Կիզիչ տաքը մահաբեր կը դառնայ

Հետզհետէ կա­յացած է գիտ­նա­կան­նե­րու կան­խա­տեսումնե­րը եւ երկրա­գունդը մատ­նո­ւած՝ ընդհա­նուր ջե­ռուցման մը աւե­րիչ ազ­դե­ցու­թիւննե­րուն։

Յատ­կա­պէս հիւ­սի­սային երկրա­գունդի բո­լոր եր­կիրնե­րը կը տա­ռապին եղա­նակի ան­սո­վոր ջե­ռուցու­մէն։ Կարգ մը եր­կիրներ կ՚ապ­րին իրենց պատ­մութեան ամե­նաթէժ ամա­ռը։ Այս երե­ւոյ­թը իր հետ կը բե­րէ մա­հուան դէպ­քեր յատ­կա­պէս տա­րեց­նե­րու մօտ։

Յա­ւելեալ աղէտ մըն է ան­տառնե­րու հրդեհ­նե­րը, որոնք ըն­դարձակ տա­րածքնե­րու ոչնչաց­ման պատ­ճառ կը դառ­նան։

Այսպէս Թուրքիա, Սպա­նիա եւ Յու­նաստան կ՚ապ­րին ծանր հե­տեւանքնե­րու տե­ղի տո­ւող հրդեհ­ներ։ Երե­ւոյ­թը տար­բեր չէ նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, ուր բժիշկներ յատ­կա­պէս սիրտ-անո­թային հի­ւան­դութիւննե­րէ տա­ռապող­նե­րուն կ՚ազ­դա­րարեն ցե­րեկո­ւայ ժա­մերուն դուրս չի գալ եւ մնալ տու­նը խու­սա­փելով նաեւ լու­սա­մուտնե­րը բա­նալէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ