Ընտրութեան թուականը կը մօտենայ անորոշութիւններով

Երբ հետզհե­տէ կը մօ­տենայ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թիւննե­րու թո­ւակա­նը, կը լսենք նոր առար­կութիւննե­րով դա­տարան դի­մելու դէպ­քեր։ Այդ առու­մով առա­ջին օրի­նակը հան­դի­սացաւ Պէ­յօղ­լո­ւի Թա­ղական Խոր­հուրդի նոր կա­նոնագ­րի չե­ղարկման պա­հան­ջով Խորհրդակ­ցա­կան Ատեան դի­մու­մը։ Նման բնոյ­թով դա­տարան դի­մելու կը պատ­րաստո­ւի նաեւ հա­մայնքի ծա­նօթ փաս­տա­բան­նե­րէն Սե­պուհ Աս­լանկիլ։ Ան ալ իր կար­գին կը նշէ թէ պար­տադրո­ւած կա­նոնագ­րով թրքա­հայ հա­մայնքի ձեռքբե­րումնե­րը կը վե­րանան։ «Անար­դա­րու­թեան դէմ հա­մակեր­պի­լը անըն­դունե­լի է, հե­տեւա­բար ստի­պուած ենք մեր իրա­ւունքնե­րը օրէն­քի շրջագ­ծին մէջ պաշտպա­նելու»։

Միւս կող­մէ Օր­թա­գիւ­ղի Թա­ղական Խոր­հուրդն ալ ան­տե­սելով նոր կա­նոնագ­րի թե­լադ­րանքնե­րը, ընտրու­թիւնը նեղ սահ­մա­նի մէջ, միայն 800 ընտրող­նե­րով անցկաց­նե­լու հա­մար դի­մում կա­տարած է Վա­քըֆ­նե­րու Տնօ­րէնու­թեան։ Օր­թա­գիւ­ղի Թա­ղակա­նու­թիւնը իր այս որո­շու­մին դէմ կա­յացած դժգո­հու­թեան դի­մաց հար­կադրո­ւեցաւ ետք քայլ ընե­լու։

Յայտնի է որ առա­ջին օրէն իսկ գո­նէ նոյ­նիսկ ձե­ւական կեր­պով հա­մայնքի միաս­նութիւ­նը խորհրդան­շող ԷՐ­ՎԱՊ-ի նիս­տե­րէն խու­սա­փող­նե­րը հի­մա ալ իրենց աթո­ռը պա­հելու հա­մար պի­տի դի­մեն ինքնա­կամ ու ինքնա­կոչ քայ­լե­րու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ