Փրկի՞չ թէ կործանիչ, մահ՝ Միխայիլ Կորպաչովի

30Օգոս­­տո­­­սի երե­­կոյեան ժա­­մերուն լրա­­տու գոր­­ծա­­­կալու­­թիւննե­­րը կը հա­­ղոր­­դէին Խորհրդա­­յին Միու­­թեան վեր­­ջին ղե­­կավար Մի­­խայիլ Կոր­­պա­­­չովի մա­­հուան լու­­րը։

Կոր­­պա­­­չովի 1985-1991 թո­­ւական­­նե­­­րու մի­­ջեւ իշ­­խա­­­նու­­թեան շրջա­­նը բա­­ւական վի­­ճայա­­րոյց եղած էր։ Ան Խորհրդա­­յին Միու­­թեան Հա­­մայ­­նա­­­վար Կու­­սակցու­­թեան քար­­տուղա­­րի պաշ­­տօ­­­նը ստանձնե­­լէ ան­­մի­­­ջապէս գտք օրա­­կար­­գի բե­­րաւ «Կլաստնոսդ» եւ «Փէ­­րեսթռոյ­­քա» եզ­­րե­­­րով նկա­­րագ­­րո­­­ւած բա­­րեփո­­խումնե­­րու, մեղ­­մացման եւ թա­­փան­­ցի­­­կու­­թեան ծրար մը։

Իրա­­կանու­­թեան մէջ այս առա­­ջարկնե­­րը ժա­­մանա­­կի պար­­տադրանքն էին, բայց շու­­տով վե­­րածո­­ւեցան ամ­­բողջ հա­­մակար­­գի մը քայ­­քայման գոր­­ծընթա­­ցի։

Արեւմտեան եր­­կիրնե­­րը այս զար­­գա­­­ցումնե­­րը ող­­ջունե­­ցին իբ­­րեւ հա­­մաշ­­խարհա­­յին խա­­ղաղու­­թեան նպաս­­տող քայ­­լեր ըլ­­լա­­­լով։ Այդ մեր­­ձեցման ամե­­նավար դրսե­­ւորու­­մը եղաւ Խա­­ղաղու­­թեան Նո­­պելեան Մրցա­­նակի Մի­­խայիլ Կոր­­պա­­­չովի տո­­ւու­­չութիւ­­նը 1990 թո­­ւակա­­նին։

Միւս կող­­մէ Կոր­­պա­­­չովեան սահ­­մա­­­նափա­­կումներն ալ երկրէ ներս ըն­­կե­­­րային ճգնա­­ժամի հա­­մազօր հե­­տեւանքներ ու­­նե­­­ցան։ Ամե­­նակա­­րեւո­­րը Խորհրդա­­յին միու­­թեան տա­­րան­­ջա­­­տու­­մը բո­­լորո­­վին ան­­պատրաս­­տից երե­­ւոյթ մըն էր միու­­թիւնը ձե­­ւաւո­­րող 15 պե­­տու­­թիւննե­­րու եւ բազ­­մա­­­թիւ ինքնա­­վար հան­­րա­­­պետու­­թիւննե­­րու հա­­մար։

Սպի­­տակի երկրա­­շար­­ժը եւ Ար­­ցա­­­խեան ազա­­տագ­­րա­­­կան շար­­ժումը գրե­­թէ նոյն թո­­ւական­­նե­­­րուն կը զու­­գա­­­դիպէին։ Ար­­դա­­­րեւ Մի­­խայիլ Կոր­­պա­­­ցով ար­­տերկիր կա­­տարած իր այ­­ցե­­­լու­­թիւնը կի­­սատ թո­­ղելով վե­­րադար­­ձաւ աղէ­­տի վայր՝ եր­­բեմնի Լե­­նինա­­կան, այժմու Կիւմրի քա­­ղաքը։ Կիւմրիի շփումնե­­րու ըն­­թացքին Կոր­­պա­­­չով Ար­­ցա­­­խեան հար­­ցի նիւ­­թով շատ լուրջ բա­­նավէճ ու­­նե­­­ցաւ քա­­ղաքա­­ցինե­­րու հետ։ Ապա իր բար­­կութիւ­­նը յայտնեց հայ ժո­­ղովուրդին մե­­ղադ­­րե­­­լով նման աղէ­­տի մը փոր­­ձութեան պայ­­մաննե­­րուն մէջ ան­­գամ Ար­­ցա­­­խեան հիմ­­նա­­­հար­­ցի բարձրաց­­ման համար։ Այդ հան­­դիպման վառ վկա­­յու­­թիւնն է «Կազ24» մակ­­նի­­­շի ինքնա­­շար­­ժի մը առ­­ջեւ Կոր­­պա­­­չովի եւ հայ քա­­ղաքա­­ցիի մը բա­­նավէ­­ճը, ուր եր­­կու խօ­­սակից­­ներն ալ իրենց ցու­­ցա­­­մատ­­նե­­­րը կը թօ­­թուեն իրա­­րու դի­­մաց։ Կար­­ծես այս պատ­­կե­­­րը ան­­գամ բա­­ւարար ըլ­­լար Խորհրդա­­յին Միու­­թե­­­նէ ներս Կոր­­պա­­­չովեան շրջա­­նի բնո­­րոշ խօս­­քի ազա­­տու­­թեան հա­­մար։

Խորհրդա­­յին միու­­թեան տա­­րան­­ջա­­­տու­­մը շատ սուղ ար­­ժեց հա­­մաշ­­խարհա­­յին խա­­ղաղու­­թեան առու­­մով։ Մէկ կող­­մէն ծա­­գեցաւ ազ­­գա­­­միջեան կրիւ­­ներ, իսկ միւս կող­­մէ աշ­­խա­­­տող դա­­սակար­­գը արեւմտեան եր­­կիրնե­­րու մէջ զրկո­­ւեցան իր ար­­ձա­­­նագ­­րած ձեռքբե­­րումնե­­րէն։

Այ­­սօր ալ Կոր­­պա­­­չովի մա­­հուան լու­­րը աշ­­խարհի բո­­լոր եր­­կիրնե­­րէ ներս ինքնա­­բերա­­բար տե­­ղի պի­­տի տայ նոր մեկ­­նա­­­բանու­­թիւննե­­րու։ Ոմանք զինք պի­­տի ող­­ջունեն փտախ­­տի մատ­­նո­­­ւած մարմնի մը դէմ ար­­մա­­­տական մի­­ջամ­­տութիւն ընող արի վի­­րահատ մը ըլ­­լա­­­լով։ Միւս կող­­մէ կա­­րելի չէ այդ հո­­գեհան վի­­րահա­­տու­­թեան հե­­տեւանքնե­­րը ան­­տե­­­սել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ