Վիճայարոյց դարձաւ Ռուս Խաղաղապահներու առաքելութիւնը

Արմէնփրէ­սի հա­ղոր­դումնե­րով կա­րելի է ըսել թէ շա­բաթա­վեր­ջին եւս հայ-ատրպէյ­ճա­նական սահ­մա­նին վրայ կա­ցու­թիւնը լա­րուած մնաց։ Արե­ւելեան հա­տուա­ծին մէջ տե­ղակա­յուած մար­տա­կան դիր­քին մէջ, 6 Օգոս­տո­սի երե­կոյեան, թշնա­միի կրա­կոց­նե­րէն վի­րաւո­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թեան N զօ­րամա­սի պար­տա­դիր ժամ­կէ­տային զի­նուոր, շար­քա­յին Նո­ւէր Գէոր­գեան։ Այս մա­սին կը տե­ղեկաց­նեն Հա­յաս­տա­նի պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թե­նէն՝ նշե­լով, որ զի­նուո­րին կեան­քը վտան­գո­ւած չէ։

Աւե­լի ուշ, Ռու­սիոյ պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը հաս­տա­տեց Գե­ղար­քունի­քի մար­զի Սոթ­քի հա­տուա­ծին մէջ, Ատրպէյ­ճա­նի զի­նուած ու­ժե­րուն կող­մէ զի­նադա­դարի դրու­թեան խախ­տումը։ Ռու­սիոյ պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թեան տա­րածած հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ կ՚ըսո­ւի, որ 6 Օգոս­տո­սին, ռու­սա­կան խա­ղաղա­պահ զօ­րախումբի պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան գօ­տիին մէջ՝ Գե­ղար­քունի­քի մար­զի Սոթք շրջա­նին մէջ, Ատրպէյ­ճա­նի զի­նուած ու­ժե­րուն կող­մէ ար­ձա­նագ­րո­ւած զի­նադա­դարի խախ­տումին պատ­ճա­ռով վի­րաւո­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի զի­նուած ու­ժե­րու զի­նուոր մը։

7-8 Օգոս­տոս լուսցող գի­շերը եւ առա­ւօտեան էական մի­ջադէ­պեր չեն ար­ձա­նագ­րո­ւած սահ­մա­նին վրայ, սա­կայն լա­րուած վի­ճակը տի­րական է։

Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թե­նէն տե­ղեկա­ցու­ցին, որ Ար­ցա­խի եւ Ատրպէյ­ճա­նի զի­նուած ու­ժե­րու շփման գի­ծի որոշ հա­տուած­նե­րու մէջ, Ատրպէյ­ճա­նի զի­նուած ու­ժե­րու ստո­րաբա­ժանումնե­րը խախ­տե­ցին զի­նադա­դարի պահ­պանման դրու­թիւնը՝ կի­րար­կե­լով հրաձ­գա­յին զի­նատե­սակ­նե­ր։

Ըստ նա­խարա­րու­թեան՝ ռու­սա­կան զօ­րակազ­մի միջ­նորդու­թեամբ կը շա­րու­նա­կուին աշ­խա­տանքնե­րը իրա­վիճա­կի հե­տագայ կա­յու­նացման ուղղու­թեամբ։

Նա­խարա­րու­թիւնը նաեւ հեր­քեց Ատրպէյ­ճա­նի պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թեան տա­րածած հա­ղոր­դագրու­թիւնը, ըստ որուն, Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան պաշտպա­նու­թեան բա­նակի ստո­րաբա­ժանումնե­րը խախ­տե­ցին զի­նադա­դարի պահ­պանման դրու­թիւնը՝ շեշ­տե­լով, որ ասի­կա իրա­կանու­թեան չի հա­մապա­տաս­խա­ներ։

Նշենք որ 9 Նո­յեմ­բեր 2020-ի եռա­կողմ յայ­տա­րարու­թիւնով կնքո­ւած զի­նադա­դարը յա­ճախ խախ­տե­ցաւ Անրպէյ­ճա­նի զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րով։ Վեր­ջին ոտնձգու­թիւննե­րէ ետք Հա­յաս­տա­նի մէջ հար­ցա­կանի տակ դրո­ւած է Ռուս Խա­ղաղա­պահ զօր­քի առա­քելու­թիւնը։ Մին­չեւ օրս Խա­ղաղա­պահ­նե­րու հրա­մանա­տարու­թիւնը դի­տոր­դի դիր­քէն դուրս չէ եկած։ Այս երե­ւոյ­թը կաս­կա­ծի տակ կը դնէ ար­ցա­խահա­յու­թեան անվտան­գութիւ­նը երաշ­խա­ւորե­լու ակնկա­լու­թիւննե­րը։ Ի մաս­նա­ւորի Ար­ցա­խը Հա­յաս­տա­նի կա­մուրջով Լա­չինի տա­րած­քի մա­սին Ատրպէյ­ճա­նի սպառ­նա­լիք­նե­րը կ՚ապա­ցու­ցեն թէ յա­ռաջի­կայ օրե­րը դար­ձեալ ծան­րա­բեռ­նո­ւած են ռազ­մա­քաղա­քական լուրջ խնդիր­նե­րով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ