Մահ՝ ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի

Պոլսահայ անո­ւանի ճար­տա­րապետ Նշան Եաղու­պեան մա­հացաւ 94 տա­րեկան հա­սակին։ Ան վեր­ջերս կը դար­մա­նուէր Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցին մէջ։

Ծնած էր 1928-ին Քա­տըգիւղ Եէլ­տե­ղիր­մե­նի թա­ղի մէջ։ Էս­քի­շեհի­րէն գաղ­թած հա­մեստ ըն­տա­նիքի մը չորս զա­ւակ­նե­րէն կրտսե­րագոյնն էր։ Քոյ­րե­րուն նման ինք ալ տա­ռապե­ցաւ թո­քախ­տէ, որու հե­տեւան­քով հար­կադրո­ւեցաւ Կեդ­րո­նական Վար­ժա­րանի ու­սումը կի­սատ թո­ղուլ։

Ապա շա­րու­նա­կեց ու­սումը եւ յա­ջողե­ցաւ Իս­թանպու­լի Թեք­նիկ Հա­մալ­սա­րանի ճար­տա­րապե­տական բաժ­նի ար­ձա­նագ­րո­ւիլ։ Շրջա­նաւարտ ըլ­լա­լէ ան­մի­ջապէս վերջ Ար­ման Կիւ­րան եւ Յա­րու­թիւն Վա­փոր­ճեանի հետ գրա­սենեակ մը բա­ցաւ Ճի­հան­կի­րի մէջ։ Կար­ճա­տեւ այդ ըն­կե­րու­թե­նէ ետք Եաղու­պեան Վա­փոր­ճեանի հետ միասին Փե­րայի մէջ նոր գրա­սենեակ մը բա­ցաւ։ Անոր առա­ջին իրա­գոր­ծո­ւած նա­խագի­ծը եղաւ Վա­լիքո­նաղը փո­ղոցի վրայ «Սիւմպիւլ Ափարթման»ի շի­նու­թիւնը։ 1954-55-ին կա­ռու­ցո­ւած շէն­քի առանձնա­յատ­կութիւնն էր ճա­կատի որմնա­քան­դակնե­րը որոնց հե­ղինակն էր անո­ւանի քան­դա­կագործ Գուզկուն Աճար։

1956 թո­ւին Էնիս Քոր­թան, Յա­րու­թիւն Վա­փոր­ճեան եւ Աւե­րինոս Ան­տո­նեատի­սի հետ մաս­նակցե­ցան Սա­քարիա քա­ղաքի կա­ռավա­րական­ շէնքի մրցու­մին ու նո­ւաճե­ցին առաջ­նութիւ­նը։

Յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն Եաղու­պեան 69 ան­ջատ ճար­տա­րապե­տական մրցումնե­րու ըն­թացքին վեց ան­գամ յա­ջողե­ցաւ առաջ­նութիւ­նը նո­ւաճե­լու։

Եաղու­պեանի մրցա­նակա­ւոր բո­լոր նա­խագիծ­նե­րը շի­նու­թեան վե­րածուած են։

Ան 1959-1970 տա­րեթի­ւերուն օգտուե­լով կրթա­թոշա­կէ մը, ԱՄՆ-ի մէջ շա­րու­նա­կեց իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տու­թիւննե­րը։ Անոնց կար­գին են՝ 11 Սեպ­տեմբեր 2001 թո­ւակա­նին ահա­բեկ­չա­կան ան­նա­խադէպ յար­ձա­կու­մի մը թի­րախը դար­ձած զոյգ աշ­տա­րակ­նե­րու շրջա­կայ­քի շի­նու­թիւննե­րը։

Սա­քարիայի կա­ռավա­րական շէն­քը 1999-ի կոր­ծա­նիչ երկրա­շար­ժէն անվնաս դուրս եկած էր։ Ապա այդ շի­նու­թիւնը քա­ղաքա­պետա­րանի որո­շու­մով փլցո­ւեցաւ։

Եաղու­պեան եւ ըն­կերնե­րը նո­ւաճած էին նաեւ Գո­ճաթե­փէ մզկի­թի մրցու­մը։ Սա­կայն կազ­մա­կեր­պիչնե­րը փո­խանակ առաջ­նութիւն նո­ւաճած նա­խագ­ծին հա­մաձայ­նե­ցան աւե­լի աւան­դա­կան ոճի մը վրայ։

Ար­դի ճար­տա­րապե­տական դպրո­ցի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րէն հա­մարո­ւող Եաղու­պեան Թուրքիա վե­րադառ­նա­լէ ետք Պոլ­սոյ հայ հա­մայնքի ի նպաստ նա­խագիծ­ներ հե­ղինա­կեց։ Անոնց կար­գին են Գա­տըգիւ­ղի Սուրբ Թա­գաւոր Եկե­ղեց­ւոյ շրջա­պատի շի­նու­թիւննե­րը եւ Գալ­ֆա­յեան Որ­բա­նոցի յա­ւելեալ հա­տուած­նե­րը։

Նշան Եաղու­պեանի կեան­քը եւ գոր­ծը նիւթ դարձաւ Ադոմ Շաշ­կա­լի պատ­րաստած վա­ւերագ­րա­կան ժա­պաւէ­նի մը։

Ծ. -Նշան Եաղու­պեանի կեն­սագրու­թեան մա­սին տե­ղեկու­թիւննե­րը քա­ղուած են Տոքթ. Էվին Էրի­շի «Եափը» պար­բե­րակա­նի մէջ հրա­տարա­կուած յօ­դուա­րէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ