Երգիծաբան Օտեանէն մանկութեան յուշեր

ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ՝ ԼԱՐԱ ԹԱՇ

Երգիծաբան, լրագ­րող եւ հրա­տարա­կիչ Երուանդ Օտեան վեր­ջերս թրքե­րէնի թարգմա­նուած «Ըն­կեր Բան­չունի», «Ապ­տուլհա­միտ եւ Շար­լոք Հոլմս» գիր­քե­րու եւ «Չար­շը­լը Ար­թին Աղա», «Թշո­ւառը»-ի նման դա­սակա­նացած թա­տրեր­գութիւննե­րով Թուրքիոյ մէջ ալ ծա­նօթ հայ գրա­կանու­թեան կա­րեւոր դէմ­քե­րէն մէկն է։

19 Սեպ­տեմբեր 1869-ին Իս­թանպուլ, Ենիւ­գիւղ ծնած Օտեան տա­կաւին դպրո­ցի տա­րինե­րուն ու­սա­նողա­կան թեր­թը խմբագ­րե­լով սկսած էր գրա­կան աս­պա­րէզին։ Ար­քունի ճար­տա­րապե­տու­թեան մէջ պաշտօն ստանձնած ընտանիքէ մը սերած գրո­ղը փոքր տա­րիք­նե­րուն իսկ գտնո­ւած էր Ֆրան­սա, Իտա­լիա, Ռու­մի­նիա, Յու­նաստան, Հնդկաս­տան եւ Եգիպ­տո­սի նման զա­նազան եր­կիրներ։ Սոր­ված էր բազ­մա­թիւ լե­զու­ներ։ Իր ժա­մանա­կի հայ մտա­ւորա­կան­նե­րու կող­մէ տան մէջ դաս­տիարա­կուած Երո­ւանդ Օտեան վա­յելած էր նաեւ Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան առա­ջին սահ­մա­նադ­րութեան հե­ղինակ­նե­րէն հան­դի­սացող հօ­րեղ­բօր Գրի­գոր Օտեանի հո­վանա­ւորու­թիւնը։

Հա­յերէ­նի բա­զում գրող­նե­րու նման Երո­ւանդ Օտեանի գրա­կան ար­տադրու­թիւնն ալ սկսած է մա­մու­լի մի­ջոցաւ։ Պոլ­սոյ «Հայ­րե­նիք», «Արե­ւելք», «Բիւ­զանդիոն», «Ժա­մանակ», «Ազա­տամարտ» եւ «Նոր Լուր» թեր­թե­րու մի­ջոցաւ սկսող գրա­կան ար­տադրու­թիւնը շա­րու­նա­կուե­ցաւ նաեւ այլ եր­կիրնե­րու մէջ ալ։

Հա­յերէն եր­գի­ծական գրա­կանու­թեան մէջ Յա­կոբ Պա­րոնեանէն ետք յի­շուող առա­ջին անունն է Օտեան։ 1908-1925 թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ գրի առած­նե­րով թէ հա­յոց ազ­գա­յին իրա­կանու­թիւննե­րը, տա­ռապանքնե­րը եւ թէ իր ան­հա­տական ան­պաշտպան կեան­քի դրո­ւագ­նե­րը ցո­լացուց իր ընթերցողներուն։

24 Ապ­րիլ 1915-ին տա­րագ­րո­ւած եւ Տէր Զօ­րի անա­պատէն մա­զապուրծ փրկո­ւած Օտեան կեան­քի մնա­ցեալ տա­րինե­րը ան­ցուցած Գա­հիրէի մէջ մա­հացաւ 3 Հոկ­տեմբեր 1926-ին։ Ստո­րեւ ըն­թերցող­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նենք Օտեանի «Ման­կութեան Յու­շերս» յօ­դուա­ծաշար­քէն հա­տուած մը։

«Ծոյլ, միամիտ եւ մա­նաւանդ բթա­միտ ման­կութիւն մը ու­նե­ցած եմ, ֆի­զիքա­պէս ճզղած, գրե­թէ միշտ հի­ւանդկախ, բայց դէմ­քով սի­րուն։

7-8 տա­րեկան էի, երբ հօ­րեղ­բայրս, Գրի­գոր Օտեան, որ ամու­րի էր ու տղա­քը շատ կը սի­րէր, զիս իր տու­նը առաւ, ուր տա­րինե­րով մնա­ցի, վա­յելե­լով եր­կու հօ­րաքոյրնե­րուս խնամքնե­րը։

Այնչափ կա­պուած էի հօ­րաքոյրնե­րուս, որ երբ մայ­րիկս այ­ցե­լու­թեան զար մե­զի, կ՝եր­թա­յի վեր­նա­յար­կը պա­հուը­տելու, վախ­նա­լով որ զիս հե­տը կը տա­նի։

Այ­բուբե­նը ին­ծի սի­րուե­ցու­ցած է Եւ­փի­մէ հօ­րաքոյրս։ Այնչափ պինդ էր գլուխս, այնչափ դժո­ւար կ՝ըմբռնէի գի­րերը, որ խեղճ հօ­րաքոյրս հո­գին կ՝ել­լէր դաս տո­ւած ժա­մանա­կը, եւ բան սոր­վե­լու մա­սին իմ անըն­դունա­կու­թիւնս տես­նե­լով՚ եր­բեմն նոյ­նիսկ կա­տաղու­թե­նէն կու­լար, ինչ որ չա­փազանց կը յու­զէր զիս, ու ես ալ կը սկսէի ար­ցունք թա­փել։

Ասանկ բան մը չսոր­վե­լով լուսթրա­ճի պի­տի ըլ­լաս, - կ՝ըսէր յա­ճախ։

Այդ հե­ռապատ­կե­րը նախ խրտչե­ցուա­ցած էր զիս, բայց յե­տոյ կա­մաց-կա­մաց վար­ժո­ւած էի եւ ի վեր­ջոյ բո­լորո­վին հա­մակեր­պած։

Ի՞նչ ընեմ, - կ՚ըսէի, լուսթրա­ճի կ՚ըլ­լամ։

Կա­տարեալ տան­ջանք մըն էր ին­ծի հա­մար այ­բուբե­նի դա­սը։ Բա­րեբախ­տա­բար՝ դա­սէն յե­տոյ իբ­րեւ վար­ձատրու­թիւն, մեծ հօ­րաքոյրս ին­ծի կը պատ­մէր եր­կար հե­քեաթ­ներ, որոնց կ՚ունկնդրէի բե­րանա­բաց յափշտա­կու­թեամբ, թէեւ հա­րիւ­րե­րորդ ան­գամն էր որ կը լսէի զա­նոնք ու գրե­թէ գոց գի­տէի ծայ­րէ ծայր։

Եր­կու տա­րի ետք հօ­րեղ­բայրս Եւ­րո­պա գնաց։ Եւ­փի­մէ հօ­րաքոյրս, մայ­րիկս ու ես ըն­կե­րացանք իրեն։

Այս ու­ղե­ւորու­թիւնը որ ինք ամիս տե­ւեց եւ որու մի­ջոցին այ­ցե­լեցինք Փա­րիզի ցու­ցա­հան­դէ­սը, Վի­շի, Նիս, Հռոմ, Նա­փոլի, բնա­կանա­բար խոր տպա­ւորու­թիւն մը թո­ղուց ման­կա­կան երե­ւակա­յու­թեանս վրայ։ Երա­նու­թիւնս կա­տարեալ պի­տի ըլ­լար, եթէ դա­սի մղձա­ւան­ջը կրկին չդառ­նացնէր իմ օրերս։

Այս ան­գամ հա­յերէն չէր, որ ստի­պուած էի սոր­վիլ, այլ ֆրան­սե­րէն։

Հօ­րեղ­բայրս կը պա­հան­ջէր որ օրա­կան հինգ բառ ֆրան­սե­րէն գոց ըսեմ. Պար­տա­ւոր էի այդ հինգ բա­ռերը ամէն իրի­կուն կրկնել իրեն, ճա­շէն ան­մի­ջապէս առաջ։

Հինգ բառ գոց ընե­լը կա­տարեալ տան­ջանք էր ին­ծի հա­մար։ Ժա­մերով՝ երեսս պա­տին դար­ձուած, ծունկի վրայ, օրօ­րուե­լով կը կրկնէի բա­ռերը։ ի վեր­ջոյ կը կար­ծէի որ անոնք մտքիս մէջ լաւ մը տպա­ւորո­ւած են, իսկ երբ զա­նոնք հօ­րեղ­բօրս կրկնե­լու ժա­մը կը հաս­նէր, յան­կարծ կը մոռ­նա­յի։ Ասոր հե­տեւան­քը կ՚ըլ­լար զրկո­ւիլ անու­շե­ղենէ կամ պտու­ղէ։

Իրի­կուն մը դա­սը բնաւ չգիտ­ցայ։

Այս գի­շեր կե­րակուր պի­տի չ՚ու­տես. Անօ­թի պի­տի մնաս. – վճռեց հօ­րեղ­բայրս։

Գի­տէի որ այդ վճի­ռը ան­վե­րաքննե­լի էր, ու հա­մակեր­պե­ցայ անտրտունջ։

Գա­ցինք մեր պան­դո­կին ճա­շարա­նը ու բազ­մե­ցանք հա­սարա­կաց սե­ղանը, հա­րիւ­րա­ւոր ան­ձե­րու հետ։ Ամէն ան­գամ որ սպա­սաւո­րը կե­րակուր կը հրամցնէր ին­ծի, հօ­րեղ­բայրս կը մի­ջամ­տէր, ըսե­լով։

Ոչ, անի­կա պի­տի չ՚ու­տէ։

Իսկ ես, տրտում-տխուր հա­­ւանօ­­րէն կ՚անի­­ծէի Բա­­բելո­­նի աշ­­տա­­­րակը շի­­նող­­նե­­­րը, որոնք՝ լե­­զու­­նե­­­րը բազ­­մա­­­պատ­­կե­­­լով՝ պատ­­ճառ կ՚ըլ­­լա­­­յին այսպէս, որ անօ­­թի մնա­­յի։

Հօ­­րեղ­­բօրս դա­­ժան կեր­­պա­­­րան­­քը, իմ խեղ­­ճուկ վի­­ճակս, հօ­­րաք­­րոջս ի նպաստ ին­­ծի ըրած մի­­ջամ­­տութիւննե­­րը վեր­­ջա­­­պէս ու­­շադրու­­թիւնը գրա­­ւեցին մեր քո­­վը նստած ամե­­րիկա­­ցիի մը եւ իր կնոջ։

Ինչ՞ու այս տղան կե­­րակուր չէք կերցներ. Հի­­ւա՞նդ է ար­­դեօք հար­­ցուց մար­­դը հօ­­րեղ­­բօրս։

Ոչ, հի­­ւանդ չէ, բայց դա­­սը չգիտ­­ցաւ եւ ատոր հա­­մար իբ­­րեւ պա­­տիժ, ճա­­շէն զրկո­­ւած է, պա­­տաս­­խա­­­նեց հօ­­րեղ­­բայրս։

Այս պա­­րագան գայ­­թակղե­­ցուց ազա­­տական ամե­­րիկա­­ցին, որ գո­­չեց.

Ի՞նչպէս կա­­րելի է իբ­­րեւ պա­­տիժ տղայ մը կե­­րակու­­րէն զրկել...

Եւ ահա վի­­ճաբա­­նու­­թիւն մը սկսաւ իրեն եւ հօ­­րեղ­­բօրս մի­­ջեւ, որուն մաս­­նակցե­­ցաւ նաեւ ամե­­րիկու­­հին. Ի վեր­­ջոյ ան խնդրեց որ նե­­րում շնոր­­հո­­­ւի ին­­ծի...

Տիկ­­նոջ խնդրան­­քը ըն­­դունո­­ւեցաւ։

Այն ատեն տա­­սը տա­­րեկան էի, եւ իրաւցնէ ամօ­­թալի էր ին­­ծի հա­­մար չկրնալ օրա­­կան հինգ բառ գոց ընե­­լը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ