Զախոյի ողբերգութիւնը ՄԱԿ-ի օրակարգին

Նախորդ շաբ­թու մէջ, երբ կը պատ­րաստո­ւէինք թեր­թի էջե­րը տպա­րան ուղղար­կե­լու, լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւննե­րը իբ­րեւ վեր­ջին պա­հու զար­գա­ցում կը հա­ղոր­դէին Հիւ­սի­սային Իրա­քի քրտա­կան հա­տուա­ծի Զա­խօ քա­ղաքի մեր­ձա­կայ Փա­րուխ գիւ­ղի մէջ պա­տահած ող­բերգու­թեան մա­սին։ Զբօ­սավայ­րի մը մէջ զո­հուած էին 9 արաբ զբօ­սաշրջիկ­ներ, որոնք օդա­փոխու­թեան եկած էին Պաղ­տա­տէն։ Լրա­հոսը կը շա­րու­նա­կուէր եւ կը պար­զո­ւէր թէ, բա­ցի զո­հուած ինը ան­ձե­րէ կար նաեւ 23 վի­րաւոր­ներ, որոնց 5-ը ծանր վի­ճակի մէջ։

Պայ­թումէն ան­մի­ջապէս ետք Իրա­քի իշ­խա­նու­թիւննե­րը ռմբա­կոծու­թիւնը հաս­ցէագ­րե­ցին Թուրք Զի­նեալ Ու­ժե­րու։ Իս­կոյն մեկ­նարկեց նաեւ դի­ւանա­գիտա­կան գոր­ծընթաց։ Իրա­քի կա­ռավա­րու­թիւնը Թուրքիոյ աւագ դես­պա­նը Արտգործ Նա­խարա­րու­թիւն կան­չե­լով, պա­հան­ջեց որ Ան­գա­րա պաշ­տօ­նական կեր­պով նե­րողու­թիւն խնդրէ եւ իր բա­նակը ետ քա­շէ Իրաքի հո­ղերէն։ Մինչ այդ Իրա­քի վար­չա­պետ Մուստա­ֆա ալ Քա­զըմի ըսաւ որ թնդա­նօթաձ­գութիւ­նը երկրին ինքնիշ­խա­նու­թեան բա­ցայայտ խախ­տում մըն է։ Սպի­տակ Տունն ալ դէպ­քը պա­խարա­կելով յայտնեց որ կը հե­տեւին նոր զար­գա­ցումնե­րուն։ Իրա­քի կա­ռավա­րու­թիւնը խնդի­րը փո­խան­ցած է ՄԱԿ-ի Անվտան­գութեան Խոր­հուրդին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ