Գիտաժողով՝ ձօնուած Արաբական ծոցի երկիրներու հայութեան

Հայկազեան Հա­մալ­սա­րանի Հայ­կա­կան Սփիւռքի Ու­սումնա­սիրու­թեան Կեդ­րո­նը նա­խաձեռ­նած է գի­տաժո­ղով մը, որուն նիւթն է արա­­բական ծո­­ցի եր­­կիրնե­­րու հա­­յերը։

12 եւ 13 Դեկ­­տեմբեր թո­­ւական­­նե­­­րուն կա­­յանա­­լիք գի­­տաժո­­ղովի ըն­­թացքին լու­­սարձա­­կի տակ պի­­տի առ­­նո­­­ւին Արա­­բական Միացեալ Էմի­­րու­­թիւննե­­րու Եմէ­­նի, Պահ­­րէյնի, Սէու­­տա­­­կան Արա­­բիոյ, Քա­­թարի, Քու­­վէյթի եւ Օմա­­նի հայ­­կա­­­կան հա­­մայնքնե­­րու կազ­­մութեան վե­­րաբե­­րեալ նիւ­­թեր։ Յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ կ՚առա­­ջար­­կո­­­ւի տո­­ւեալ եր­­կիրնե­­րէ ներս հա­­յերու ներ­­կա­­­յաու­­թեան, հայ­­կա­­­կան բնա­­կավայ­­րե­­­րու, Հայ Առա­­քելա­­կան, Կա­­թողի­­կէ եւ Աւե­­տարան­­չա­­­կան թե­­մերու գոր­­ծունէու­­թիւնը, կրթա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը, մշա­­կու­­թա­­­յին միու­­թիւննե­­րը եւ առ­­հա­­­սարակ ազ­­գա­­­յին կեան­­քը ու­­սումնա­­սիրող ու նկա­­րագ­­րող զե­­կոյցներ։

Նաեւ կա­­րեւո­­րու­­թիւն կ՚ըն­­ծա­­­յուի հայ հա­­մայնքնե­­րու տո­­ւեալ եր­­կիրնե­­րու մէջ ու­­նե­­­ցած դե­­րակա­­տարու­­թեան եւ փո­­խադարձ ազ­­դե­­­ցու­­թիւննե­­րու հե­­տազօտ­­ման ուղղեալ զե­­կոյցներուն։

Հայ­­կա­­­կան Սփիւռքի Ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րու Կեդ­­րո­­­նը գի­­տաժո­­ղովի մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րէն կը խնդրէ մին­­չեւ 30 Սեպ­­տեմբեր ու­­ղարկել իրենց ու­­սումնա­­սիրու­­թեան նիւ­­թին վեր­­նա­­­գիրը եւ նա­­խատե­­սուած բո­վան­­դա­­­կու­­թիւնը։

Աւե­­լի բո­­վան­­դա­­­կալից տե­­ղեկու­­թեան հա­­մար կա­­րելի է դի­­մել կեդ­­րո­­­նի 00961 1 349230 ներ­­քին 205 եւ 00961 3 712058 հե­­ռախօ­­սահա­­մար­­նե­­­րով կամ գրել՝adakessian@haigazian.edu.lb հաս­ցէին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ