Զօրակցութիւն Այթէն Էօզթիւրքի

Մարդու Իրա­­ւունքնե­­րու Միու­­թեան Իս­­թանպու­­լի մաս­­նա­­­ճիւ­­ղի մէջ 10 Օգոս­­տո­­­սին տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ քաղ­­բանտար­­կեալ Այ­­թէն Էօզ­­թիւրքի հետ զօ­­րակ­­ցութեան ձօ­­նուած մամ­­լոյ ժո­­ղով մը։ Ժո­­ղովին ներ­­կայ գտնո­­ւեցաւ Թուրքիոյ ձա­­խակող­­մեան շար­­ժումէն զա­­նազան կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններ։

Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու Իս­­թանպու­­լի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Իւ­­միթ Էֆէ 412 օրե­­րէ ի վեր տնա­­յին կա­­լան­­քի դա­­տապար­­տո­­­ւած Այ­­թէն Էօզ­­թիւրքի հի­­ւան­­դա­­­նոց եր­­թա­­­լուն իրա­­ւունքէն ան­­գամ զրկո­­ւելը նշեց։

Հան­­րա­­­ծանօթ երգչու­­հի Փը­­նար Այ­­տընլար ալ յայտնեց­­ թէ Իպ­­րա­­­հիմ Քայ­­փակքա­­յայի օրի­­նակէն մեկ­­նե­­­լով շատ լաւ գի­­տեն այս երկրի մէջ տան­­ջանքնե­­րու դա­­ժան գոր­­ծադրու­­թիւնը։

Էօզ­­թիւրքի իրա­­ւապաշտպան Տո­­ղա Ին­­ճէ­­­սու ալ ըն­­թերցեց իր պաշտպա­­նեալի ղրկած պատ­­գա­­­մը։

Այ­­թէն Էօզ­­թիւրք Ան­­գա­­­րայի գաղտնի մէկ խու­­ցին մէջ բեր­­ման են­­թարկո­­ւելով եր­­կա­­­րատեւ տան­­ջանքնե­­րու մատ­­նո­­­ւած էր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ