Համակեցութեան Փառատօնը

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Հրանդ Տինք Հիմ­­­նարկի նա­­­խաձեռ­­­նութեամբ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւած «Հա­­­մակե­­­ցու­­­թեան Փա­­­ռատօ­­­նը» կա­­­յացաւ 2 եւ 3 Յու­­­լիս թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն Հար­­­պի­­­­­­­յէ, Լիւթֆիւ Քըր­­­տար Հա­­­մագու­­­մարնե­­­րու Կեդ­­­րո­­­­­­­նին մէջ։

Փա­­­ռատօ­­­նին կը մաս­­­նակցէին աշ­­­խարհի զա­­­նազան եր­­­կիրնե­­­րէն եւ Թուրքիայէն հա­­­սարա­­­կական կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւններ, իրա­­­ւապաշտպան­­­ներ, ակա­­­դեմա­­­կան­­­ներ եւ ու­­­սա­­­­­­­նող­­­ներ։

Փա­­­ռատօ­­­նը մեկ­­­նարկեց բաց­­­ման ճա­­­ռերով։ Իրո­­­ղու­­­թեան, Ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան եւ Յի­­­շողու­­­թեան Կեդ­­­րո­­­­­­­նի վա­­­րիչ Մու­­­րատ Չե­­­լիք­­­քան ելոյթ ու­­­նե­­­­­­­նալով գո­­­հու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւն յայտնեց մեծ թի­­­ւով հա­­­սարա­­­կական կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րու մաս­­­նակցու­­­թեան հա­­­մար։

Ան նշեց որ ալաւե­­­լի ու­­­րախ է երի­­­տասարդ սե­­­րունդի ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը տես­­­նե­­­­­­­լով։ «Երի­­­տասար­­­դութեան ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը ապա­­­ցոյցն է Թուրքիոյ մէջ մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու եւ ազա­­­տու­­­թեան ձեռքբեր­­­ման հա­­­մար մղո­­­ւած պայ­­­քա­­­­­­­րի յա­­­րատե­­­ւու­­­թեան։ Կ՚ապ­­­րինք շրջան մը, ուր իրա­­­ւունքնե­­­րու եւ ազա­­­տու­­­թիւննե­­­րու սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կու­­­մը պե­­­տական քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թիւն դար­­­ձած է։ Մար­­­դիկ յանձն կ՚առ­­­նեն խա­­­ղաղ ցոյ­­­ցե­­­­­­­րու մաս­­­նակցիլ, գիտ­­­նա­­­­­­­լով հան­­­դերձ թէ բեր­­­ման պի­­­տի են­­­թարկո­­­ւին, նոյ­­­նիսկ ձեր­­­բա­­­­­­­կալո­­­ւին եւ դա­­­տուին։ Այս պայ­­­մաննե­­­րու մէջ անգամ ոչ կա­­­նայք, ոչ գո­­­յու­­­թիւնը ու­­­րա­­­­­­­ցուող ԼԿՊԹ-ի անհատները, ոչ լրագ­­­րողներ եւ ոչ ալ մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու հա­­­մար պայ­­­քա­­­­­­­րող կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւններ կը հրա­­­ժարին իրենց պայ­­­քա­­­­­­­րը առաջ տա­­­նելէ եւ փո­­­ղոց ել­­­լե­­­­­­­լէ։ Պա­­­հը կը թե­­­լադ­­­րէ կողք կող­­­քի կանգնիլ, զօ­­­րակ­­­ցիլ եւ միաս­­­նա­­­­­­­բար դի­­­մադ­­­րել։ Կը յու­­­սամ թէ այս մէկ­­­տե­­­­­­­ղումն ալ նոյն նպա­­­տակին պի­­­տի ծա­­­ռայէ»։

Չե­­­լիք­­­քան ապա շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն յայտնեց հա­­­մակե­­­ցու­­­թեան փա­­­ռատօ­­­նի մը առա­­­ջար­­­կը բե­­­րող Տե­­­լալ Տին­­­քին եւ իր ելոյ­­­թը եզ­­­րա­­­­­­­կացուց փաս­­­տա­­­­­­­բան Էրեն Քես­­­քի­­­­­­­նի. «Հոս ենք, չե՛նք եր­­­թար» խօս­­­քե­­­­­­­րով։

Ապա կա­­­յացաւ ատե­­­լու­­­թեան պատ­­­գա­­­­­­­մի դէմ պայ­­­քա­­­­­­­րը նիւթ ու­­­նե­­­­­­­ցող նիս­­­տը։

Եր­­­կօ­­­­­­­րեայ փա­­­ռատօ­­­նի ըն­­­թացքին բա­­­ցի զա­­­նազան բնա­­­գաւա­­­ռի նիւ­­­թե­­­­­­­րով հիւ­­­սուած ասու­­­լիսնե­­­րէ, գոր­­­ծադրո­­­ւեցան զա­­­նազան աշ­­­խա­­­­­­­տանոց­­­ներ եւ երաժշտա­­­կան ելոյթներ։

Մի­­­ջոցառ­­­ման Հրանդ Տինք Հիմ­­­նարկի կող­­­քին մաս­­­նակցու­­­թիւն բե­­­րած էին Անա­­­տոլու Քիւլթիւր, ԹԷՕՍ, Ալի Իս­­­մա­­­­­­­յիլ Քորքմազ Հիմ­­­նարկը, Հրէից 500-ամեակի Հիմ­­­նարկը, Մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին Ներ­­­ման Կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւ­­­նը, Իրո­­­ղու­­­թեան Ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան եւ Յի­­­շողու­­­թեան Կեդ­­­րո­­­­­­­նը, ՊԱ­­­ՅԷԹԱՊ, Քըր­­­քա­­­­­­­յաք, Էթ­­­քի­­­­­­­նիզ ԵՄ, Թա­­­հիր Էլ­­­չի Հիմ­­­նարկը եւ այլ հա­­­սարա­­­կական կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւններ, որոնք իրենց տրա­­­մադ­­­րուած սե­­­ղան­­­նե­­­­­­­րու շուրջ բա­­­ցատ­­­րութիւններ տո­­­ւին փա­­­ռատօ­­­նի այ­­­ցե­­­­­­­լու­­նե­­­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ