Սովորական գայթակղութիւն

Քննու­թեան վեր­ջին գայ­թակղու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ պե­տական պաշ­տօ­նէու­թեան անցնե­լու հա­մար կա­տարո­ւած քննու­թեան ըն­թացքին։ KPSS կրճա­տու­մով ծա­նօթ քննու­թեան հար­ցումնե­րուն կա­րեւոր մէկ մա­սը նա­խապէս հրա­պարա­կուած էին եւ առ­կայ պնդումնե­րու հա­մաձայն թեկ­նա­ծու­նե­րուն վա­ճառո­ւած 1000 ԱՄՆ տո­լարով։ Այս լսումնե­րուն օրա­կար­գի գա­լէն ան­մի­ջապէս ետք Հա­մալ­սա­րան­նե­րու Մտից Քննու­թեան Խոր­հուրդի (ÖSYM) նա­խագահ Հա­լիս Այ­կիւն հեր­քումով մը հան­դէս եկաւ ու մեր­ժեց բո­լոր պնդումնեերը։ Գայ­թակղու­թիւնը յստակ էր, հե­տեւա­բար Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հը նախ պաշ­տօ­նի կո­չեց Պե­տական Քննիչ Խոր­հուրդը եւ ապա կէս գի­շերա­յին որո­շու­մով մը պաշ­տօ­նանկ ըրաւ Հա­լիս Այ­կիւնը։

Ընդդի­մադիր­նե­րը այժմ կը պա­հան­ջեն քննու­թեան կրկնու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ