա­­զում կեդ­­րոննե­­րէ պա­­տաս­­խան հասցնե­­լու։

Այս իրո­­ղու­­թիւնը յաղ­­թա­­­հարե­­լու հա­­մար հար­­կա­­­ւոր է հա­­սարա­­կական ռազ­­մա­­­վարու­­թիւններ մշա­­կել։

Հա­­սարա­­կական պատ­­մե­­­լաոճ, մե­­տիայի դէմ միաս­­նա­­­կան դիրք, միաս­­նա­­­կան կար­­գա­­­խօս­­ներ, մի­­ջոցա­­ռումներ, լուծման նա­­խագիծ­­ներ ու վեր­­ջա­­­պէս միաս­­նա­­­կան թեկ­­նա­­­ծու մը առա­­ջադ­­րե­­­լով ընդդի­­մու­­թիւնը ընտրու­­թիւննե­­րէն յաղ­­թա­­­նակով դուրս կու գայ առ­­նո­­­ւազն 80-ի դէմ 20 հա­­մեմա­­տու­­թեամբ։

Ներ­­կայ պայ­­մաննե­­րու մէջ վե­­ցեակի սե­­ղանի եւ ՀՏՓ-ի շուրջ հա­­մախմբո­­ւած ընդդի­­մու­­թեան մի­­ջեւ հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւնը հա­­ւանա­­կան չի թո­­ւիր։ Այս ըն­­թացքի գլխա­­ւոր պատ­­ճա­­­ռը իշ­­խա­­­նու­­թեան ար­­տադրած ըն­­կա­­­լումնե­­րու դէմ վե­­ցեակի քաջ ու հա­­մար­­ձակ չ՚ըլ­­լալն է։ Ան­­շուշտ կա­­րելի չէ բո­­լոր պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնը վե­­ցեակին վե­­րագ­­րել։ ՀՏՓ եւս թե­­րու­­թիւններ եւ պա­­տաս­­խա­­­նատուու­­թիւն ու­­նի։ Առանց նախ­­քան ասե­­ղով մենք զմեզ խայ­­թե­­­լու անօ­­գուտ է սուր գա­­մը ցան­­կա­­­ցած ու­­րի­­­շին մխրճել։

Ճիշդ է որ ՀՏՓ ճնշումնե­­րէն ամե­­նածանր տու­­ժած կու­­սակցու­­թիւնն է։ Իր զան­­գո­­­ւածը երկրի ամե­­նաար­­հա­­­մարուած եւ հա­­լածո­­ւած հա­­տուա­­ծը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ։ Բան­­տե­­­րը ՀՏՓ-ցի­­ներով լե­­ցուն է։ Ընտրու­­թիւննե­­րով ձեռքբե­­րած հա­­րիւ­­րա­­­ւոր քա­­ղաքա­­պետա­­րան­­նե­­­րը խլո­­ւած են եւ ընտրո­­ւած քա­­ղաքա­­պետ­­նե­­­րու փո­­խարէն պե­­տական պաշ­­տօ­­­նեաներ նշա­­նակո­­ւած։ Հա­­մարեա ամէն օր տաս­­նեակ­­նե­­­րով ան­­դամնե­­րը անօ­­րէն կեր­­պով կը ձեր­­բա­­­կալո­­ւին։ Իր դէմ շատ մեծ մե­­տիայի շրջա­­փակում մը կը գոր­­ծադրո­­ւի։ Կու­­սակցու­­թիւնը փա­­կելու ուղղեալ դա­­տավա­­րու­­թիւնը ըն­­թացքի մէջ է։ Ի դէմ այս բո­­լորին ՀՏՓ ուժգին դի­­մադ­­րուդեամբ յա­­ջողած է աննկուն մնալ։ Այս առու­­մով հրաշք մըն ան եւ այդ յատ­­կութիւ­­նը կը պար­­տի իր աշ­­խոյժ, նո­­ւիրեալ, քաջ զան­­գո­­­ւածին՝ այ­­սինքն ժո­­ղովուրդին։

Սա­­կայն ՀՏՓ-ի մատ­­նո­­­ւած այս զրկանքնե­­րը պատ­­րո­­­ւակ մը չեն կրնար հա­­մարո­­ւիլ քա­­ղաքա­­կան որո­­շումնե­­րը կա­­յաց­­նե­­­լու մա­­սին զգա­­ցական վե­­րաբե­­րու­­մի։ Եթէ Թուրքիոյ մէջ փո­­փոխու­­թիւն պի­­տի պա­­հան­­ջենք, պէտք է քա­­ջու­­թիւնը ու­­նե­­­նանք այդ փո­­փոխու­­թիւնը մեզ­­մով սկսե­­լու։ Ապա թէ ոչ, թէ­­կուզ իրա­­ւացի ըլ­­լանք, չենք կրնար հա­­մոզիչ դառ­­նալ։ Երբ մեր զգա­­ցումնե­­րոն հան­­դէպ յար­­գանք կը պա­­հան­­ջենք, պար­­տա­­­ւոր ենք ու­­րիշնե­­րու զգա­­ցումնե­­րը յար­­գե­­­լու։ Սոյն զգայ­­նութիւննե­­րու սահ­­մա­­­նը բնութագրուած է ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան հա­­սարա­­կած ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րով։ Ոչ ոք տար­­բեր զգայ­­նութիւննե­­րը հա­­սարա­­կած ար­­ժա­­­նիք ըլ­­լա­­­լով պար­­տադրե­­լու իրա­­ւունք ու­­նի։ Եթէ ընդդի­­մու­­թեան միւս շեր­­տե­­­րէն քիւրտե­­րու դէմ հաս­­կա­­­ցողու­­թիւն պի­­տի պա­­հան­­ջենք մենք ալ որ­­պէս ՀՏՓ, պար­­տինք Թուրքիոյ հան­­դէպ հա­­մապա­­տաս­­խան հաս­­կա­­­ցողու­­թիւն ցու­­ցա­­­բերել։ Առանց ար­­տօ­­­նելու որ ընկճո­­ւածու­­թիւնը մեզ բար­­կութեան հո­­գեբա­­նու­­թեան մատ­­նէ, ինքնավստա­­հու­­թեամբ պէտք է գրկենք բո­­վան­­դակ Թուրքիան։

ՀՏՓ-ի նա­­խորդ կի­­րակի զան­­գո­­­ւածա­­յին մաս­­նակցու­­թեամբ եւ մեծ ոգե­­ւորու­­թեամբ իրա­­կանա­­ցած 5-րդ հեր­­թա­­­կան հա­­մագու­­մա­­­րը այս փո­­փոխու­­թեան հա­­մար շատ կա­­րեւոր առիթ եւ են­­թա­­­գետին պատ­­րաստած է։ Պէտք է ամե­­նահասկնա­­լի կեր­­պով բո­­վան­­դակ Թուրքիոյ պատ­­մենք թէ մենք ալ գի­­տենք որ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը եւ բռնու­­թիւնը միատեղ չեն ըլ­­լար։ Բո­­լոր խնդիր­­նե­­­րու լու­­ծումնե­­րը կը որո­­նեքն Թուրքիոյ ամ­­բողջու­­թեան մէջ։ Կ՚աշ­­խա­­­տինք պա­­տուա­­ւոր խա­­ղաղու­­թեան մը հաս­­նե­­­լու հա­­մար։

Այսպէ­­սով տնտե­­սու­­թեան, մի­­ջազ­­գա­­­յին քա­­ղաքա­­կանու­­թեան, կրթու­­թեան, առող­­ջա­­­պահու­­թեան, հո­­ղագոր­­ծութեան, ար­­դա­­­րու­­թեան նման հիմ­­նա­­­կան նիւ­­թե­­­րու շուրջ Թուրքիոյ հա­­մար լու­­ծումներ առա­­ջար­­կող մեր քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը աւե­­լի հեշ­­տութեամբ կրնանք ներ­­կա­­­յաց­­նել։ Եթէ այս ըն­­թացքին մէջ յա­­ջողինք դիւ­­րաւ կը յաղ­­թա­­­հարենք նաեւ իշ­­խա­­­նու­­թեան ար­­տադրած ըն­­կա­­­լումնե­­րը։ Նաեւ ան­­խուսա­­փելի կը դառ­­նայ ամ­­բողջ ընդդի­­մու­­թեան ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան ի նպաստ հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւնը։ Եթէ մեր այս քայ­լե­­­րէն ետք ընդդի­­մու­­թիւնը շա­­րու­­նա­­­կէ ըն­­կա­­­լումնե­­րուն անձնա­­տուր ըլ­­լալ, ահա այդ ժա­­մանակ մենք ալ իրա­­ւունք կ՚ու­­նե­­­նանք սուր գա­­մով զի­­րենք խայ­­թե­­­լու։ Այս ար­­դիւնքին հա­­մար բա­­ւարար է ոչ սկզբունքնե­­րէն, բայց վա­­խերէն ու սո­­վորու­­թիւննե­­րէն ձերբազատուիլ։

Ինչպէս որ ըսի, փո­­փոխու­­թիւնը քա­­ջու­­թիւն կը պա­­հան­­ջէ։ Հի­­մա այդ քա­­ջու­­թիւնը ցու­­ցա­­­բերե­­լու, փո­­փոխու­­թիւնը մեզ­­մով մեկ­­նարկե­­լու ճիշդ ժա­­մանակն է։ Վստահ եղէք որ շա­­րու­­նա­­­կու­­թիւնը կու գայ շա­­րուած տո­մինոյի քա­­րերու նման։ Հա­­սարա­­կու­­թիւնը բո­­լորս կը պար­­տադրէ փո­­փոխու­­թեան հա­­մար եւ այսպի­­սով քայլ մը եւս մօ­­տեցած կ՚ըլ­­լանք ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան։

Փո­­փոխու­­թիւնը հի­­մա մեկ­­նարկե­­լու է, որ­­պէսզի ընտրու­­թիւննե­­րէ ետք ուժգին կեր­­պով շա­­րու­­նա­­­կուի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ