Տուր աշխարհին խաղաղութիւն

Համաշխար­հա­յին քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րը սրե­լու ձգտու­մի վեր­ջին օրի­նակը եղաւ ԱՄՆ-ի Ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու Տան նա­խագահ Նեն­սի Փե­լոսիի դէ­պի Թա­յուան կա­տարած այ­ցե­լու­թիւնը։

Միջազ­գա­յին դէ­տեր յա­տուկ նպա­տակ­ներ կը վե­րագ­րեն Չի­նաս­տա­նի բա­ւակա­նին խիստ ազ­դա­րարու­թիւննե­րը ան­տե­սելով կա­յացած այս այ­ցե­լու­թեան։ Հե­ռաւոր Ասիայի այս հա­տուա­ծին մէջ ան­լուծե­լի մնա­ցած խնդիր­նե­րէն մէկն է «Ամ­բողջա­կան Չի­նաս­տան» ըն­կա­լու­մը։ Արեւմտեան եր­կիրներ Ի դա­րու տե­ւողու­թեամբ յա­տուկ ջանք վատ­նե­ցին այդ հո­ղամա­սի մէջ բե­ւեռա­ցու­մը առ­կայ պա­հելու հա­մար։ Այդ նպա­տակով շա­հագոր­ծե­ցին մերթ Ֆոր­մո­զայի թե­րակղզին, մերթ Հոն­քոնկը եւ ներ­կայ օրի­նակով ալ Թա­յուա­նը։ Հա­մատա­րած կար­ծի­քի հա­մաձայն այս բո­լորի ետին Չի­նաս­տա­նի հա­մաշ­խարհա­յին տնտե­սու­թեան մէջ ստանձնած դե­րակա­տարու­թիւնը կայ։ Այդ ոլոր­տէ ներս Չի­նաս­տան Միացեալ Նա­հանգնե­րու գլխա­ւոր մրցա­կիցն է, որու ար­տադրու­թեան կա­րողու­թիւնը, այդ մրցակ­ցութեան մէջ ալ աւե­լի ետ­կը մղէ ԱՄՆ-ի շա­հերը։

Թե­րեւս այս է որ դի­ւանա­գիտա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը նոր պա­տերազմ մը սկսե­լու նե­րուժ կ՚ու­նե­նայ։ Ար­դա­րեւ երեք­շաբթի օր արա­ր աշ­խարհ շունչը բռնած կը հե­տեւէր Նեն­սի Փե­լոսին փո­խադ­րող ինքնա­թիռի վայ­րէ­ջին։ Վայ­րէջքը տե­ղի ու­նե­ցաւ Չի­նաս­տա­նի օդա­յին ու­ժե­րու կոր­ծա­նիչ ինքնա­թիռ­նե­րու սպառնացման ներքեւ։ Յայ­տա­րարո­ւած ծրագ­րի հա­մաձայն Փե­լոսի հան­դի­պումներ պի­տի ու­նե­նայ Թա­յուա­նի նա­խագա­հին հետ եւ ելոյթ պի­տի ու­նե­նայ Խորհրդա­րանի ամ­պիոնէն։

Նման լա­րուա­ծու­թիւն մըն ալ ապ­րուեցաւ Եւոր­պա­յի կեդ­րո­նին, Քո­սովո­յի եւ Սեր­պիոյ մի­ջեւ։

Պալ­քա­նիան թե­րակղզիի այս եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ ցարդ չէ հաս­տա­տուած վերջնա­կան հա­մերաշ­խութիւն մը։ Սեր­պիա կը մեր­ժէ Ճանչնալ Քո­սովո­յի ան­կա­խու­թիւնը։ Բայց ան­դին կը գոր­ծէ ան­կախ պե­տակա­նու­թիւն կեր­տե­լու յստակ քայ­լեր։ Այստեղ եւս օրա­կար­գի կու գայ ազ­գե­րու ինքնո­րոշ­ման իրա­ւունքը եւ սահ­մաննե­րու պահ­պանման սկզբունքը։ Երե­ւոյթ մը՝ որ յա­րափո­փոխ է իւ­րա­քան­չիւր օրի­նակի հա­մար։ Քո­սովո­յի կա­ռավա­րու­թիւնը վեր­ջերս որո­շումներ կա­յացու­ցած էր ան­ցա­գիր­նե­րու եւ անոր հետ կա­պուած ինքնա­շար­ժի հա­մար­նե­րուն մա­սին։ Այս որո­շու­մը սպառ­նա­լիք մըն էր Քո­սովօ բնա­կող սեր­պե­րու հա­մար։ Այդ լա­րուա­ծու­թեան հե­տեւան­քով հնչող ճչոց­նե­րը սար­սա­փի նոր ալիք գո­յացու­ցին ար­դէն մա­հաբեր պա­տերազ­մով փոր­ձո­ւած հա­սարա­կու­թեան մօտ։

Խնդի­րը առ այժմ դուրս եկած է հրա­տապ ըլ­լա­լէ, քա­նի որ Քո­սովօ որո­շու­մի գոր­ծադրու­թիւնը յե­տաձ­գած է։

Թուրքիոյ Սու­րիոյ հիւ­սի­սային հա­տուա­ծը իբ­րեւ թէ անվտան­գութեան պատ­րո­ւակ­նե­րով ար­շա­ւելու պատ­րաստու­թիւնը եւս յե­տաձ­գո­ւած է հա­մաշ­խարհա­յին ու­ժե­րու առար­կութիւննե­րուն դի­մաց։ Սա­կայն նա­խագահ Էր­տո­ղան կը շա­րու­նա­կէ յի­շեց­նել «Գի­շեր կը յան­կարծ կրնամ գալ» եր­գը, իբ­րեւ սպառ­նա­լիք իր շուրջբո­լորին։

Եթէ յի­շենք թէ ԱՄՆ ո՛չ միայն Չի­նաս­տա­նի, այլ Իրա­նի դէմ ալ կը շա­րու­նա­կէ լա­րուա­ծու­թիւն ստեղ­ծող քա­ղաքա­կանու­թիւն, կա­րելի է պնդել թէ աշ­խարհ տնտե­սական զա­նազան անել­նե­րու հե­տեւան­քով դէմ յան­դի­ման մնա­ցած է կոր­ծա­նիչ նոր պա­տերազ­մի մը վտան­գին դի­մաց, որ սո­վորա­բար կ՚անո­ւանո­ւի Հա­մաշ­խարհա­յին Գ. անու­նով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ