Անպարտելի Զապէլը կը շարունակէ զարմացնել

ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ

Պատահա­կան չէ որ աշ­խարհաս­փիւռ հա­յու­թիւնը իր կազ­մա­կերպչա­կան բուրգի ամե­նավե­րին մա­կար­դակնե­րուն վրայ տե­ղադ­րած է գիրն ու գրա­կանուոթիւ­նը եւ հե­տեւա­բար մա­մու­լը եւ գրատ­պութիւ­նը։ Այդ բուրգի գա­գաթն է եկե­ղեցին, որ հայ ինքնու­թեան հա­սարա­կած յայ­տա­րարը կը հա­մարո­ւի մին­չեւ օրս։ Այդ բար­ձունքի վրայ նոյ­նիսկ դա­ւանան­քա­յին տար­բե­րու­թիւննե­րը իմաս­տա­զուրկ կը դառ­նան։ Հայ Կա­թողի­կէ կամ Աւե­տարան­չա­կան Եկե­ղեցի­ներն ալ նոյն բար­ձունքի վրայ բազ­մած են։ Իրենց կո­չու­մին մէջ շեշ­տո­ւած «հայ» կո­չու­մը զի­րենք կը հա­ւասա­րեց­նէ ամե­նու­րէք։ Գա­գաթէն իջ­նե­լով պի­տի հան­դի­պինք երկրորդ հա­տուա­ծին, որ կը կո­չենք դպրոց։ Ապա պի­տի յա­ջոր­դէ մա­մու­լը եւ գրատ­պութիւ­նը։

Ի՞նչ ըսես որ այս եր­րորդ կա­րեւոր աս­տի­ճանը հետզհե­տէ դար­ձած է ամե­նադիւ­րաւ մեր­ժե­լի եւ ան­տե­սելի յատ­կա­նիշ։ Մինչդեռ մե­րօրեայ պոլ­սա­հայ կեան­քի ամե­նակա­րեւոր ու էական հաս­տա­տու­թիւննե­րէն մէկն է «Արաս» հրա­տարակ­չա­տու­նը։ Իր հիմ­նադրու­թե­նէն այս կողմ անոր տո­ւած մեծ ար­դիւնքը ցա­ւալիօրէն չէ գնա­հատո­ւած ար­ժա­նի կեր­պով։ Այդ տա­րինե­րու ըն­թացքին «Արաս» ար­դա­րացուց իր անու­նին կցաց «Հայ գրա­կանու­թեան բա­ցուած լու­սա­մուտ» կար­գա­խօսը։

Եթէ գլխա­ւորու­թեամբ պոլ­սա­հայու­թեան, հայ հա­սարա­կու­թիւնը ար­ժա­նի կեր­պով չէ գնա­հատած ու­րա­խալի երե­ւոյթ է, որ թրքե­րէն ըն­թերցող զան­գո­ւածը շատ աւե­լի մեծ ներշնչու­մով դի­մաւո­րած է «Արաս»ի հրա­տարա­կած գոր­ծե­րը եւ հե­ղինակ­նե­րը։ Այ­սօր Թուրքիոյ գրա­սէր հա­սարա­կու­թեան հա­մար հա­րազատ անուններ են Զա­ւէն Պի­պեռեանը եւ Զա­պէլ Եսա­յեանը։ Թատ­րո­նի ոլոր­տէ ներս թրքե­րէն ըն­թերցո­ղը գիւ­տը ըրած է Յա­կոբ Պա­րոնեանի։ Յա­կոբ Մնձու­րիի անու­նը եւ վաս­տա­կը խոր յար­գանքի կ՚ար­ժա­նանայ իր բնօր­րա­նին մէջ։ Պատ­մա­գէտ­ներ մեծ ու­շադրու­թեամբ կը հե­տեւին Ռի­չարտ Յով­հաննի­սեանի կամ Ռո­նալտ Գրի­գոր Սիւ­նիի եւ այ­լոց ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րուն։

Եթէ Իս­թանպու­լի Քա­ղաքա­պետա­րանի թատ­րո­նը բազ­մա­ծախս բե­մադ­րութիւ­նով մը կը ներ­կա­յաց­նէ Պա­րոնեանի «Ատամ­նա­բոյժն Արե­ւելան» թատ­րերգու­թիւնը կամ Պո­ղազի­չի Հա­մալ­սա­րանի թա­տերա­խումբը կը բե­մադ­րէ Զա­պէլ Եսա­յեանի կեան­քէն դրո­ւագ­ներ պա­րու­նա­կող «Զա­պէլ»ը, այս բո­լորը իրա­կանա­ցան «Արաս»ի հրա­տարա­կու­թիւննե­րու շնոր­հիւ։

Թուրքիոյ կնոջ իրա­ւունքնե­րու հա­մար պայ­քա­րող կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը «Արաս»ի գիր­քե­րով ծա­նօթա­ցան այդ ուղղու­թեան վրայ առա­ջին քայ­լե­րուն ձեռ­նարկող հայ ֆե­մինիստնե­րուն։ Այս ան­գամ ներշնչու­մին ար­ձա­գան­գը եկաւ Միացեալ Նա­հանգնե­րէն։ Նո­րա Քայ­սե­րեան հե­ղինա­կած է «Ան­պարտե­լի Զա­պէլը» եւ գրի առած է ման­կա­կան պա­տում մը ըլ­լա­լով։ Լու­սի­նէ Ղու­կա­սեանի հմա­յիչ նկար­նե­րով զար­դա­րուած այս պա­տու­մը դե­ռատի ըն­թերցո­ղին կը ծա­նօթաց­նէ Զա­պէլ Եսա­յեանի ման­կութեան ապ­րումնե­րը։ Գիր­քի հե­ղինա­կը թէեւ ամե­րիկաբ­նակ է, բայց տպագ­րութիւ­նը կա­տարո­ւած է Երե­ւանի «Զան­գակ» հրա­տարակ­չա­տան կող­մէ։

Գի­տենք թէ ման­կա­կան գրա­կանու­թիւնը բո­լոր գրա­կան սե­րերու մէջ ամե­նալուրջ եւ ամե­նապա­տաս­խա­նատուն է։ Այս առու­մով ալ կ՚ար­ժէ գնա­հատել Նո­րա Քայ­սե­րեանի յստակ ու ջինջ արեւմտա­հայե­րէնը, որ դիւ­րին ըն­թերցում մը պար­գե­ւէ դե­ռատի ըն­թերցո­ղին։

Նմա­նապէս գնա­հատե­լի է նկա­րազար­դող Լու­սի­նէ Ղու­կա­սեանի աշ­խա­տու­թիւնը։

Որ­քան ատեն որ «Արաս» հրա­տարակ­չա­տան անձնա­կազ­մը վեր­ջա­կէտ չէ դրած իր առա­քելու­թեան, մենք տա­կաւին յոյ­սով պի­տի սպա­սենք անոնց աշ­խա­տան­քի ար­գա­սիքը տես­նել անսպա­սելի պա­հուն, անսպա­սելի տա­րազով եւ յան­կարծա­կի մտայ­ղա­ցումնե­րով յայտնու­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ