Պէտք է անջատենք ամբոխապաշտ ինքնակալներու հոգեբանութիւնը եւ արձագանգի խուցերը

ՎՈՒՐԱԼ ԷՕԶՏԷՄԻՐ/ԹՈՐՈՆԹՕ

ԹԱՐԳՄԱՆՈՂ։
ԱՐԹՈՒՆ ԿԷՊԷՆԼԻՕՂԼՈՒ

«Զոմ­պի ռամ­կա­վարու­թիւննե­րը», որոնք իբ­րեւ ընտրա­կան քա­ղաքա­կան հա­մակար­գեր, առ­կայ են ձե­ւով, բայց զուրկ էու­թե­նէ, հիմ­նա­կան սպառ­նա­լիք­ներ են հա­մաշ­խարհա­յին ժո­ղովրդա­վարու­թեան հա­մար։ Զոմ­պի ռամ­կա­վարու­թիւնը ճնշու­մի շատ կոշտ ձեւ մըն է, ուր տե­ղի կ’ու­նե­նայ պար­բե­րական ընտրու­թիւններ, բայց վար­չա­կար­գը նոյ­նիսկ չձե­ւաց­ներ, թէ ընտրու­թիւններն ազատ են կամ ար­դար։ Զոմ­պի ռամ­կա­վարու­թիւնը «ընտրա­կան քա­ղաքա­կան հա­մակար­գե­րուն կեն­դա­նի մե­ռեալն է, որ ճա­նաչե­լի է ձե­ւով, բայց զուրկ որե­ւէ նիւ­թէ»։

Զոմ­պի ռամ­կա­վարու­թիւննե­րը տա­րածուած են։ Անոնք տե­ղի կ’ու­նե­նան երկրագունդի հիւ­սի­սի եւ հա­րաւի տա­րած­քին։ Ամ­բո­խապաշտ ինքնա­կալ­նե­րը յա­ճախ կը նպաս­տեն զոմ­պի ռամ­կա­վարու­թիւննե­րու ստեղծման։ Զոմ­պի ռամ­կա­վարու­թիւննե­րու դէմ պայ­քա­րելու հա­մար նախ պէտք է ան­ջա­տենք ամ­բո­խապաշտ ինքնա­կալ­նե­րու հո­գեբա­նու­թիւնը։ Օրի­նակ՝ ինչպէ՞ս կը մտա­ծեն եւ կը զգան ամ­բո­խապաշտ ինքնա­կալ­նե­րը։ Ի՞նչ բան անոնք կ’արթնցնէ կէս գի­շերին։ Ի՞նչ բան անոնք յա­մառա­բար կը մղէ քա­ղաքա­կան իշ­խա­նու­թիւնը պա­հելու։

Ամ­բո­խապաշտ ինքնա­կալ՚ ան­սահման մեղ­րի կառ­չած ճանճ։ Ամ­բո­խապաշտ ինքնա­կալը նման չէ վե­րէն վար իշ­խող աւա­տական կա­ռավար­չի, որու իշ­խա­նու­թիւնը կը փո­խան­ցո­ւի իր ըն­տա­նիքի։ Ամ­բո­խապաշտնե­րը ու­նին ընտրող­նե­րու հիմք, ընտրո­ւած են, բայց պե­տական պաշ­տօ­նէն միշտ չեն հե­ռանար ընտրու­թիւննե­րով։ Ամ­բո­խապաշտ ինքնա­կալ­նե­րը կը շա­հար­կեն ժո­ղովրդա­վարու­թեան գոր­ծա­րանա­յին կար­գա­ւորումնե­րը, կը ջնջեն օրէնսդիր, գոր­ծա­դիր եւ դա­տական իշ­խա­նու­թիւննե­րու առաքելութիւնը։ Կը փոր­ձեն վե­րաշա­րադ­րել սահ­մա­նադ­րութիւննե­րը։ Իրենց նպա­տակն է հան­րա­յին աղ­բիրնե­րը ու բնու­թիւնը անձնա­կան շա­հի հա­մար ար­տա­հանել եւ հա­սարա­կու­թեան միամ­շա­կոյթ թո­ղել։ Ընտրու­թիւննե­րը կորսնցնել եւ պե­տական պաշ­տօ­նը թո­ղել կը նշա­նակէ մե­ղադ­րութիւն իրենց բռնա­կալու­թեան հա­մար։ Բան­տարկու­թեան կամ ի գին ամէն զո­հողու­թեան քա­ղաքա­կան իշ­խա­նու­թեան կառ­չե­լու մի­ջեւ ընտրու­թեան առ­ջեւ կանգնած՝ ամ­բո­խապաշտ ինքնա­կալը կ’ընտրէ երկրոր­դը՝ առա­ջինէն խու­սա­փելու հա­մար։

Ամ­բո­խապաշտ ինքնա­կալը կը նմա­նի ճան­ճին, որ կառ­չած է ան­սահման մեղ­րի (այ­սինքն՝ իշ­խա­նու­թեան), ին­քը կա­րող չըլ­լար հանգստի կո­չուե­լու կամ հե­ռանա­լու քա­ղաքա­կան պաշ­տօ­նէն, եթէ նոյ­նիսկ ցան­կայ։

Ամ­բո­խապաշտ ինքնա­կալ­նե­րու շուրջ վեր­լուծու­թիւննե­րը կեդ­րո­նացած են անոնց ամ­բարտա­ւանու­թեան եւ իշ­խա­նու­թեան մո­լուցքի վրայ։ Ան­շուշտ, անոնք ու­նին ամ­բարտա­ւանու­թիւն եւ կը սի­րեն ան­սահման ուժ։ Բայց ինքնա­կալ­նե­րու ներ­քին մտա­հոգու­թիւնը, իշ­խա­նու­թեան կո­րուստով մե­ղադ­րո­ւելու վա­խը, ամե­նայն հա­ւանա­կանու­թեամբ շատ աւե­լի մեծ նշա­նակու­թիւն կ’ու­նե­նայ իրենց արարքնե­րու հա­մար, քան ամ­բարտա­ւանու­թեանն ու իշ­խա­նու­թեան տեն­չը։ Այս հո­գեբա­նու­թիւնը, որ թաք­նո­ւած է ամ­բո­խապաշտ ինքնա­կալ­նե­րու ու­ժեղ հա­սարա­կական կեր­պարնե­րու յե­տին, մեզ խոր­հիլ կու տայ, որ անոնք, միեւ­նոյն ժա­մանակ, անե­րեւա­կայե­լին երե­ւակա­յով ազատ եւ ար­դար ընտրու­թիւննե­րը կը զո­հեն՝ իրենց իշ­խա­նու­թիւնը պահ­պա­նելու եւ կրցա­ծին չափ եր­կա­րելու հա­մար։

Ի՞նչ պէտք է ընեն ընդդի­մու­թիւնը եւ ռամ­կա­վարու­թան հա­շոյն աշ­խա­տող­նե­րը այն եր­կիրնե­րուն, որ­տեղ կը գոր­ծեն ամ­բո­խապաշտ ինքնա­կալա­կան կա­ռավա­րու­թիւններ, ինչպէս Թուրքիան, Հունկա­րիան, Պրա­զիլը եւայլն։

Նախ՝ մեծ մա­սամբ կեդ­րո­նանա­լով ընտրող­նե­րու ցան­կի եւ ընտրու­թիւննե­րու թո­ւաբա­նու­թեան շուրջ՝ «քո­ւէնե­րու քա­նի՞ տո­կոսը ո՞ր կու­սակցու­թեան բաժ­նին կ’եր­թայ» մտա­ծու­մը բա­ւարար չէ, եւ իրա­պէս սահ­մա­նափակ նշա­նակու­թիւն ու­նի, եթէ ընտրու­թիւննե­րը ազատ ու ար­դար չեն։ Պէտք է շատ աւե­լի մեծ թափ տրուի ընտրու­թիւննե­րուն ազատ եւ ար­դար կա­տարու­մը ապա­հովե­լու աշ­խա­տան­քին։

Երկրորդ, ռամ­կա­վարու­թան հա­շոյն աշ­խա­տող­նե­րը պէտք է պատ­րաստո­ւին ազատ եւ ար­դար ընտրու­թիւննե­րու դէմ սպառ­նա­լիք­նե­րու հա­մար եւ սո­վորա­կանէն դուրս վտանգներն ալ նկա­տի պէտք է առ­նեն։ Ան­ցեալ ժա­մանակ­նե­րուն, ամ­բո­խապաշտ ինքնա­կալ­նե­րը խա­թարու­մի են­թարկած են ազատ եւ ար­դար ընտրու­թիւննե­րը՝ անոնք դիտ­մամբ կազ­մա­կեր­պե­լով ներ­քին եւ մի­ջազ­գա­յին հար­ցե­րուն վե­րաբե­րեալ ըն­կե­րային հա­կամար­տութիւննե­րու հետ միաժա­մանակ։ Թէեւ կա­րեւոր է նկա­տի ու­նե­նալ ընտրու­թիւննե­րու դէմ ուղղո­ւած այս սպառ­նա­լիք­նե­րը, ամ­բո­խապաշտ ինքնա­կալ­նե­րու հո­գեբա­նու­թիւնը միշտ անոնց փնտրել կու տայ ինքնա­պահ­պանման եւ քա­ղաքա­կան իշ­խա­նու­թեան նոր ու­ղի­ներ։

Նա­խազ­գուշա­կան պատ­մութիւն մը ար­դէն հա­սանե­լի է Covid-19-ի հետ կա­պուած փոր­ձա­ռու­թե­նէ։ Հա­մաճա­րակը որոշ եր­կիրնե­րու պատ­րո­ւակ է ըն­ծա­յած իշ­խա­նու­թեան կեդ­րո­նաց­ման հա­մար՝ ծայ­րա­յեղ տի­ժիթալ վե­րափոխ­ման եւ կա­րեւոր հան­րա­յին տա­րածքնե­րու եւ այ­լա­խոհու­թեան ջնջման մի­ջոցով։ Տի­ժիթալ վե­րափո­խումն եւ նո­րու­թիւննե­րը, թէեւ հե­ռան­կարներ կը ներ­կա­յաց­նեն նա­խընտրա­կան քա­րոզար­շաւնե­րու եւ քո­ւէար­կութեան հան­րա­յին մաս­նակցու­թեան բե­րելու հա­մար, միւս կող­մէն կա­րող են հան­գեցնել յա­ւելեալ քա­ղաքա­կան ուժ ինքնա­կալ­նե­րու ձեռ­քին։ Ազատ եւ ար­դար ընտրու­թիւննե­րու հա­մար հան­րութեան եւ ժո­ղովրդա­վարու­թեան դի­տորդնե­րուն անհրա­ժեշտ է տի­ժիթալ տե­ղեկա­տուու­թեան կա­րողու­թիւննե­րու զար­գա­ցում՝ տի­ժիթալ փո­խակեր­պումը զսպե­լու հա­մար, նե­րառեալ քո­ւէնե­րու տի­ժիթալ հա­շուա­կան գոր­ծընթաց­նե­րը։ Տրո­ւած քո­ւէնե­րէ բաղ­կա­ցող պար­կե­րու հսկո­ղու­թիւնը բա­ւարար պի­տի չըլ­լայ տի­ժիթալ ըլ­լա­լով ձե­ւափո­խուած ընտրու­թիւննե­րու պա­րաքա­յին։

Զոմ­պի ռամ­կա­վարու­թիւննե­րու մէջ ար­ձա­գան­գի խու­ցեր

Ար­ձա­գան­գի խու­ցե­րը ապա­տեղե­կատուու­թեան կեդ­րոններ են, իբ­րեւ ըն­կե­րական կա­ռոյցներ՚ հա­մակար­գո­ւած կեր­պով կը խնա­յեն ճշմար­տութիւ­նը իր ան­դամնե­րէ։ Ար­ձա­գան­գի խու­ցի մը բնա­կիչ­նե­րը չեն վստա­հիր ար­ձա­գան­գի խցի­կի դուրսէն ստա­ցուած գի­տելիք­նե­րու եւ անոնց հա­մար միւս հա­մապա­տաս­խան ձայ­նե­րը եւ ճշմար­տութիւ­նը «աշ­խուժօ­րէն կ’ար­տաքսո­ւի եւ կը վար­կա­բեկո­ւի»։ Ար­ձա­գան­գի խու­ցին մէջ ապ­րի­լը կը նմա­նի պաշ­տա­մունքի ան­դա­մակ­ցութեան։ Շատ դժո­ւար է «քա­կել» ար­ձա­գան­գի խու­ցը, երբ այն ձե­ւաւո­րուի, եւ իր ան­դամնե­րը հա­մոզո­ւին ապա­տեղե­կատո­ւու­թիւն ըն­դունե­լու հա­մար։ Որոշ եր­կիրնե­րը ար­ձա­գան­գի խու­ցեր դար­ձած են։

«Միու­թիւն եւ յա­ռաջա­դիմու­թիւն» յանձնա­ժողո­վի ղե­կավար­նե­րէն փո­խան­ցո­ւած փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու միատար­րացման եւ ցե­ղապաշտ ատե­լու­թեան պե­տական նա­խագի­ծը եւ գլխա­ւոր պատ­մութիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի այ­սօր ժա­մանա­կակից Թուրքիոյ մէջ՝ ստեղ­ծե­լով ապա­տեղե­կատո­ւու­թեամբ լի իս­կա­կան ար­ձա­գան­գի խուց։ Մինչ զա­նազան քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւններ եկեր եւ գա­ցեր են քա­ղաքա­կան իշ­խա­նու­թեան վեր­ջին հա­րիւր տա­րուայ ըն­թացքին, միատար­րացման գե­րիշ­խող գլխա­ւոր պատ­մութիւ­նը մնա­ցած է ամուր՝ ժխտե­լով Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը եւ բազ­մա­թիւ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու դէմ բազ­մա­թիւ պատ­մա­կան անար­դա­րու­թիւննե­րը։ «Հո­գեցնցում եւ կա­յու­նութիւն. հա­յերը Թուրքիոյ մէջ» գիր­քին մէջ հե­ղինակ Րաֆ­ֆի Պետ­րո­սեանը կը նշէ. «Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը անոր շա­րու­նա­կու­մը ըսել է»։ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը պէտք է վերջ գտնէ։

Թուրքիան փո­փոխու­թեան տակ է, բայց միատար­­րացման ցե­­ղաս­­պա­­­նական գլխա­­ւոր պատ­­մո­­­ւած­­քը՝ ոչ։ Այս կը դրսե­­ւորո­­ւի յատ­­կա­­­պէս փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու նկատ­­մամբ ճնշումնե­­րով, եւ կեան­­քի բո­­լոր բնա­­գաւառ­­նե­­­րուն՝ առող­­ջա­­­պահու­­թեան, առեւ­­տուրի, հան­­րա­­­յին փո­­խադ­­րութեան մէջ։ Քա­­ղաքա­­կան առաջ­­նորդնե­­րու ռամ­­կա­­­վար կե­­ցուած­­քը հա­­ւատա­­լի չկրնար ըլ­­լալ, մին­­չեւ որ Թուրքիոյ մէջ ան­­ջա­­­տուի ապա­­տեղե­­կատո­­ւու­­թեամբ լե­­ցուած ար­­ձա­­­գան­­գի խու­­ցե­­­րը, եւ միատար­­րացման ցե­­ղաս­­պա­­­նական գլխա­­ւոր պատ­­մութիւ­­նը բա­­ցայայ­­տո­­­ւի բո­­լոր երե­­սակ­­նե­­­րով։ Միայն այդ պա­­րաքա­­յին հնա­­րաւոր է թանձրա­­ցեալ քայ­­լեր նե­­տել դէ­­պի ար­­մա­­­տական, ամուր եւ իրա­­կան ժո­ղովրդա­­վարու­­թեան եւ ազատագրել մեր կեան­քե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ