«Միջանցք»ը բերնի ծամօն

Որքան ալ յայ­­տա­­­րարո­­ւի թէ Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու բնա­­կանո­­նաց­­ման գոր­­ծընթա­­ցը կը շա­­րու­­նա­­­կուի առանց նա­­խապայ­­մա­­­նի, զար­­գա­­­ցումնե­­րը կը պար­­զեն թէ թրքա­­կան կող­­մը յա­­ռաջըն­­թա­­­ցի իբ­­րեւ նա­­խապայ­­ման իր ձեռ­­քին մէջ կը պա­­հէ Զան­­գե­­­զու­­րի Մի­­ջանցքի պար­­տադրան­­քը։ «Աս­­պա­­­րէզ» խնդի­­րը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարար­­նե­­­րու Թաշ­­քենթի հան­­դիպման շրջագ­­ծին մէջ։ Չա­­ւու­­շօղլու եւ Պայ­­րա­­­մով խնդի­­րը կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն մի­­ջազ­­գա­­­յին հա­­ղոր­­դակցու­­թեան կա­­պերու ընդլայնման ձե­­ւաչա­­փով։ Միւս կող­­մէ թրքա­­կան «Սա­­պահ» թեր­­թը նա­­խորդ հինգշաբ­­թի օրո­­ւայ հա­­մարով խոս­­տո­­­վանած էր այս նիւ­­թի մէջ թուրք ազ­­գայնա­­կան միտ­­քի դրսե­­ւորու­­մը Զան­­գե­­­զու­­րի Մի­­ջանցք կո­­չուած հա­­տուա­­ծը «Թու­­րա­­­նի Ճամ­­բայ» հա­­մարե­­լով։

Միջ­­պե­­­տական յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու թե­­լադ­­րա­­­ծը եւ թուրք- ազէ­­րիական պա­­հան­­ջա­­­տիրու­­թիւնը իրա­­րու հա­­կասող երե­­ւոյթներ են։ Բո­­լորո­­վին ու­­րիշ բա­­ներ են մարդկանց եւ ապ­­րանքնե­­րու ազատ փո­­խադ­­րութիւ­­նը եւ երկրի մը պե­­տական սահ­­մաննե­­րուն ան­­գոյ հա­­մարո­­ւիլը։ Առա­­ջինը հա­­մաշ­­խարհա­­յին հա­­սկա­­ցողու­­թիւնով ըն­­դունե­­լի է, իսկ երկրոր­­դը բա­­ցար­­ձա­­­կապէս ոչ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ