Գրական Ակումբի փորձը

Մեզ յղկող միջավայրի մասին (Գ)

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

12Սեպ­տեմբեր 1980-ի զի­նուո­րական յե­ղափո­խու­թիւնը շատ ծանր աւեր գոր­ծած էր երկրի ըն­­կե­­­րային կեան­­քի վրայ։ Ար­­գի­­­լուած էին քո­­լոր քա­­ղաքա­­կան կու­­սակցու­­թիւննե­­րը, աշ­­խա­­­տող­­նե­­­րու արհմիու­­թիւննե­­րը, հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը եւ «միու­­թիւն» բա­­ռով ներ­­կա­­­յացող բո­­լոր կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը։ Պոլ­­սոյ հայ վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու սա­­ներուն իրենց դպրո­­ցի անու­­նով կազ­­մած հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններն ալ կը կրէին միու­­թիւն կո­­չու­­մը։ Հե­­տեւա­­բար մօտ չորս տա­­րի ար­­գի­­­լուե­­ցաւ նաեւ անոնց աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րը։

Այս չորս տա­­րուայ ընդհա­­տու­­մը շատ սուղ վճա­­րեցին մեր սա­­նուց միու­­թիւննե­­րը։ Անոնցմէ շա­­տեր կը գոր­­ծէին իրենց դպրոց­­նե­­­րու պատ­­կա­­­նող կա­­լուած­­նե­­­րու մէջ։ Բայց կար նաեւ վար­­ձո­­­ւած շէն­­քի մէջ գոր­­ծող միու­­թիւններ։ Այդպի­­սին էր Սուրբ Խաչ Դպրե­­վան­­քի սա­­նուց միու­­թիւնը, որ վե­­րաբաց­­ման շրջա­­նին դէմ առ դէմ մնաց վար­­ձե­­­րու կու­­տա­­­կուած բարձր պարտքով մը։ Այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ միու­­թիւնը լքեց քա­­ղաքի կեդ­­րո­­­նական թա­­ղամա­­սին մէջ գտնո­­ւող իր հա­­ւաքա­­տեղին եւ հար­­կադրո­­ւեցաւ Նար­­լը­­­գաբուի Սուրբ Յով­­հաննէս եկե­­ղեց­­ւոյ հա­­մալի­­րին մէջ իրեն տրա­­մադ­­րո­­­ւած վայր մը փո­­խադ­­րո­­­ւիլ։ Մնա­­ցեալ միու­­թիւննե­­րը հար­­կադրո­­ւեցան չորս տա­­րի փակ մնա­­ցած իրենց շէն­­քե­­­րը լուրջ վե­­րանո­­րոգու­­թեան մը տա­­նելու։ Միու­­թիւննե­րը յա­­տուկ եկա­­մուտներ չեն ու­­նե­­­ցած։ Իրենց ըն­­թա­­­ցիք ծախ­­սե­­­րը կ՚ապա­­հովէին միու­­թե­­­նական հա­­մեստ աշ­­խա­­­տանքնե­­րով։ Մա­­նաւանդ բո­­լորն ալ հար­­կադրուած էին ար­­դէն ժամ­­կէ­­­տը լրա­­ցած վար­­չութիւննե­­րը վե­­րակազ­­մե­­­լու։

Սա­­կայն բո­­լոր այս աննպաստ հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րին մէջ կար վե­­րակազ­­մա­­­ւորո­­ւելու կամք մը։ Այդ կամ­­քով առա­­ջին գոր­­ծի լծո­­ւող­­նե­­­րէն եղաւ Մխի­­թարեան Սա­­նուց Միու­­թիւնը, որ այս ար­­տա­­­կարգ շրջա­­նի հա­­մար դի­­մեց միու­­թեան աւագ ան­­դամնե­­րուն, նոյ­­նիսկ հիմ­­նա­­­դիր­­նե­­­րուն աջակ­­ցութեան։

Աւագ սե­­րունդը ոգե­­ւորու­­թեամբ ըն­­դա­­­ռաջեց Մխիըարեանի երի­­տասարդ վար­­չութեան այս կո­­չին, որուն ամե­­նացայ­­տուն հե­­տեւանքնե­­րէն մէ­­կը եղաւ միու­­թեան պաշ­­տօ­­­նաթերթ «Սան»ի վերհրա­­տարա­­կու­­թիւնը, այս ան­­գամ «Նոր Սան» անու­­նով։

Հա­­մարեա նոյն օրե­­րուն նման յու­­զումներ կ՚ապ­­րո­­­ւէր Կեդ­­րո­­­նական Սա­­նուց Միու­­թե­­­նէ ներս եւ հոն ալ նոր ոգիով սկսաւ հրա­­տարա­­կուիլ եր­­բեմնի «Հան­­դէս Մշա­­կոյ­­թի» պար­­բե­­­րակա­­նը, այս ան­­գամ «Հո­­պինա» անու­­նով։

Կեդ­­րո­­­նակա­­նէ ներս սկսած էր նաեւ Կեդ­­րո­­­նական եւ Սա­­յաթ Նո­­վա Երգչա­­խումբե­­րու հեր­­թա­­­կան փոր­­ձե­­­րը։ Գոր­­ծի լծո­­ւած էր բե­­մադ­­րիչ Ար­­թօ Պէր­­պէ­­­րեան, որ պատ­­րաստեց Ակա­­թա Քրիս­­թիի թատ­­րերգու­­թիւննե­­րէն մէ­­կուն բե­­մադ­­րութիւ­­նը։

Նոյն շրջա­­նի շատ հե­­տաքրքրա­­կան նա­­խաձեռ­­նութիւն մըն ալ առա­­ջար­­կուեցաւ միու­­թեան նախ­­կին ան­­դամնե­­րէն Ռու­­բէն Մա­­շոյեանի կող­­մէ։ Մա­­շոյեան օրի­­նակ ու­­նե­­­նալով Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանի Թիֆ­­լի­­­սի իր բնա­­կարա­­նին մէջ այդ ժա­­մանա­­կուայ գրա­­կան, գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան ու մտա­­ւորա­­կան ան­­ձե­­­րու մէկ­­տե­­­ղու­­մով գո­­յացած «Վեռ­­նա­­­տուն»ը, կ՚առա­­ջար­­կէր նման նա­­խաձեռ­­նութիւն Կեդ­­րո­­­նական Սա­­նուց Միու­­թեան եր­­դի­­­կին տակ։ Առա­­ջար­­կը խան­­դա­­­վառու­­թեամբ դի­­մաւո­­րուե­­ցաւ այդ շրջա­­նի վար­­չութեան կող­­մէ, որուն մաս կը կազ­­մէի նաեւ ես։ Կա­­տարո­­ւեցան կար­­ծի­­­քի փո­­խանա­­կումներ եւ վեր­­ջա­­­պէս որո­­շեցինք մե­­զի ծա­­նօթ գրա­­գիր­­ներ, արո­­ւես­­տի մար­­դիկ, մտա­­ւորա­­կան­­ներ եւ գրա­­սէր­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցեալ անո­­ւանա­­ցանկ մը պատ­­րաստել։ Այդ ան­­ձե­­­րուն ուղղո­­ւած գրա­­ւոր հրա­­ւէրով մը կա­­յացաւ Գրա­­կան Ակումբի առա­­ջին մէկ­­տե­­­ղու­­մը։ Այդ օր ին­­ծի վի­­ճակած էր այս նա­­խաձեռ­­նութեան միտքն ու նպա­­տակը յայ­­տա­­­րարել։ Պար­­զած էի թէ կ՚ու­­զենք գո­­յաց­­նել մի­­ջավայր մը, ուր տի­­րողը պի­­տի ըլ­­լայ միայն գրա­­կանու­­թիւնը, իր բո­­լոր ճիւ­­ղե­­­րով։ Շեշ­­տե­­­ցի նաեւ թէ գրա­­կան ակումբը պի­­տի չ՚ու­­նե­­­նայ վար­­չա­­­կազմ եւ ազատ ամ­­պիոն մը պի­­տի ըլ­­լայ բո­­լոր մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րու դի­­մաց, որոնք խօսք ու­­նին գիր ու գրա­­կանու­­թեան մա­­սին։

Յա­­ջորդ օր այս նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նը ջեր­­մօ­­­րէն կ՚ող­­ջունո­­ւէր հա­­յերէն օրա­­թեր­­թե­­­րու էջե­­րէն։ Նման ոգե­­ւորու­­թեան մէջ էր մօտ ապա­­գային «Ակօս»ը հրա­­տարա­­կելու պատ­­րաստո­­ւող Հրանդ Տինք։

Գրա­­կան Ակումբի յա­­ջոր­­դող ժո­­ղով­­նե­­­րը ըն­­թա­­­ցան նա­­խատե­­սուած պատ­­կե­­­րը ար­­դա­­­րաց­­նե­­­լով։ Յատ­­կա­­­պէս կ՚ու­­զեմ նշել «Մար­­մա­­­րա» օրա­­թեր­­թի խմբագ­­րա­­­պետ Ռո­­պէր Հատ­­տէ­­­ճեանի ներդրու­­մը այս նա­­խաձեռ­­նութեան։ Ան իւ­­րա­­­քան­­չիւր մէկ­­տեղման կու գար իր թե­­ւին տակ ու­­նե­­­նալով մի քա­­նի նոր հրա­­տարա­­կու­­թիւն եւ մեծ վար­­պե­­­տու­­թեամբ կը ձե­­ւաւո­­րէր տո­­ւեալ օրո­­ւայ օրա­­կար­­գը։

Պոլ­­սա­­­հայերս ու­­նինք մե­­զի յա­­տուկ սխալ­­ներ։ Հա­­կառակ որ ի սկզբա­­նէ յայ­­տա­­­րարո­­ւած էր թէ Գրա­­կան Ակումբի առա­­քելու­­թիւնը պի­­տի ըլ­­լայ լոկ գրա­­կանու­­թեան վրա­­բերող զրոյ­­ցի ազատ դաշտ մը, գտնո­­ւեցան մար­­դիկ, որոնք ապար­­դիւն գտան միայն խօ­­սելով անցնող մեր հեր­­թա­­­կան հան­­դի­­­պումնե­­րը։ Առա­­ջար­­կե­­­ցին աւե­­լի գործնա­­կան ար­­դիւնքնե­­րու ձեռքբե­­րում։ Կ՚ըսէին թէ հրա­­պարա­­կի վրայ սպա­­ռած եւ անգտա­­նելի դար­­ձած հայ դա­­սական գրա­­կանու­­թեան նմոյշնե­­րուն վերհրա­­տարա­­կու­­թիւնը շատ աւե­­լի իմաս­­տա­­­լից ծա­­ռայու­­թիւն մըն է բաղ­­դատմամբ շօ­­շափե­­լի ոչ մէկ ար­­տադրու­­թիւն խոս­­տա­­­ցող գրա­­կան զրոյցնե­­րէ։ Ամ­­բողջո­­վին դէմ էի այս կար­­ծի­­­քին եւ կրնա­­յի կռա­­հել նման քայ­­լի մը դի­­մելով հա­­ւանա­­կան կոր­­ծա­­­նիչ հե­­տեւանքնե­­րը։ Սա­­կայն ճա­­ռահատ էի, այս առա­­ջար­­կը ներ­­կա­­­յաց­­նողնե­­րու մե­­ծամաս­­նութեան դի­­մաց։ Յա­­ջոր­­դե­­­ցին նախ ո՞ր գիր­­քե­­­րը հրա­­տարա­­կելու մա­­սին թե­­րու­­դէմ կար­­ծիքներ։ ապա որո­­շում կա­­յացաւ «Մար­­մա­­­րա» կամ «Ժա­­մանակ» թեր­­թե­­­րէն հա­­ւաքո­­ւած 30 կտրօն­­նե­­­րու փո­­խարէն գիր­­քե­­­րը անվճար ցրո­­ւել բո­­լոր ցան­­կա­­­ցող­­նե­­­րուն։ Այդ պա­­հուն յայտնուած էր նոր անել մը՝ պիւտճէի խնդի­­րը։ Վեր­­ջա­­­պէս գիրք հրա­­տարա­­կելը գու­­մար պա­­հան­­ջող նիւթ մըն է։ Դար­­ձեալ յայտնո­­ւեցան սրա­­միտ­­ներ, որոնք մեծ ինքնավստա­­հու­­թեամբ յայտնե­­ցին թէ հա­­մայնքը ստի­­պուած է գրա­­կանու­­թիւնը եւ մշա­­կու­­թեային նա­­խաձեռ­­նութիւննե­­րը խրա­­խու­­սե­­­լու։

Քայլ առ քայլ կը մօ­­տենա­­յինք քայ­­քայման, քա­­նի որ դար­­ձեալ մե­­ծամաս­­նութեան կամ­­քով որո­­շուե­­ցաւ քա­­նի մը հո­­գիով այ­­ցե­­­լել Պատ­­րիար­­քա­­­րան եւ պատ­­րիար­­քէն պա­­հան­­ջել տպագ­­րութեան ծախ­­սե­­­րը։ Օրո­­ւայ պատ­­րիարքն էր Գա­­րեգին Գա­­զան­­ճեան։ Լրջօ­­րէն լսեց մեզ եւ իմաս­­տա­­­լից գտաւ մեր պա­­հան­­ջը։ «Տա­­րուայ ըն­­թացքին իմ մաս­­նակցած բո­­լոր սի­­րոյ սե­­ղան­­նե­­­րուն գան­­ձո­­­ւած նո­ւիրա­­տուու­­թեան որոշ մէկ մա­­սը կրնամ յատ­­կացնել այս նպա­­տակին» ըսաւ Գա­­զան­­ճեան Պատ­­րիարք եւ ապա հար­­ցուց մե­­զի հա­­մար ամե­­նաող­­բա­­­լի, իսկ իրեն հա­­մար ամե­­նաէական հար­­ցումը. «Ո՞վ է ձեր նա­­խագա­­հը»։ Եթէ յի­­շենք Գրա­­կան Ակումբի ձե­­ւաւոր­­ման օրե­­րուն տի­­րող այդ խիստ հա­­մեստ տրա­­մադ­­րութիւննե­­րը, սոս­­կա­­­լի էր Գա­­զան­­ճեան Պատ­­րիար­­քի հար­­ցումը։ Քա­­ղաքա­­կրթու­­թեան հիմ­­նա­­­կան պա­­հանջնե­­րը իսկ ան­­տե­­­սելով կը կրկնէր իր հար­­ցումը։ «Ես որո՞ւ պի­­տի վստա­­հիմ այս գու­­մա­­­րը յանձնե­­լու հա­­մար»։ Այդ շրջա­­նին ես 30-ական տա­­րիքով չա­­փահաս մըն էի եւ զինք այ­­ցե­­­լող խմբա­­կի ամե­­նակրտսե­­րը։ Բո­­լորս ալ հա­­մայնքի մէջ ծա­­նօթ դէմ­­քեր էինք, բայց պատ­­րիար­­քը բո­­լորիս աչ­­քե­­­րուն մէջ նա­­յելով ինք տո­­ւաւ հար­­ցումի պա­­տաս­­խա­­­նը։ «Ես իմ վստա­­հած անձ մը կը նշա­­նակեմ այս գու­­մա­­­րը ծախ­­սե­­­լու հա­­մար» ըսաւ ու ար­­տա­­­սանեց բո­­լորիս ծա­­նօթ բա­­րերա­­րի մը անու­­նը։

Գա­­զան­­ճեան Պատ­­րիար­­քի այդ մեր­­ձե­­­ցու­­մը վառ ապա­­ցոյց մըն էր թէ պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքի տի­­րող մտայ­­նութիւ­­նը ինչ վե­­րաբե­­րում կրնայ ու­­նե­­­նալ հե­­ղինա­­կաւոր գրող­­նե­­­րու եւ մտա­­ւորա­­կանու­­թեան հան­­դէպ։ Ես ներ­­քուստ մեծ ընդվզում կ՚ապ­­րէի գրա­­կան ակումբի մէջ զիս եւ ինձ նման այս ակումբի առա­­քելու­­թեան հա­­ւատա­­ցող մար­­դիկ այս խայ­­տա­­­ռակ դիր­­քի մատ­­նողնե­­րու հան­­դէպ։

Վեր­­ջա­­­պէս հրա­­տարա­­կուե­­ցան քա­­նի մը գիր­­քեր, բայց այդ նոյն գիր­­քե­­­րը նաեւ վեր­­ջա­­­կէտը դրին Գրա­­կան Ակումբի, որ մեկ­­նարկած էր շատ հա­­մեստ ակնկա­­լու­­թիւննե­­րով եւ զո­­հը դար­­ձած ամէն գոր­­ծի մէջ շո­­շափե­­լի ար­­դիւնք պա­­հան­­ջող շու­­կա­­­յական մտայ­­նութեան մը։

Գրա­­կան Ակումբի հետզհե­­տէ հան­­գե­­­լուն զու­­գա­­­հեռ հան­­գե­­­ցաւ նաեւ Ար­­թօ Պէր­­պէ­­­րեանի նոր բե­­մադ­­րութիւններ կա­­տարե­­լու ոգե­­ւորու­­թիւնը։ Պէր­­պէ­­­րեան այդ շրջա­­նին նպա­­տակադ­­րեց աւե­­լի լուրջ բե­­մադ­­րութիւն մը՝ ներշնչո­­ւելով Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանի «Անոյշ»էն, որ կը կո­­չուէր «Անու­­շիկ»։ Այս գոր­­ծին հա­­մար ան­­բա­­­ւարար պի­­տի մնար միու­­թեան բե­­մը, հե­­տեւա­­բար «Անու­­շիկ»ը ներ­­կա­­­յացուեցաւ Քեն­­թեր Թատ­­րո­­­նի սրա­­հին մէջ։

Նոյն շրջա­­նին միու­­թեան եր­­դի­­­կին տակ թա­­տերա­­կան աշ­­խա­­­տանքնե­­րու լծո­­ւեցաւ նոր բե­­մադ­­րիչ մը՝ Հեր­­ման Վա­­րիշ։ Վա­­րիշ եւս հա­­ւատա­­րիմ մնաց իր նա­­խորդնե­­րու թա­­տերա­­կան ոճին եւ օճա­­ռի փրփու­­րով ծան­­րութիւն ու­­նե­­­ցող թրքե­­րէն զա­­ւեշտներ բե­­մադ­­րեց։ Ի դէմ այդ նա­­հան­­ջի երե­­ւոյթնե­­րուն Կեդ­­րո­­­նական Սա­­նուց Միու­­թեան մէջ մերթ ընդ մերթ կը կա­­յանա­­յին գե­­ղան­­կարչա­­կան ցու­­ցա­­­հան­­դէսներ կամ որոշ որակ ապա­­հոված երաժշտա­­կան ունկնդրու­­թիւններ։

Վեր­­ջա­­­կէտ դրո­­ւած էր նաեւ սեր­­տո­­­ղու­­թեան պա­­հերուն, որոնք կրտսեր սե­­րունդի միու­­թեան հետ շփո­­ւելու խնդրին մէջ առանցքա­­յին նշա­­նակու­­թիւն ու­­նէին։ Այս պա­­հուն պոլ­­սա­­­հայ միու­­թե­­­նական կեան­­քը լու­­սարձա­­կի տակ կը դնենք Կեդ­­րո­­­նակա­­նի օրի­­նակով։ Սա­­կայն միու­­թե­­­նական կեան­­քէ ներս նա­­հան­­ջը հետզհե­­տէ կը ստա­­նար հա­­մատա­­րած բնոյթ։ Իզուր կը մնար նաեւ Մես­­րոպ Բ. Պատ­­րիար­­քի ջան­­քե­­­րը։ Ան իւ­­րա­­­քան­­չիւր տա­­րի Հոկ­­տեմբեր ամ­­սուն, երբ կը մօ­­տենար Սրբոց Թարգման­­չաց Տօ­­նը, խորհրդակ­­ցութեան կը հրա­­ւիրէր սա­­նուց միու­­թիւննե­­րը եւ իր կար­­գին առա­­ջարկներ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէր Թարգման­­չաց Շա­­բաթի հա­­մար։ Սա­­կայն ափ­­սո­­­սան­­քով կը տես­­նէր թէ միու­­թիւննե­­րու վա­­րիչ­­նե­­­րը մե­­ծաւ մա­­սամբ ան­­հա­­­ղորդ կը մնա­­յին իր այդ առա­­ջարկնե­­րուն։ Թե­­րեւս այդ էր պատ­­ճա­­­ռը, որ Մես­­րոպ Սրբա­­զան նկա­­տի ու­­նե­­­նալով հայ դպրո­­ցի փո­­խարէն օտար վար­­ժա­­­րան­­ներ յա­­ճախող երի­­տասարդնե­­րը, նա­­խաձեռ­­նեց «Երիտ» անու­­նով նոր հար­­թա­­­կի մը կազ­­մութեան։ Անցնող տա­­րինե­­րու փոր­­ձը պար­­զեց թէ կղե­­րի հո­­վանիին ներ­­քեւ հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւն երա­­զելն ալ ապար­­դիւն մնա­­լու դա­­տապար­­տո­ւած է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ