«Երկու երկիր կայ, որ կրնամ ապրիլ, երկուքն ալ պատերազմի մէջ են»

Համայն մարդկութիւնը համաձայնած է պատերազմի կործանիչ հետեւանքներուն մասին։ Այս համաձայնութիւնը ալ աւելի կը շեշտադրուի հայ անհատի համար։ Հայու առաջնահերթութիւնն է իր ընտանիքի անվտանգութիւնը։ Այդ մտատանջութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ գաղթելու գաղափարը։ Ներկայ իրողութեան մէջ կարեւորագոյն բախման դաշտ մըն է Ուքրաինան, որ արեւմտեան երկիրներու գրգռումով ենթարկուեցաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան յարձակումներուն։ Ուքրաինացիք յանկարծակիօրէն յայտնուեցան պատերազմի կրակին մէջ։

Փոխանակ պատերազմի մասին ամբողջական վերլուծումներ ընելու, նախընտրեցինք պատերազմի իրողութեան անհատներու վրայ գործած ազդեցութիւնը նիւթ առնել։ Այս մասին կը լսենք 10 տարեկանին Հայաստանէն ընտանիօք Երեւանէն Ուքրաինա գաղթած Ռուզաննա Նաումենքոյի ապրումները եւ խորհուրդները։

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

2014-ին, երբ Ռու­­սիա առա­­ջին ան­­գամ փոր­­ձեց Ուքրաինան ար­­շա­­­ւել, այդ պա­­հուն չէի մտա­­ծած թէ գոր­­ծե­­­րը այս աս­­տի­­­ճանին կը հաս­­նին։ Այս վեր­­ջին պա­­տերազ­­մին ալ կը կար­­ծէի թէ Քիեւ զերծ կը մնայ այս բա­­խումնե­­րէն։ Դուստրս ու­­թե­­­րորդ դա­­սարա­­նի աշա­­կերտ է։ Ու­­սուցի­­չը դա­­սի պա­­հուն իրենց բա­­ցատ­­րեր է թէ ինչպէս կրնան շտապօգ­­նութեան ծրար պատ­­րաստել։ Դպրո­­ցէն վե­­րադար­­ձին, երբ խօ­­բեցաւ այս տնա­­յին պար­­տա­­­կանու­­թեան մա­­սին, թէ ինք եւ թէ ես ծի­­ծաղած էինք։ Վեր­­ջա­­­պէս քա­­նի մը շիշ ջուր, քա­­նի մը պա­­հածոյ սննդե­­ղէն, մկրատ, վի­­րակապ եւ այլ հիմ­­նա­­­կան նիւ­­թե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցած շտապօգ­­նութեան ծրա­­րը միասին պատ­­րաստե­­ցինք։

24 Փետ­­րո­­­ւարի երե­­կոյեան Քիեւի մէջ լսե­­ցինք հրթիռ­­նե­­­րու ձայ­­նը։ Վա­­խազ­­դու էր։ Պա­­տերազ­­մը թա­­կած էր նաեւ մեր դու­­ռը։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր ամ­­սուն 24-րորդ օրը ին­­ծի հա­­մար դժբախ­­տութիւն կը յու­­շէ։ Որ­­դիս կորսնցու­­ցած էի 24 Նո­­յեմ­­բե­­­րին։ Հրթիռ­­նե­­­րու ձայ­­նը լսե­­լով դար­­ձեալ այդ օրը յի­­շեցի։

Ես աղջկանս հետ կ՚ապ­­րիմ։ Իսկ միւս որ­­դիս մեզ­­մէ եր­­կու շէնք ան­­դին։ Մեր բնա­­կարա­­նը կը գտնո­­ւի 23-րդ յար­­կի վրայ։ Այդ բարձրու­­թե­­­նէն աւե­­լի յստակ կը լսենք հրթիռ­­նե­­­րու ձայ­­նը ու կը տես­­նենք լոյ­­սե­­­րու ճա­­ճան­­չումը։ Իս­­կոյն ճամբռուկ մը պատ­­րաստե­­ցինք եւ ելեկտրա­­կան հո­­սան­­քը կրնայ ան­­ջա­­­տուիլ խոր­­հե­­­լով ներ­­քեւ իջե­­ցու­­ցինք եւ տե­­ղաւո­­րեցինք ինքնա­­շար­­ժի սնտու­­կը։ Վե­­րադար­­ձանք տուն, բայց քնա­­նալ կա­­րելի չէր։ Առա­­ւօտո­­ւայ դէմ ան­­գամ մը եւս ցնցո­­ւեցանք պայ­­թիւնի հուժկու աղ­­մուկով մը։ Որո­­շեցի թէ պէտք է եր­­թանք։ Նախ փոր­­ձե­­­ցի որդւոյս հետ խօ­­սիլ, բայց ան­­հա­­­սանե­­լի էր։ Ապա մայրս փնտռե­­ցի եւ իմաց տո­­ւի որ կու գանք զինք առ­­նե­­­լու։ Նախ դուստրս ինքնա­­շարժ տե­­ղաւո­­րեցի, ապա գա­­ցի որդւոյս տու­­նը։ Պա­­հես­­տի բա­­նալին իմ մօտս էր։ Արթնցու­­ցի զինք եւ մեկ­­նե­­­ցանք մօրս տու­­նը։ Մայրս ալ վերցնե­­լով ուղղո­­ւեցամնք դէ­­պի սահ­­ման։ Ճամ­­բուն Ուքրաինա­­կան Բա­­նակ ծա­­ռայող բա­­րեկամ­­նե­­­րէս մէ­­կը զան­­գա­­­հարե­­լով խոր­­հուրդ տո­­ւաւ որ սահ­­մա­­­նի փո­­խանակ եր­­թանք իր տու­­նը։ Այդ տու­­նը սահ­­մա­­­նի հա­­կառակ ուղղու­­թեան վրայ էր։ Թէեւ ըն­­կե­­­րոջս տու­­նը գա­­ցած էինք, բայց տու­­նէն աւե­­լի մնա­­ցինք շէն­­քի նկու­­ղը, ուր ապաս­­տա­­­նած էին նաեւ բո­­լոր հա­­րեւան­­նե­­­րը։ Նոյ­­նիսկ վտան­­գա­­­ւոր կը թո­­ւէր մեր հա­­գուստ- կա­­պուստը փո­­խելու հա­­մար տուն բարձրա­­նալը։ Քա­­նի մը օր անց տե­­սանք թէ այսպէս շա­­րու­­նա­­­կելը բա­­ւակա­­նին դժո­­ւար է, որո­­շեցի երկրի արեւմտեան հա­­տուա­­ծը մօտ վեց ժամ հե­­ռաւո­­րու­­թեան վրայ, ու­­րիշ քա­­ղաք մը բնա­­կուող բա­­րեկա­­մի մը մօտ եր­­թալ։ Այդ վեց ժա­­մուայ հե­­ռաւո­­րու­­թիւնը հա­­զիւ եր­­կու օրէն աւար­­տե­­­ցինք։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր քա­­ռորդ ժա­­մը ան­­գամ մը կանգ կ՚առ­­նէինք ստուգման կէ­­տի մը մօտ։ Թէեւ գի­­տէինք թէ մեր ոս­­տի­­­կան­­ներն են, բայց ընդմիշտ կ՚ապ­­րէինք «Հա­­պա եթէ ռուս ոս­­տի­­­կան­­նե՞ր են»ի վա­­խը։ Ի վեր­­ջոյ հա­­սանք եւ մին­­չեւ Մա­­յիսի կէ­­սերուն հոն մնա­­ցինք։

11 Մա­­յիսին վե­­րադար­­ձանք Քիեւ։ Մինչ այդ յար­­ձա­­­կումներն ալ բա­­ւակա­­նին նո­­ւազած էին։ Տուն վե­­րադառ­­նա­­­լով լաց եկանք։ Անցնող այդ ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծին եր­­բեք չէ­­տի խնդա­­ցած։ Վախն ու սար­­սա­­­փը կլա­­նած էր մեզ։ Նո­­ւազած էր Քիեւի ուղղեալ յար­­ձա­­­կումնե­­րը եւ մենք մեր տունն էինք։ Սա­­կայն քա­­նի մը ամիս անց, Յու­­լի­­­սի սկիզբնե­­րուն կրկին լսո­­ւեցան հրթիռ­­նե­­­րու ձայ­­նե­­­րը եւ ահա­­զան­­գի ճչոց­­նե­­­րը։ Այս ան­­գամ որո­­շեցի՝ երկրէն պի­­տի հե­­ռանանք։ Մայրս 70 տա­­րեկան է եւ առող­­ջա­­­կան զա­­նազան խնդիր­­ներ ու­­նի։ Որո­­շեց իր վստա­­հած բժիշ­­կին մօտ մնալ։ Որ­­դիս 30 տա­­րեկան է եւ Ուքրաինա­­կան կա­­ռավա­­րու­­թիւնը ար­­գի­­­լած է մար­­տունակ տա­­րիքի տղա­­մարդկանց երկրէ հե­­ռանա­­լը։ Այսպէս ես ու դուստրս Թուրքիա եկանք եւ որո­­շած ենք Օգոս­­տո­­­սի սկիզ­­բին ալ Երե­­ւան մեկ­­նե­­­լու։

Հիւ­­րա­­­բար կ՚եր­­թամ Երե­­ւան։ Իմ տունս Քիեւ է, եւ ես ան­­պայման տուն պի­­տի վե­­րադառ­­նամ։ Իմ շրջա­­պատի բո­­լորն ալ նոյն վճռա­­կամու­­թիւնով, վե­­րադառ­­նա­­­լու կամ­­քով հե­­ռացան Քիեւէն։ Խօսքս մե­­ծահա­­րուստնե­­րու մա­­սին չէ։ Անոնք ուր որ ըլ­­լայ կրնան ապ­­րիլ։ Կա­­յին նաեւ Ուքրաինա­­կան ան­­ցա­­­գիրով Եւ­­րո­­­պական եր­­կիրներ գաղ­­թե­­­լու դի­­մող­­ներ։ Բայց անոնց թի­­ւը միշտ սա­­կաւ էր։ Ինչպէս որ ըսի շա­­տեր վե­­րադառ­­նա­­­լու միտ­­քով հե­­ռացան Քիեւէն։

Տեղ­­ւոյն հայ հա­­մայնքը զա­­նազան մի­­ջոց­­նե­­­րով օգ­­նութեան փու­­թա­­­ցին ուքրաինա­­ցի զի­­նուոր­­նե­­­րուն։

Թէեւ Երե­­ւան ծնած եմ, բայց հոն չեմ կրնար ապ­­րիլ։ Որ­­քան ալ դադ­­րած կ՚երե­­ւի, Հա­­յաս­­տանն ալ պա­­տերազ­­մի մէջ է։ Եր­­կու եր­­կիրներ կան ուր կրնամ ապ­­րիլ եւ եր­­կուքն ալ պա­­տերազ­­մի մէջ են։ Հա­­յաս­­տան, երբ պա­­տերազ­­մի մէջ էր քոյրս կը մտա­­ծէր Քիեւ գա­­լու մա­­սին։ Եկուր տես որ Ուքրաինա յայտնո­­ւեցաւ պա­­տերազ­­մի մէջ ու հի­­մա ես Երե­­ւան կ՚եր­­թամ։ Բայց ինչպէս որ ըսի օր մը ան­­պայման տունս պի­­տի դառ­­նամ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ