Լիւթֆի Քըրտարի ջանքերով երեւան եկաւ Իսթանպուլի բացօթեայ թատրոնը

ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ՝ ԼԱՐԱ ԹԱՇ

Անկաս­­կած որ ցարդ քա­­ղաքա­­պետ Լիւթֆի Քըր­­տա­­­րի ջան­­քե­­­րով բազ­­մա­­­թիւ գոր­­ծեր երե­­ւան եկան, սա­­կայն բո­­լոր ասոնց վրայ աւել­­ցաւ նաեւ Իս­­թանպու­­լի ար­­ժա­­­նավա­­յել բա­­ցօթեայ թատ­­րոն մը, որ 9 Օգոս­­տո­­­սին բա­­ցուե­­ցաւ քա­­ղաքա­­պետա­­կան թա­­տերա­­խումբի կող­­մէ պատ­­րաստո­­ւած Սո­­փոկ­­լէ­­­սի «Իգի­­պոս Ար­­քան» անուն ող­­բերգու­­թիւնով։

Տոքթ. Լիւթֆի Քըր­­տար հա­­կիրճ ու­­ղերձով մը բա­­ցու­­մը կա­­տարեց թատ­­րո­­­նին, որ­­մէ յե­­տոյ սկսաւ ներ­­կա­­­յացու­­մը։

Ար­­ժէ­­­քաւոր բե­­մադ­­րի­­­չը Մուհսին Էր­­թուղրուլ, այս ան­­գամ ալ ջանք չէր խնա­­յած վե­­րոյի­­շեալ ներ­­կա­­­յացու­­մը կա­­րելի եղա­­ծին չափ փայ­­լուն եւ հե­­ղինա­­կին ար­­ժա­­­նավա­­յել գործ մը դարձնե­­լու հա­­մար։

«Իգի­­պոս» ող­­բերգու­­թիւնը դաշ­­նա­­­ւորած էր ծա­­նօթ եր­­գա­­­հան Ճե­­մալ Ռե­­շիտ։

Գլխա­­ւոր դե­­րերը ստանձնած էին Հիւ­­սէ­­­յին Քե­­մալ Կիւրմէն (Իգի­­պոս), Սա­­մի Այա­­նօղ­­լու (Գրէօն), Թա­­լաթ Ար­­թե­­­մել (Քոյր Թհե­­րեսիա), Նեճ­­լա Սեր­­թել (Իօքասթ), Մահ­­մուտ Մօ­­րալը (Լրա­­բեր), Կա­­լիպրճան, Հա­­տի Հիւն, Միւ­­ֆիթ Քի­­բեռ, Քյանի Գըր­­չաք, եւլն...

Ներ­­կա­­­յացու­­մը աւար­­տե­­­ցաւ յա­­ջողու­­թեամբ եւ խան­­դա­­­վառ ծա­­փերու մէջ։ Յետ այ­­սու ամէն Երեք­­շաբթի, Հինգշաբ­­թի, Շա­­բաթ եւ Կի­­րակի գի­­շեր­­նե­­­րը պի­­տի կրկնո­­ւի նոյն ող­­բերգու­­թիւնը։

Կը շնոր­­հա­­­ւորենք Քա­­ղաքա­­պետը իր այս կա­­րեւոր գոր­­ծին հա­­մար եւ կը մաղ­­թենք որ Իս­­թանպուլ ու­­նե­­­նայ նաեւ իր փառ­­քին եւ գե­­ղեց­­կութեան վա­­յել ձմե­­ռային թատ­­րոն մըն ալ, որուն պա­­կասը իս­­կա­­­պէս մեծ ցաւ կը պատ­­ճա­­­ռէ բո­­լորիս։ (Թիւ 16, 15 Օգոստոս 1947)


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ