Հողը նորօրեայ ոսկին է, ցորենը՝ նորօրեայ քարիւղը

ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Ռուս-Ուքրա­նական շա­րու­նա­կուող պա­տերազ­մը, ինչպէս գի­տենք, ար­դէն եր­կուստեք տաս­նեակ հա­զարա­ւոր զո­հեր, մի­լիոնա­ւոր տե­ղահա­նուած­ներ եւ գաղ­թա­կան­ներ պատ­ճա­ռած է, մա­նաւանդ Ուքրա­նիոյ կող­մին։ Տե­ղահա­նուած­նե­րը հսկա­յական նիւ­թա­կան բեռ են, ան­կասկած, ար­դէն իսկ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու ահ­ռե­լի ծախ­սե­րուն տակ կքած Ուքրա­նիոյ պե­տու­թեան հա­մար, իսկ դրա­ցի Եւ­րո­պական եր­կիրնե­րուն հա­մար, որոնք ստի­պուած եղած են ըն­դունե­լու գաղ­թա­կանա­կան այդ ալիք­նե­րը, եթէ այ­սօր զգաց­նել չեն տար սուր բա­ցասա­կան հե­տեւանքնե­րը, հե­տագա­յին անոնք ան­խուսա­փելի պի­տի ըլ­լան։ Այդ գաղ­թա­կան­նե­րը կրնան աշ­խա­տու­ժի շու­կան ողո­ղելով՝ նո­ւազեց­նել մի­ջին աշ­խա­տավար­ձը, որ պատ­ճառ կրնայ դառ­նալ ըն­կե­րային ցնցումնե­րու, արեւմտեան Եւ­րո­պական շարք մը եր­կիրնե­րու մէջ։

Աշ­խա­տավար­ձի նո­ւազեց­ման զու­գա­հեռ, ան­խուսա­փելի է նաեւ բնա­կարան­նե­րու վարձքե­րու բարձրա­ցու­մը, են­թարկո­ւելով առա­ջար­կի եւ պա­հան­ջարկի շու­կա­յական օրէն­քին։ Այս վեր­ջի­նի ազ­դե­ցու­թի­նը ար­դէն իսկ զգա­լի եղած է Հա­յաս­տա­նեան շու­կա­յին վրայ, ուր ռու­սե­րու հաս­տա­տուե­լով, բնա­կարան­նե­րու վարձքե­րը զգա­լի բարձրա­ցում ար­ձա­նագ­րե­ցին, թե­րեւս նաեւ իրենց ներ­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով օտար դրա­մանիշ­նե­րու ար­ժոյթը ան­կում ար­ձա­նագ­րեց, որ իր կար­գին պատ­ճառ դար­ձաւ ներ­կա­յի զգա­լի սղա­ճին։

Այս պա­տերազ­մին քա­րիւ­ղը եւ կա­զը Ռու­սե­րու կող­մէ իբ­րեւ ճնշու­մի մի­ջոց օգ­տա­գոր­ծո­ւեցան արեւմտեան եր­կիրնե­րու դէմ, զա­նոնք ստի­պելու հրա­ժարիլ Ուքրա­նիոյ նե­ցուկ կանգնե­լէ, որ ցարդ չէ իրա­կանա­ցած եւ անոնք կը շա­րու­նա­կեն նե­ցուկ կանգնիլ անոր, սա­կայն ակնյայտ է, որ այդ զոյգ ու­ժա­նիւ­թե­րը որ­քան ռազ­մա­վարա­կան ար­ժէք ու­նին։

Քա­րիւ­ղի եւ կա­զի փո­խարէն, հա­ւանա­բար, մօ­տիկ ապա­գային, ար­դի ար­հեստա­գիտու­թիւնը կա­րենայ այ­լընտրան­քա­յին ու­ժա­նիւ­թի աղ­բիւրներ գտնել, մո­լորա­կի պէտ­քե­րը բա­ւարա­րելու հա­մար, սա­կայն, ինչպէս բա­ւարա­րել աշ­խարհի երե­սին յա­րաճուն կեր­պով բազ­մա­ցող մարդկու­թեան սնունդի եւ ջու­րի պա­հան­ջը։ Այդ սպառ­նա­լիքը ի յայտ եկաւ, երբ ներ­կա­յիս դէմ յան­դի­ման եկանք, դար­ձեալ նոյն պա­տերազ­մին պատ­ճա­ռով, ռու­սե­րու կող­մէ ցո­րենի պա­շար­նե­րու ար­տածման վրայ դրո­ւած ար­հեստա­կան ար­գելքնե­րուն։

Ար­դա­րեւ, ցո­րենի եւ հա­ցահա­տիկ­նե­րու շտե­մարան նկա­տուող Ուքրա­նիայէն եւ Ռու­սիայէն ար­տա­ծումնե­րու նո­ւազե­ցու­մը, իրենց շղթա­յական ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­ցան ամ­բողջ աշ­խարհի սպա­ռողա­կան զամ­բիւղին վրայ, թէ՚ գնա­յին եւ թէ քա­նակա­կան առու­մով, իսկ ցո­րեն ար­տա­ծող կարգ մը այլ եր­կիրներ, դադ­րե­ցու­ցին կամ նո­ւազե­ցու­ցին իրենց ար­տա­ծումնե­րը, ներ­քին սղա­ճը հա­ւասա­րակշռե­լու կամ ար­գե­լակե­լու հա­մար, այնքան՝ որ այս երե­ւոյ­թը կը սպառ­նայ հա­մատարած սո­վի պատ­ճառ դառ­նալ։

Նկա­տի ու­նե­նալով որ մո­լորա­կի բնակ­ջութեան աղ­քա­տու­թեան շե­մին գտնո­ւող զգա­լի շեր­տին հա­մար հա­ցը սնունդի հիմ­նա­կան մասն է, ցո­րենի ար­տածման վրայ դրո­ւած այդ ար­գելքնե­րը ար­դէն իսկ սնունդի ճգնա­ժամ եւ հե­տեւա­բար սղաճ ստեղ­ծած է շարք մը եր­կիրնե­րու մէջ։ Այս երե­ւոյ­թին զու­գա­հեռ՝ կայ նաեւ ու­րիշ պատ­ճառ ցո­րենի գի­ներու աճին։ Մեծ զան­գո­ւածի մը աղ­քա­տու­թեան յաղ­թա­հար­ման պատ­ճա­ռով սննդե­ղէնի յա­ւելեալ սպառ­ման կա­րիք կը զգա­ցուի։ Միայն Հնդկաս­տա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի օրի­նակ­նե­րը բա­ւարար են պատ­կե­րը յստա­կաց­նե­լու հա­մար, որով­հե­տեւ ըստ ՄԱ­Կ-ի վի­ճակագ­րա­կան տո­ւեալ­նե­րուն, Հնդկաս­տա­նի մէջ տաս­նա­մեակ մը առաջ եր­կու հա­րիւր յի­սուն մի­լիոն մարդ բարձրա­ցած է մի­ջին խա­ւի մա­կար­դա­կին եւ նոյնքան ու աւե­լի՝ դրա­ցի Չի­նաս­տա­նի մէջ։

Ցո­րենի, բրին­ձի եւ այլ հա­ցահա­տիկ­նե­րու կտրուկ պա­հան­ջին աւե­լացու­մը իր հետ բե­րած է, բնա­կանա­բար, մշա­կելի հո­ղի սուր պա­կաս եւ եր­կիրներ՝ ինչպէս Չի­նաս­տան, սկսած են վար­ձել կամ գնել հո­ղատա­րածքներ ու­րիշ եր­կիրնե­րէ, ինչպէս Ափ­րի­կէի եւ Ռուսկոյ մէջ։ Հո­ղի սա­կաւու­թեան իրենց բա­ժինը ու­նե­ցան նաեւ վեր­ջին տաս­նա­մեակին ցո­րենի եւ կո­րեկի՝ իբ­րեւ ու­ժա­նիւ­թի աղ­բիւր օգ­տա­գոր­ծումը, գլխա­ւորու­թեամբ Ամե­րիկա­յի Միացեալ Նա­հանգնե­րու։

Մշա­կելի հո­ղերու սա­կաւու­թեան պատ­ճառնե­րէն է նաեւ ներ­կա­յիս շատ տագ­նա­պալի մթնո­լոր­տի ապա­կանու­մը եւ տա­քաց­ման երե­ւոյ­թը, որուն պատ­ճա­ռով մշա­կելի հո­ղերու շատ զգա­լի տա­րածքներ կ՚աղա­կալո­ւին, իսկ ջու­րի աղ­բիւրներ կը ցամ­քին եւ որո­գող գե­տեր կը ցամ­քին, իսկ պատ­մութե­նէն գի­տենք, որ հո­ղի աղա­կալու­մը եւ ջու­րի պա­կասը հին Շու­մե­րական, Մա­յայի եւ այլ քա­ղաքակրթու­թիւննե­րու կոր­ծանման եւ վե­րաց­ման կա­րեւոր գոր­ծօննե­րէն էին։

Ռուս-ուքրա­նական պա­տերազ­մը եւ նշո­ւած միւս ազ­դակնե­րը, մե­զի կը յու­շեն, որ գո­նէ սնունդի պա­րագա­յին, եր­կիրնե­րը պար­տին կա­րելի եղա­ծին չափ ինքնա­բաւ ըլ­լալ եւ այդ նպա­տակին հաս­նե­լու հա­մար, ամե­նայն բա­րեխղճու­թեամբ վա­րուին իրենց հո­ղային եւ ջրա­յին պա­շար­նե­րուն հետ։

Սոյն իրա­վիճա­կը եւ փաս­տե­րը հասկնա­լի դար­ձուցին, որ ներ­կա­յիս, ցո­րենը նո­րօրեայ քա­րիւղն է, իսկ հո­ղը՝ ոս­կին։

Իսկ այդ զոյգ հարստու­թիւննե­րը ինչպի­սի՞ վի­ճակի մէջ են մեր սի­րելի հայ­րե­նիքին մէջ.

Դժբախ­տա­բար՝ ոչ-նա­խան­ձե­լի։ Այ­ցե­լու­թիւն մը ան­տա­ռային տա­րածքներ, գե­տեր, ջրամ­բարներ եւ լի­ճեր ի յայտ կը բե­րեն աղ­բի կոյ­տե­րու առ­կա­յու­թիւնը, հա­մատա­րած թափթփա­ծու­թիւնը եւ վեր­ջա­պէս՝ սե­փական երկրի հան­դէպ սի­րոյ պա­կասը։

Այս երե­ւոյ­թը եթէ բնակ­չութեան մեղքն է, միւս կող­մէ պե­տու­թեան մե­ղաւո­րու­թիւնն է մեր ջրա­յին սուղ եւ թան­կա­գին պա­շար­նե­րուն հան­դէպ ան­հոգ եւ ան­տարբեր, շատ յա­ճախ ալ շա­հադի­տական մօ­տեցու­մի հե­տեւանք։ Այդպէս է Ջեր­մուկի ջրա­յին պա­շար­նե­րու եւ Սե­ւանի նկատ­մամբ քա­ղաքա­կանու­թիւնը կամ անոր բա­ցակա­յու­թիւնը։ Նոյ­նիսկ մայ­րա­քաղա­քին մէջ տե­սանե­լի են Հրազ­դա­նի եւ Գե­տառի ափե­րուն թա­փուող կեն­ցա­ղային աղ­բե­րու գո­յու­թիւնը, երբ ջու­րը ու­րիշ եր­կիրնե­րու հա­մար ռազ­մա­վարա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող հարստու­թիւն է։ Կը բա­ւէ հե­տեւիլ Թուրքիոյ՝ Սու­րիոյ վե­րաբե­րեալ իր ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ, Եփ­րատ եւ Տիգ­րիս գե­տերու օգ­տա­գոր­ծումը իբ­րեւ ճնշման լծակ։ Անոնց ակունքնե­րուն եւ հո­սանքն ի վար քսա­ներ­կու ամ­բարտակ­նե­րու կա­ռու­ցումով՝ Թուրքիա փաս­տօ­րէն որե­ւէ ժա­մանակ առանց ջու­րի կրնայ ձգել թէ՚ Սու­րիան եւ թէ Իրա­քը։ Նոյնն է պա­րագան Նե­ղոսի ջու­րե­րուն, որ­մէ առա­ւելա­գոյնս օգ­տո­ւելու հա­մար միշտ պա­տերազ­մի մը վտան­գը կայ Եգիպ­տո­սի, Սու­տա­նի եւ Եթով­պիոյ մի­ջեւ։

Հա­յաս­տա­նի մէջ, այս թանկ հարստու­թիւննե­րը պահ­պա­նելու եւ անոնց նկատ­մամբ յո­ռի մօ­տեցումնե­րը փո­խելու հա­մար, եր­կար աշ­խա­տանք պէտք է՝ ըն­տա­նիքէն, դպրո­ցէն, պատ­կե­րաս­փիւռէն եւ մա­մու­լէն սկսեալ։ Այդ աշ­խատնքնե­րուն մա­սին ճիշ­դը եւ փոր­ձո­ւածը իմա­նալու հա­մար, կ՚ար­ժէ կար­դալ Իս­րա­յէլա­ցի Սէթ Մ. Սի­կըլի (Seth M. Siegel) Let There Be Water գիր­քը։ Այդ գիր­քէն կը հասկնանք, թէ ինչպէ՚ս Իս­րա­յէլի պէս անա­պատա­յին եր­կի­րէն կա­րելի է ջուր, միրգ եւ բան­ջա­րեղէն ար­տա­ծել դրա­ցի Յոր­դա­նան եւ աշ­խարհի զա­նազան եր­կիրներ։

Մե­զի մնա­ցած այս բուռ մը հո­ղին նկատ­մամբ պար­տինք ցու­ցա­բերել առա­ւելա­գոյն սէր, գուրգու­րանք եւ պաշ­տա­մունք։

Ու­րիշ հայ­րե­նիք չու­նինք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ