Էրտողան ձեռնունայն վերադարձաւ Թեհրանէն

Թուրքիոյ, Իրա­­նի եւ Ռու­­սիոյ Դաշ­­նութեան նա­­խագահ­­նե­­­րը Թեհ­­րա­­­նի մէջ մէկ­­տե­­­ղուե­­ցան Աս­­տա­­­նայի ձե­ւաչա­­փով։ Թէեւ երեք նա­­խագահ­­նե­­­րու օրա­­կար­­գը կը բաղ­­կա­­­նար տա­­րած­­քաշրջա­­նային խնդիր­­նե­­­րէ՝ բայց Էր­­տո­­­ղան փոր­­ձեց զօ­­րակ­­ցութիւն ձեռք բե­­րել իր երկրի զի­­նեալ ու­­ժե­­­րու դէ­­պի Սու­­րիոյ հիւ­­սի­­­սային հա­­տուա­­ծէն ներ­­խուժե­­լու մա­­սին։

Ծա­­նօթ է որ Էր­­տո­­­ղան երկրէ ներս օրըստ օր ար­­ժեզրկո­­ւած վար­­կը կ՚ու­­զէ ամ­­րացնել երկրի սահ­­մաննե­­րէ դուրս ար­­կա­­­ծախնդրու­­թիւնով մը։ Այդ մա­­սին նախ փոր­­ձեց բա­­ւակա­­նին սրել Յու­­նաստա­­նի հետ Թուրքիոյ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը։ Տրո­­ւած ըլ­­լա­­­լով որ Յու­­նաստան ԵՄ-ի ան­­դամ եր­­կիր է, նման ար­­կա­­­ծախնդրու­­թեան մը հե­­տեւանքնե­­րը բա­­ւական սուղ պի­­տի ար­­ժէին։

Այս տես­­նե­­­լով Էր­­տո­­­ղան իր սլաք­­նե­­­րը ուղղեց դէ­­պի Հիւ­­սի­­­սային Սու­­րիա, ուր նման փոր­­ձի մը հա­­մար պի­­տի կրնար շա­­հագոր­­ծել ահա­­բեկ­­չութեան դէմ պա­­տերազ­­մի պատ­­րո­­­ւակը։

Յի­­շենք որ նման պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւնը յա­­ճախ ըն­­դունե­­լի գտնո­­ւած էր արեւմտեան աշ­­խա­­­հի կող­­մէ, որոնք ընդմիշտ կ՚ար­­դա­­­րաց­­նէին Թուրքիոյ իր սահ­­մաննե­­րու անվտան­­գութեան մա­­սին մտա­­հոգու­­թիւննե­­րը։

Սա­­կայն նոյն պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւնը ըն­­դունե­­լու­­թեան չ՚ար­­ժա­­­նացաւ Թեհ­­րա­­­նի վե­­հաժո­­ղովի ըն­­թացքին։ Թէ Իրա­­նի նա­­խագահ Ռէիսի եւ թէ Փու­­թին շեշ­­տե­­­ցին առ­­կայ խնդիր­­նե­­­րուն բա­­նակ­­ցութիւննե­­րու ճամ­­բով լու­­ծո­­­ւելու վար­­կա­­­ծը։

Փու­­թին իր կար­­գին յայտնեց թէ ահա­­բեկ­­չութեան դէմ պայ­­քա­­­րը նախ պէտք է սկսի ՏԱԻՇ-ի դէմ։ Փու­­թի­­­նի այս խօս­­քե­­­րը պաղ ցնցու­­ղի ազ­­դե­­­ցու­­թիւն գոր­­ծե­­­ցին, քա­­նի որ հա­­մաշ­­խարհա­­յին հա­­սարա­­կու­­թեան հա­­մոզու­­մով այդ ահա­­բեկ­­չա­­­կան բա­­նակը կը վա­­յելէ Թուրքիոյ աջակ­­ցութիւ­­նը։

Էր­­տո­­­ղանի հա­­մար ոչ ձեռնտու եղաւ նաեւ Իրա­­նի Հո­­գեւոր Առաջ­­նորդ Ալի Հա­­մանէ­­յի հետ ու­­նե­­­ցած հան­­դի­­­պու­­մը։ Հա­­մանէյն ալ իր կար­­գին զգու­­շա­­­ցուց Էր­­տո­­­ղանը Իրան-Ատրպէյ­­ճան սահ­­մա­­­նի մա­­սին։ Հա­­մանէ­­յի վե­­րապա­­հու­­թիւնը դէ­­տեր կը վե­­րագ­­րեն Ալիեւի եւ Էր­­տո­­­ղանի յա­­մառօ­­րէն օրա­­կար­­գի բե­­րած Զան­­գե­­­զու­­րի մի­­ջանցքի դէմ կան­­խազգու­­շա­­­ցում մը ըլ­­լա­­­լով։

Հե­­տեւե­­լով այս բո­­լորին կա­­րելի է ըսել թէ Էր­­տո­­­ղան Պայ­­տը­­­նէ եւ Եւոր­­պա­­­կան երկրնե­­րէ վերջ չէ կրցած ապա­­հովել նաեւ Իրա­­նի եւ Ռու­­սիոյ Դաշ­­նութեան աջակ­­ցութիւ­­նը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ