Ռաքել Տինքի նամակը բանտարկեալ Չիղտեմ Մաթերի

Սիրելի Չիղտեմ, հոգիս…

Օտար եր­կիր ապ­րե­լը ին­ծի յար­մար չէ» ըսած էիր։ Դա­տուե­լու հա­մար Գեր­մա­նիայէն եկար, իսկ անոնք քեզ ձեր­բա­կալե­ցին չփախ­չիս ըսե­լով։ Ո՞վ կը վստա­հի այս որո­շումնե­րուն, ո՞վ յար­գանք կը ցու­ցա­բերէ։

Չէինք յու­սար այս պա­տահած­նե­րը։ Ոչ ոք կը յու­սար։ Մինչդեռ մեր բա­րեկամ­նե­րը հա­լածե­ցին, զրպար­տե­ցին։ Ահ­մետ Ալ­թա­նը կը խոր­հիմ, Ահ­մետ Շը­քը, ապա մեր Էօզ­լե­մը, Օս­մա­նը, մեր Պիր­ճա­նը, Թուրքիոյ բո­լոր վիշ­տե­րուն հաս­նող մեր փաս­տա­բան ըն­կերնե­րը՝ Սել­չուք Քօ­զաղաչ­լըն, Խա­ղաղու­թեան Ակա­դեմա­կան­նե­րը, ՀՏՓ-ի քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը, Այ­սէլ Թուղլու­քը։ Տա­կաւին չեմ խօ­սիր Ջու­թա­կիս ըրած­ներնուն հա­մար։ Նո­րէն ալ չէինք յու­սար։

Եղած­նե­րը տես­նե­լով ըլ­լա­լիք­նե­րը են­թադրե­լը շա՞տ դժո­ւար է։ Են­թադրե­լը ու­րիշ բան է, յու­սա­լը ու­րիշ։ Կը խոր­հիմ թէ ԱՔՓ-ի առա­ջին տա­րինե­րուն որ­քան մեծ յոյ­սեր սնու­ցած էինք։ Եւրո­միու­թեան չա­փանիշ­նե­րուն յար­մա­րուե­լու տրա­մադիր կ՚երե­ւար։ Ակա­դեմա­կան­նե­րը, մտա­ւորա­կան­նե­րը, գրող­ներ, գծող­ներ հա­մարեա ամ­բողջ ժո­ղովրդա­վարա­կան հա­սարա­կու­թիւն, մը նե­րառեալ Ջու­թակս ինչ մեծ յոյ­սով կը խրա­խու­սէինք։ Պե­տական բռնու­թեան վե­րանա­լու հա­ւանա­կանու­թիւնը որ­քան ալ յու­սադրիչ էր։ Եւ ամե­նադ­ժո­ւար օրեր­նուս։ Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու ար­մա­տանա­լուն, արդարու­թեան, խօս­քի ազա­տու­թեան որ­քան մեծ կա­րօտ ու­նէինք։ Ան­ցեալի հետ բա­րեխղճօ­րէն առե­րեսո­ւելու շատ ու շատ կա­րիքը կը զգա­յինք։ Տա­կաւին ալ այդպէս է։

Յան­ցա­գոր­ծութիւ­նը յան­ցա­գոր­ծութեան վրայ, մեղ­քը մեղ­քի վրայ բազ­մա­ցաւ։ Ոչ մէ­կուն հետ առե­րեսուեցան եւ ալ աւե­լի ցե­խաթա­թախ եղան։ Ափ­սոս որ ինքնա­գովու­թե­նէ տա­րուե­լով սու­տի մատ­նո­ւեցան։ Դրա­մին ծա­ռան դար­ձան։ Ար­դա­րու­թիւնն ալ, ամօ­թի զգա­ցումն ալ, Աս­տուծմէ վախ­նալն ալ մոռ­ցան։ Ոչ թէ բռնու­թիւնը, այլ բռնա­կալ­նե­րը փո­խուե­ցան։ Նոյ­նիսկ անոնք ալ չեն փո­խուած։ Նոյն մութ ու խա­ւար դէմ­քերն են հրա­պարա­կի վրայ։ Որ­քան գրա­ւիչ է ու­ժը։ Իրենց դա­հիճ­նե­րուն հետ խրախ­ճանքի սե­ղանը նստան։ Հի­նու­մաշ ալ­պոմնե­րուն իրենց դէմ­քե­րը կպցու­ցին։

Սուրբ Գիր­քի մէջ կը հար­ցո­ւի. «Ո՞վ Տէր, ո՞վ կրնայ այ­ցե­լել քու վրա­նը, ո՞վ կրնայ բնա­կիլ քու սուրբ լե­րան վրայ։ Ան­թե­րի կեանք վա­յելո­ղը, ար­դա­րը, ճշմար­տա­խօսը։ Ան որ չի զրպար­տեր։ Ան որ չի վնա­սեր բա­րեկա­մին, հա­րեւա­նին»։

Սի­րելի Չիղ­տեմս, դուն միշտ մեզ հետ էիր։ Քո սրտիդ բա­բախու­մով ջեր­մա­ցու­ցիր մեզ ալ։ Մեր ըն­կե­րը ու բա­րեկա­մը դար­ձար։ Տա­կաւին կը շա­րու­նա­կես ճշմար­տութեան եւ ար­դա­րու­թեան հա­մար պայ­քա­րիլ։ Բո­լոր տու­ժածնե­րուն կող­քին ես, ինչպէս սի­րելի ամու­սինդ Մու­րա­տը, հայրդ եւ սի­րելի մայրդ։

Խո­րապէս ցնցո­ւած ենք։ Զար­մանքով կը դի­տենք «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի դա­տավա­րու­թեան վճիռ­նե­րը։ Չեն յու­սալքո­ւած։ Օրը կը հաս­նի այս չար­խը կը շրջի եւ ար­դա­րու­թիւնը կը կա­յանայ։ Իրո­ղու­թիւնը վաղ թէ ուշ կը պար­զո­ւի։ «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի այդ վսեմ ոգին իրենց ոխա­կալու­թեամբ դա­տի վե­րածե­ցին եւ բա­զում բա­րի կեան­քեր խլե­ցին։ Ջա­հել ջի­վան երի­տասարդնե­րը եւ անոնց ըն­տա­նիք­նե­րը մարմնա­պէս, թէ հո­գապէս վի­րաւո­րեցին։ Պատ­մութիւ­նը պի­տի ար­ձա­նագ­րէ թէ մար­դիկ ին­չու հա­մար բո­ղոքե­ցին, ինչպէս վա­րուե­ցան եւ անոնց ինչ ար­ժա­նի տես­նուեցաւ։ Իրաւ յան­ցա­գոր­ծը յստա­կօրէն պի­տի պար­զո­ւի։

Ոխը եւ ատե­լու­թիւնը միշտ ցաւ կը բե­րէ։ Այս է ճշմար­տութիւ­նը։ Ան­ձը իր մէջ սնու­ցած ցե­ղապաշ­տութիւ­նով, ինքնա­կեդ­րոն մեր­ձե­ցու­մով իր­մէ չե­ղողին դէմ յա­րու­ցած ոխ ու ատե­լու­թիւնով կամ նա­խան­ձով առանց առե­րեսո­ւելու դոյզն իսկ չի կրնար ուղղո­ւիլ։ Կը շա­րու­նա­կէ նոյն սխալ ըն­թացքը։

Մեր հա­յեաց­քը միշտ երկրին լու­սա­ւոր երե­սին ուղղո­ւած է։ Ջու­թակս յու­ղարկո­ւաւո­րելու պա­հուն ալ, «Կէ­զի»ի դի­մադ­րութեան օրե­րուն ալ։ Պի­տի շա­րու­նա­կենք այդ լու­սա­ւոր երե­սին նա­յիլ եւ հոն քու լու­սե­ղէն դէմքդ պի­տի տես­նենք։ Քու եւ քեզ նման պայ­քա­րող բա­րեկամ­նե­րուդ լու­սե­ղէն դէմ­քը եւ բա­րի սիր­տը պի­տի տես­նենք։

Սի­րելի Չիղ­տեմ քու եւ «Կէ­զի»ի դա­տավա­րու­թեան բո­լոր բան­տարկեալ­նե­րու ազատ ար­ձա­կու­մը ան­համբեր սպա­սելով սի­րով ու կա­րօտով կը գրկեմ քեզ։ Ծնունդդ շնոր­հա­ւոր

Ռա­քէլ Տինք

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ