Արցախի վիրաւոր արծիւը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

«Մահ չի­­­մացեալ մահ՝ մահ իմա­­­ցեալ ան­­­մա­­­­­­­հու­­­թիւն»։ Այս էր խո­­­րագի­­­րը Անդրա­­­նիկ Ար­­­շա­­­­­­­կեանի Ար­­­ցա­­­­­­­խեան առա­­­ջին պա­­­տերազ­­­մէն ետք գրի առած յու­­­շագրու­­­թիւննե­­­րու հա­­­տորին։ Ար­­­շա­­­­­­­կեան մի առ մի այ­­­ցե­­­­­­­լած էր պա­­­տերազ­­­մի ըն­­­թացքին զո­­­հուած զի­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րու եւ քա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րու տու­­­նե­­­­­­­րը։ Հա­­­րազատ­­­նե­­­­­­­րէն եւ ամե­­­նամ­­­տե­­­­­­­րիմ­­­նե­­­­­­­րէն լսած էր անոնց մա­­­հուան դրո­­­ւագ­­­նե­­­­­­­րը։ «Աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի լծո­­­ւած օրե­­­րուս մա­­­զերուս մէջ հա­­­մարեա սպի­­­տակ թել չկար, իսկ աւար­­­տին մա­­­զերս բո­­­լորո­­­վին ճերմկած էին» պատ­­­մած էր մեր զրոյցնե­­­րէն մէ­­­կու ըն­­­թացքին։

Այս ան­­­գամ մեր սե­­­ղանին դրո­­­ւած է 44 օրեայ պա­­­տերազ­­­մի մա­­­սին վկա­­­յու­­­թիւններ բե­­­րող նոր հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւն մը՝ «Վի­­­րաւոր Ար­­­ծի­­­­­­­ւը»։ Գիր­­­քի հե­­­ղինա­­­կը՝ Տե­­­միր Սէօն­­­մէզ հայ ար­­­մատներ ալ ու­­­նե­­­­­­­ցող թուրքիացի քիւրտ մըն է, որ իբ­­­րեւ ան­­­կախ ֆո­­­թոլ­­­րագրող կ՚ապ­­­րի ու կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տի Զո­­­ւիցե­­­րիա, ուր ստա­­­ցած է նաեւ այդ երկրի քա­­­ղաքա­­­ցիու­­­թիւնը։ Լսե­­­լով 27 Սեպ­­­տեմբեր 2020 թո­­­ւակա­­­նի առա­­­ւօտեայ ժա­­­մերուն Ար­­­ցա­­­­­­­խի տա­­­րած­­­քին ուղղեալ լայ­­­նա­­­­­­­ծաւալ յար­­­ձա­­­­­­­կումնե­­­րը, Տե­­­միր Սէօն­­­մէզ կ՚որո­­­շէ եր­­­թալ Ար­­­ցախ ու պա­­­տահած­­­նե­­­­­­­րէն իրա­­­զեկ դարձնալ հա­­­մաշ­­­խա­­­­­­­րային հա­­­սարա­­­կու­­­թիւնը։

Հա­­­մավա­­­րակի պար­­­տադրած սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կումնե­­­րու պայ­­­մաննե­­­րուն տակ հա­­­զիւ 22 Հոկ­­­տեմբեր թո­­­ւակա­­­նին է որ կը յա­­­ջողի ճամ­­­բորդել դէ­­­պի Երե­­­ւան։ Զո­­­ւարթնոց օդա­­­կայա­­­նի մէջ զինք կը դի­­­մաւո­­­րէ մեր սի­­­րելի բա­­­րեկամ Ռաֆ­­­ֆի Հեր­­­մոն։ Իս­­­կոյն կը դի­­­մեն Ար­­­ցա­­­­­­­խի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան Երե­­­ւան­­­յան ներ­­­կա­­­­­­­յացուցչու­­­թիւն, վի­­­զա ստա­­­նալու հա­­­մար։ Ապա Սէօն­­­մէզ կ՚ու­­­ղո­­­­­­­ւի դէ­­­պի Ստե­­­փանա­­­կերտ։

«Վի­­­րաւոր Ար­­­ծիւ»ը հա­­­յերէն եւ անգլե­­­րէն երկլե­­­զու գիրք մըն է, ուր տեղ գտած են ֆո­­­թոլ­­­րագրո­­­ղի բազ­­­մա­­­­­­­թիւ լու­­­սանկար­­­նե­­­­­­­րը։ Լու­­­սանկար­­­ներ՝ որոնք կը նկա­­­րագ­­­րեն 44-օրեայ պա­­­տերազ­­­մի ցնցիչ ապ­­­րումնե­­­րը, յատ­­­կա­­­­­­­պէս խա­­­ղաղ բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րու ապ­­­րումնե­­­րէն դրո­­­ւագ­­­նե­­­­­­­րով։

Հա­­­տորի սկիզ­­­բին տե­­­ղադ­­­րո­­­­­­­ւած է Ար­­­ցա­­­­­­­խի պատ­­­մութեան մա­­­սին հա­­­կիրճ տե­­­ղեկու­­­թիւն։ Երկրորդ բա­­­ժինը կ՚ընդգրկէ Տե­­­միր Սէօն­­­մէ­­­­­­­զի վկա­­­յու­­­թիւննե­­­րը եւ մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թիւննե­­­րը։ Անոր առա­­­ջին տպա­­­ւորու­­­թիւնը պա­­­տերազ­­­մի ծա­­­ւալին կը վե­­­րաբե­­­րի։ Հա­­­յերը ոչ միայն ազե­­­րինե­­­րու, այլ ՆԱ­­­ԹՕ-ի երկրորդ հզօր բա­­­նակին՝ Թուրք Զի­­­նեալ Ու­­­ժե­­­­­­­րու եւ անոնց Սու­­­րիայէն բե­­­րած ճի­­­հատա­­­կան ահա­­­բեկիչ­­­նե­­­­­­­րու դէմ պաշտպա­­­նեցին իրենց եր­­­կի­­­­­­­րը։ Հե­­­ղինա­­­կը կը փո­­­խան­­­ցէ նաեւ ժո­­­ղովուրդի ապ­­­րած մեծ հիաս­­­թա­­­­­­­փու­­­թիւնը, քա­­­նի որ գեր­­­պե­­­­­­­տու­­­թիւններ դի­­­տումնա­­­ւոր կեր­­­պով ան­­­տե­­­­­­­սած են գոր­­­ծադրո­­­ւած ռազ­­­մա­­­­­­­կան յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րը։ Աւե­­­լին, հա­­­մաշ­­­խա­­­­­­­րային հա­­­սարա­­­կու­­­թիւնը տա­­­րուած էր Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի ապա­­­տեղե­­­կատո­­­ւու­­­թե­­­­­­­նէն, ըստ որու պա­­­տերազ­­­մը ծա­­­գած էր Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի յար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մով։ Թրքա­­­կան լրա­­­տու գոր­­­ծա­­­­­­­կալու­­­թիւննե­­­րը պա­­­տերազ­­­մի տե­­­ւողու­­­թեամբ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեցին այս սու­­­տը, մին­­­չեւ որ Ալիեւ ինք ան­­­ձամբ դրժէր իր իսկ ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցած պնդու­­­մը։

Խիստ հե­­­տաքրքրա­­­կան ակ­­­նարկնե­­­րով լե­­­ցուն այս հա­­­տորի էջե­­­րէն իրա­­­զեկ կը դառ­­­նանք այնպի­­­սի տե­­­ղեկու­­­թիւննե­­­րու, որոնք ցարդ չեն լսուած այլ աղ­­­բիւրնե­­­րէ։ Օրի­­­նակի հա­­­մար օտար լրագ­­­րողնե­­­րու իջե­­­ւանած «Ար­­­մե­­­­­­­նիա» հիւ­­­րա­­­­­­­նոցի անձնա­­­կազ­­­մը պա­­­տերազ­­­մէ ետք հե­­­ռացած է Ստե­­­փանա­­­կեր­­­տէ։ Անոնց բաց թո­­­ղած ծա­­­ռայող­­­թիւնը եւ սպա­­­սար­­­կութիւ­­­նը կա­­­տարե­­­լու հա­­­մար կա­­­մաւոր եղած են ԼԿՊԹ ան­­­հատնե­­­րը, որոնց յա­­­տուկ շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն կը յայտնէ Տե­­­միր Սէօն­­­մէզ, գնա­­­հաատե­­­լով իրենց անձնո­­­ւէր ու ազ­­­գա­­­­­­­սէր աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը։

Պա­­­տերազ­­­մը նաեւ փոր­­­ձի դաշտ է մար­­­դու տե­­­սակը որա­­­կաւո­­­րելու հա­­­մար։ Հոն է որ կը տես­­­նենք խա­­­ղաղու­­­թեան պայ­­­մաննե­­­րու մէջ յո­­­խոր­­­տա­­­­­­­ցող­­­նե­­­­­­­րու, ճա­­­կատի խրա­­­մատ­­­նե­­­­­­­րուն մէջ ինչպէս սմքե­­­լուն։ Կա­­­րելի է հան­­­դի­­­­­­­պիլ ըն­­­կե­­­­­­­րային մի­­­ջավայ­­­րի մէջ առիւ­­­ծի նման մռնչո­­­ղին, ճա­­­կատի վրայ մու­­­կի նման ճչոց ար­­­ձա­­­­­­­կելու երե­­­ւոյթնե­­­րուն։ Կամ ալ ճիշդ հա­­­կապատ­­­կե­­­­­­­րը, սո­­­վորա­­­կան կեան­­­քի մէջ նման յա­­­ւակ­­­նութիւններ չ՚ու­­­նե­­­­­­­նալով հան­­­դերձ, օր­­­հա­­­­­­­սական պա­­­հուն մեծ հե­­­րոսու­­­թիւններ ցու­­­ցա­­­­­­­բերող­­­նե­­­­­­­րուն։

10 Նո­­­յեմ­­­բե­­­­­­­րի զի­­­նադա­­­դարէն ետք լրագ­­­րո­­­­­­­ղը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ իր առա­­­քելու­­­թիւնը այս ան­­­գամ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ։ Թէժ կռիւ­­­նե­­­­­­­րը հան­­­գած են, բայց ցաւն ու կսկի­­­ծը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ հա­­­յոց երկրի մէջ։ Օրեր շա­­­րու­­­նակ ան­­­յայտ կո­­­րած զի­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րու աճիւններ կը յայտնա­­­բերո­­­ւին եւ կ՚ու­­­ղարկո­­­ւին Հա­­­յաս­­­տան։ Այս ան­­­գած թաղ­­­ման արա­­­րողու­­­թիւննե­­­րը, սգա­­­հան­­­դէսնե­­­րը կամ հո­­­գեճա­­­շերը պատ­­­մա­­­­­­­կան վկա­­­յու­­­թիննե­­­րու կը վե­­­րածո­­­ւին Տե­­­միր Սէօն­­­մէ­­­­­­­զի ոսպնեակով։

Ժնե­­­ւի Լու­­­սանկա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րու Միու­­­թեան կող­­­մէ հրա­­­տարա­­­կուած «Վի­­­րաւոր Ար­­­ծիւ»ը Ար­­­ցա­­­­­­­խի 44-օրեայ պա­­­տերազ­­­մի մա­­­սին շատ կա­­­րեւոր վկա­­­յու­­­թիւններ բե­­­րող գործ մը ըլ­­­լա­­­­­­­լով իր ար­­­ժա­­­­­­­նի տե­­­ղը գտած է հայ գրա­­­կան գան­­­ձա­­­­­­­րանին մէջ։ Մե­­­զի կը մնայ շնոր­­­հա­­­­­­­ւորել ֆո­­­թոլ­­­րագրող Տե­­­միր Սէօն­­­մէ­­­­­­­զը, հա­­­մաշ­­­խա­­­­­­­րային հա­­­սարա­­­կու­­­թեան կոյր, խուլ ու համր նկա­­­րագ­­­րին իջե­­­ցու­­­ցած այս հուժկու հա­­­րուա­­­ծին հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ