Պատրիարք Հայրը դիմեց Հանրապետութեան Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտօղանի

Ն.Ա.Տ.Սա­հակ Բ. Սրբա­զան Պատ­րիարք Հայ­րը 22 Օգոս­տոս 2022-ին գրի առած պաշ­տօ­նագ­րով Հան­րա­պետու­թեան Վսե­մաշուք Նա­խագահ Ռե­ճեփ Թայ­յիպ Էր­տօ­ղանի բարձր նկա­տառ­ման յանձնեց Հա­մայնքա­յին Վա­քըֆ­նե­րու Ընտրու­թեան Կա­նոնագ­րութեան կարգ մը վա­քըֆ­նե­րու վար­չութեանց կող­մէ հա­մայնքի ան­դամնե­րու ընտրե­լու իրա­ւունքը սահ­մա­նափա­կող մեկ­նա­բանու­թիւննե­րէն եւ կի­րառումնե­րու ձեռ­նարկնե­րէն զգա­ցած ան­հանգստու­թիւնը։

Ըստ երե­ւոյ­թի, այս իրա­ւունքի բռնագ­րաւման հա­մայնքա­յին շրջա­նակ­նե­րէ ներս յա­ռաջա­ցու­ցած ան­հանգստու­թիւնը, ստեղ­ծած է վտան­գա­ւոր մի­ջավայր մը, որ կրնայ ընտրու­թիւննե­րու չմաս­նակցե­լու դուռ բա­նալ։

Նա­մակին մէջ ընդգծո­ւած է, որ կա­րելի կ՚ըլ­լայ հար­ցին լու­ծում գտնել այն պա­րագա­յին, երբ Վա­քըֆ­նե­րու Տնօ­րէնու­թիւննե­րու կող­մէ բո­լոր վա­քըֆ­նե­րու վար­չութիւննե­րուն բա­ցայայ­տօ­րէն կը հրա­հան­գո­ւի, որ ըստ կա­նոնագ­րի իւ­րա­քան­չիւր վաք­ֆի վար­չութիւն յետ այ­սո­րիկ շրջա­նային հա­սարա­կաց ընտրո­ղական ցան­կը կը ներ­կա­յաց­նէ որ­պէս իր ընտրո­ղացան­կը։

Ընդգծո­ւած է նաեւ, որ Օր­թա­գիւ­ղի Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին Եկե­ղեց­ւոյ Թա­ղային Խոր­հուրդի նա­խաձեռ­նութիւ­նը ծնունդ տո­ւած է իրա­ւաբա­նական վէ­ճի մը։ Սա դիւ­րաւ կա­րելի կ՚ըլ­լայ լու­ծել, եթէ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թիւնը նոր կա­նոնագ­րութիւ­նը մեկ­նա­բանէ իր բուն ոգիին ու տար­րին հա­մապա­տաս­խան։ Ուստի Ամեն. Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը այս ուղղու­թեամբ խնդրած է Հան­րա­պետու­թեան Վսե­մաշուք Նա­խագա­հին մի­ջամ­տութիւ­նը։

***

Պատ­րիար­քա­րանի կայ­քէ­ջէն ըն­դօ­րինա­կուած այս լրա­տուու­թիւնը մտա­ծել կու տայ թէ որ­քա­նո՞վ ճիշդ է ներ­հա­մայնքա­յին խնդրի մը կար­գա­ւոր­ման հա­մար պե­տու­թեան մի­ջամ­տութիւ­նը խնդրել։

Նախ­քան պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւննե­րը Սա­հակ Արք. Եպսկ. Մա­շալեան դժգո­հու­թիւն յայտնած էր կո­յու­ղիի հո­տերուն մա­սին։ Այդ օր ակ­նարկո­ւածը Պատ­րիար­քա­րանի շրջա­նակ­նե­րու մա­սին էր։ Այ­սօր տես­նե­լով վի­ճայա­րոյց մի այլ թա­ղակա­նու­թեան՝ Պիւ­յիւքտե­րէի Սուրբ Հռիփ­սի­մեան Եկե­ղեց­ւոյ վար­չութեան ալ Օր­թա­գիւ­ղի օրի­նակին հե­տեւե­լու որո­շու­մը ան­վա­րան պի­տի ըսենք թէ այդ քար­շե­լի հո­տը կը բու­րէ բո­վան­դակ հա­մայնքի տա­րած­քին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ