Այշէնուր Քոլիվար եւ Սիպիլ միասնաբար կ՚երգեն «Լուսի Հատիկ»ը

Պոլսահայ երաժշտական կեանքի մէջ խիստ շահեկան արդիւնք մըն է «Լուսի Հատիկ» երգը եւ այդ երգի զուգահեռ նկարահանուած տեսահոլովակը։ Երկու անուանի մենակատարներ Այշէնուր Քոլիվար եւ Սիպիլ մին համշէնահայերէնով, իսկ միւսը արեւմտահայերէնով մեներգած են Արի Հերկելի յօրինումին վրայ Մհեր Մահիր Էօզքանի եւ Աշոտ Բագրատունիի բառերով հիւսուած երգը։ Այս հրաշալի միասնութեան ետին կայ «Քալան» ընկերութեան ստորագրութիւնը։ Մնացեալը կը լսենք այս մասին կատարուած հաղորդագրութենէն։

Իսթան­­պուլա­­հայ երգչու­­հի Սի­­պիլ, որ երաժշտա­­սէր­­նե­­­րուն ծա­­նօթ է արե­­ւելա­­հայե­­րէն ու արեւմտա­­­հայե­­­րէն եր­­­գե­­­­­­­րու իր գե­­­ղեցիկ կա­­­տարումնե­­­րով, եւ Այ­­­շէ­­­­­­­նուր Քո­­­լիվար, որ եր­­­կար տա­­­րինե­­­րէ ի վեր կ՚ու­­­սումնա­­­սիրէ Սեւ ծո­­­վու արե­­­ւելեան շրջան­­­նե­­­­­­­րու երաժշտու­­­թիւնը, միաս­­­նա­­­­­­­բար կա­­­տարե­­­ցին «Լու­­­սի Հա­­­տիկ» եր­­­գը, որ ար­­­դէն իսկ հրա­­­պարա­­­կուած է թո­­­ւային հար­­­թակնե­­­րու վրայ։

«Լու­­­սի Հա­­­տիկ» եր­­­գի յօ­­­րինու­­­մը կը պատ­­­կա­­­­­­­նի Արի Հեր­­­կե­­­­­­­լի, որ կա­­­տարած է նաեւ գոր­­­ծի­­­­­­­քաւո­­­րու­­­մը։ Եր­­­գի արեւմտա­­­հայե­­­րէն խօս­­­քե­­­­­­­րու հե­­­ղինակն է լի­­­բանա­­­նահայ բա­­­նաս­­­տեղծ Աշոտ Բագ­­­րա­­­­­­­տու­­­նի, իսկ համ­­­շէ­­­­­­­նի բար­­­բա­­­­­­­ռով խօս­­­քե­­­­­­­րը գրա­­­ռած է համ­­­շենցի գրա­­­գէտ Մա­­­հիր Էօզ­­­քան։

Եր­­­գի տե­­­սահո­­­լովա­­­կը պատ­­­րաստո­­­ւած է Էօզ­­­քան Աք­­­սուլա­­­րի ղե­­­կավա­­­րու­­­թեամբ։ «Լու­­­սի Հա­­­տիկ» եր­­­գը, որ արեւմտա­­­հայե­­­րէնով ու համ­­­շէ­­­­­­­ներէ­­­նով մարդկու­­­թիւնը բա­­­րու­­­թեան կը հրա­­­ւիրէ, երաժշտա­­­սէր­­­նե­­­­­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւած է ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութեան ար­­­տադրու­­­թիւնը ստանձնած «Քա­­­լան» երաժշտա­­­կան ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան YouTube-ի ալի­­­քին վրայ։ Եր­­­գը ու­­­նի անգլե­­­րէն , արե­­­ւելա­­­հայե­­­րէն եւ թրքե­­­րէն են­­­թա­­­­­­­գիր թարգմա­­­նու­­­թիւններ, ինչպէս նաեւ ձայ­­­նա­­­­­­­յին նկա­­­րագ­­­րութիւն ու ժես­­­թե­­­­­­­րու լե­­­զուով թարգմա­­­նու­­­թիւն։

Միաւո­­­րելով նոյն լե­­­զուի եր­­­կու տար­­­բեր ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րը, որոնք նոյն տա­­­րած­­­քին ապ­­­րե­­­­­­­լով հան­­­դերձ հե­­­ռու մնա­­­ցած են իրար­­­մէ, եր­­­գը ու­­­շադրու­­­թիւն կը հրա­­­ւիրէ արեւմտա­­­հայե­­­րէնի ու համ­­­շէ­­­­­­­ներէ­­­նի հա­­­րազա­­­տու­­­թեան վրայ, նաեւ կը յի­­­շեց­­­նէ որ այս եր­­­կուքն ալ կը գնա­­­հատո­­­ւին որ­­­պէս ան­­­հե­­­­­­­տաց­­­ման վտան­­­գի տակ գտնո­­­ւող լե­­­զու­­­ներ։

Սի­­­պիլ մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին ճա­­­նաչում կը վա­­­յելէ հայ ժո­­­ղովրդա­­­կան երաժշտու­­­թեան մար­­­զէն ներս կա­­­տարած իր գոր­­­ծե­­­­­­­րով, իսկ Այ­­­շէ­­­­­­­նուր Քո­­­լիվար իւ­­­րօ­­­­­­­րինակ կա­­­տարումնե­­­րով կը մշա­­­կէ Սեւ ծո­­­վու արե­­­ւելեան շրջան­­­նե­­­­­­­րու բազ­­­մամշա­­­կոյթ արո­­­ւես­­­տը։ Անոնք միաս­­­նա­­­­­­­բար յոյ­­­սի ձայ­­­նը կը փո­­­խան­­­ցեն «Լու­­­սի Հա­­­տիկ» եր­­­գին հետ, որ միաժա­­­մանակ գար­­­նան զար­­­թօնքը կը խառ­­­նէ Վար­­­դա­­­­­­­վառի խան­­­դա­­­­­­­վառու­­­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ