Զանցառութիւններով հասանք վերջակէտին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Երբ հետզհե­տէ կը մօ­տենանք յօ­դուա­ծաշար­քին աւար­տին կ՚ու­զեմ վեր­ջին ակ­նարկով մը վե­րադառ­նալ ածա­կան­նե­րու նիւ­թին։ Ինչպէս նշած էի, միու­թե­նական կեան­քի մէջ հնչող ածա­կան­նե­րու կա­րեւոր մէկ մա­սը ժա­ռան­գո­ւած է դպրո­ցական ապ­րումնե­րէ։ Այս առ­թիւ Կեդ­րո­նական Վար­ժա­րանի Զ. դա­սարա­նէն դրո­ւագ մը, որ դրոշ­մո­ւած է յի­շողու­թեանս մէջ։ Դա­սապա­հերու մի­ջեւ գոր­ծադրո­ւող 5 վայրկեանի միջ­նա­րար­նե­րը կա­տաղու­թեան պա­հեր էին աշա­կեր­տութեան հա­մար։ Այ­լանդա­կու­թեան նո­պայ մը կը տի­րէր դա­սարա­նէն ներս ու անի­մաստ աղ­մուկով մը կը դնդար դպրո­ցի առա­ջին յար­կը, ուր տե­ղադ­րո­ւած էին երեք դա­սարան­ներ։ Խեղճ հսկի­չը կը մտնէր այդ երե­քէն մէ­կը եւ հոն որո­շակի զսպո­ւածու­թիւն կը տի­րէր։ Նոյն պա­հուն միւս եր­կու դա­սարան­նե­րը կար­ծես պի­տի կոր­ծա­նին։ Այդպի­սի պահ մըն էր, երբ դա­սարա­նի ամե­նաբա­րի ու պար­կեշտ աշա­կերտնե­րէն հա­մարո­ւող Յա­րու­թիւնը եւս տա­րուե­ցաւ ժխո­րի հրա­պոյ­րէն եւ կող­քի ըն­կե­րոջ հաս­տա­փոր «աղ­տո­տի տետ­րակ»ը վերցնե­լով ետե­ւի նստա­րան­նե­րէն շպրտեց դէ­պի գրե­տախ­տակ։ Աղ­տո­տի տետ­րա­կի դե­ղին էջե­րը այնպէս մը բա­ցուե­ցաւ որ, այդ կար­ճա­տեւ ճամ­բորդու­թեան ըն­թացքին, մեր սի­րելի ըն­կե­րը չկրցաւ զսպել իր չա­րու­թեան պատ­ճա­ռած ու­րա­խու­թիւնը եւ աղա­ղակեց՝ «Ուչթիիի՜», այ­սինքն թռաւ պո­ռալէն։ Մեր այ­սօ­րուայ սի­րելի Զա­տիկ Վար­դա­պետ Պա­պիկեան, այդ պա­հուն ան­շուշտ չէր գի­տեր թէ իր ձայ­նով կը կեր­տէ սե­փական ածա­կանը ու այդ պա­հէն ետք եր­կար տա­րիներ պի­տի յի­շուի Ուչթի ածա­կանով։ Այ­սօր ալ զինք կը յի­շենք իբ­րեւ «Ուչթի հայր սուրբ »։

Այդ նոյն տա­րիէն մնա­ցած ածա­կան մըն է նաեւ «Բզէզ»ը։

Վե­րեւ յի­շուած հսկիչն էր դա­սարա­նի ամե­նափոք­րա­կազմ մեր ըն­կե­րոջ՝ Նու­պար Սա­րըյուրթի վզին փաթ­թո­ւելով «Հի­մա պի­տի խեղ­դեմ քեզ բզէզ» պոռչտու­քը եւս դրոշ­մո­ւած է մեր յի­շողու­թեան մէջ։ Նու­պար Սա­րըյուրթ Ուչթիի նման մին­չեւ օրս դա­սըն­կերնե­րուն կող­մէ կը յի­շուի Բզէզ ածա­կանով։

Յօ­դուա­ծաշար­քը կ՚ու­զեմ աւար­տին բե­րել միու­թե­նական կեան­քի մէջ խոր հետ­քեր թո­ղած Ռաֆ­ֆի Արաք­սը յի­շատա­կելով։ Ռաֆ­ֆի ալ Սի­րակ Ար­մա­նի նման իր հօր՝ աւագ սե­րունդի կար­կա­ռուն դէմ­քե­րէն բժիշկ Հեր­մոն Արաք­սի թե­լադ­րանքով սկսած էր յա­ճախել միու­թիւն։ Ան միու­թեան եր­դի­կին տակ շու­տով գտաւ իրեն հա­մար հե­տաքրքրու­թիւն պատ­ճա­ռող դաշ­տեր։ Ռաֆ­ֆի Արաքս օժ­տուած էր բեմի շնոր­հով։ Բա­ցի այդ բնազ­դով հա­մար­ձակ էր ու չէր վա­րաներ իր միտքն ու խօս­քը հրա­պարա­կելէ։ Թէեւ դպրո­ցական տա­րինե­րուն այդ հա­մար­ձա­կու­թիւնը բա­ւակա­նին սուղ ար­ժած էր իրեն հա­մար։ Դպրո­ցի իւ­րա­յատուկ կար­գա­պահու­թեան պար­տադրան­քը դժո­ւար տա­նելի էր Ռաֆ­ֆիի հա­մար։ Միու­թեան մէջ գտած էր շատ աւե­լի ազատ մի­ջավայր, ուր ինք եւս զար­գա­ցու­ցած էր, թէ խօսք ածե­լու եւ թէ իր հան­ճա­րը դրսե­ւորե­լու մի­ջավայ­րը։ Ան օժ­տո­ւած էր նաեւ կազ­մա­կերպչա­կան շնոր­հով։ Իր շնոր­հիիւ «Մար­մա­րա» թեր­թի էջե­րուն վրայ լոյս տե­սան «Մենք Նոր Սե­րունդ» խո­րագ­րեալ միտ­քե­րը։

Ռաֆֆն Արաք­սի կեան­քի ու­ղին ալ ըն­թա­ցաւ իր բնազ­դին հա­մապա­տաս­խան կեր­պով։ Որոշ ժա­մանակ Փա­րիզի մէջ լրագ­րո­ղու­թիւն ընե­լէ ետք ան­ցաւ Հա­յաս­տան։ Շար­ժանկա­րի ոլոր­տէ ներս իբ­րեւ օգ­նա­կան աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ անո­ւանի բե­մադ­րիչ Հեն­րիկ Մա­լեանի հետ։ Այդ տա­րինե­րուն ծա­նօթա­ցաւ իր տիկ­նոջ Սիլ­վա­յի հետ։ Կրկին վե­րադար­ձաւ Փա­րիզ ու լծո­ւեցաւ լրագ­րո­ղի աշ­խա­տան­քին։ Ի վեր­ջոյ հա­սաւ պա­հը ու վճռեց թէ այսքան պանդխտու­թիւնը բա­ւարար է։ Վե­րադար­ձաւ Պո­լիս եւ իր վա­ղեմի բա­րեկա­մի անո­ւանի հրա­տարա­կիչ Ռա­կըպ Զա­րաքօ­լուի թե­լադ­րանքով ստանձնեց Կղզիաց Քա­ղաքա­պետի տե­ղակա­լի պաշ­տօ­նը։

Ռաֆ­ֆին ինք պատ­կե­րալից կեր­պար ըլ­լա­լով եր­բեք չու­նե­ցաւ զինք բնու­թագրող ածա­կան մը։ Ափ­սոս որ շատ կա­նուխ հրա­ժեշտ տո­ւաւ իր սի­րելի­ներու ու մե­զի մնաց թո­ղած յի­շատա­կով մխի­թարո­ւիլ։

Գի­տեմ որ այս հանգրո­ւանին իսկ տա­կաւին շատ բան կայ պատ­մե­լու ար­ժա­նի կամ շատ անձնա­ւորու­թիւններ, որոնք զան­ցա­ռած եմ, բայց այս պա­հուն կը հար­կադրո­ւիմ վեր­ջա­կէտ մը դնե­լու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ