Քովիտ-19 մեզ հետ է

Քովիտ 19-ի հա­մավա­րակը նոր թափ ստա­ցած է։ Հե­տաքրքրա­կան տար­բե­րու­թիւն մը ըլ­լա­լով նա­խորդ փոր­ձե­րու հետ՝ այս ան­գամ նախ մար­դիկ իրենց շուրջ բո­լորը նկա­տեցին դէպ­քե­րու յա­ճախա­կանու­թիւնը եւ լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւններ հա­զիւ օրեր անց անդրա­դար­ձան ժահ­րի ոս­տումին։ Ըստ երե­ւոյ­թի պիսակա­ձեւ ժահ­րը յատ­կութիւն փո­խած է եւ շատ աւե­լի դիւ­րաւ կը կը փո­խան­ցո­ւի հա­սարա­կու­թեան մէջ։ Դար­ձեալ այս նոր տար­բե­րակի յատ­կութիւն ըլ­լա­լով դէպ­քե­րը աւե­լի նո­ւազ մա­հացու են։ Նոյնպէս հի­ւան­դա­նոց դի­մող­նե­րու թիւն ալ աւե­լի սահ­մա­նափակ մնա­ցած է։ Այս երե­ւոյ­թին մէջ կա­րեւոր գոր­ծօն մըն է նաեւ այն երե­ւոյ­թը, ըստ որու մար­դիկ վա­րակո­ւելու մա­սին վե­րահա­սու կը դառ­նան դե­ղարան­նե­րէ գնո­ւած թես­տե­րու մի­ջոցաւ, որոնց ճշգրտու­թիւնն ալ բա­ւական վի­ճելի է։ Հե­տեւե­լով հա­մաշ­խարհա­յին մա­մու­լին, կա­րելի է ըսել թէ երե­ւոյ­թը հա­մատա­րած է բո­լոր եր­կիրնե­րու հա­մար։

Նմա­նապէս հա­մավա­րակի դէմ գոր­ծադրո­ւող կան­խա­միջոց­նե­րը վե­րացած են ամե­նու­րէք։ Հան­րա­յին փո­խադ­րա­միջոց­նե­րու մէջ հա­զուա­դէպ են դի­մակ կրող­նե­րը։

Մաս­նա­գէտ­ներ նա­խապէս ալ յայ­տա­րարած էին թէ տա­կաւին եր­կար տա­րիներ պի­տի ապ­րինք պսա­կաձեւ ժահ­րի տար­բեր բնոյ­թի յատ­կա­նիշ­ներ ցու­ցա­բերող օրի­նակ­նե­րուն հետ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ