Ճամիլա Աֆղանին՝ 2022 թ. «Օրօրա» մրցանակի դափնեկիր

15Հոկտեմ­բե­րի 2022 թ-ին, Վե­նետիկ Սուրբ Ղա­զար կղզի մէջ «Օրօ­րա» հա­մաշ­խարհա­յին մար­դա­սիրա­կան ամե­նամեայ եօթե­րորդ մրցա­նակը շնոր­հո­ւած է ման­կա­վարժ, իրա­վապաշտպան, «Նուռ» կրթու­թեան եւ կա­րողու­թիւննե­րու զար­գացման կազ­մա­կեր­պութեան (NECDO) հիմ­նա­դիր Ճա­միլա Աֆ­ղա­նիին, որ իր կեան­քի 25 տա­րին նո­ւիրած է Աֆ­ղանստա­նի կա­նանց կրթու­թեան հնա­րաւո­րու­թիւն տա­լու գոր­ծին։

Դափ­նեկրի մե­ծարան­քի մի­ջոցա­ռումնե­րը, որոնք կը կրեն բա­րեգոր­ծա­կան բնոյթ, կ՚անցկա­ցուին Իտա­լիայի Վե­նետիկ քա­ղաքը Հոկ­տեմբե­րի 14-16-ին։ Մին­չեւ 2021 թո­ւակա­նի Օգոս­տո­սը «Նուռ» կրթու­թեան եւ կա­րողու­թիւննե­րու զար­գացման կազ­մա­կեր­պութիւ­նը ու­նէր աւե­լի քան 100.000 կին շա­հառու, որոնք ընդգրկուած էին գրա­գիտու­թեան ծրա­գիրե­րուն։ Եւ այս՝ շնոր­հիւ բազ­մա­թիւ հա­մայնքնե­րուն ստեղ­ծո­ւած փոքր կենդրոն­նե­րու, որոնք կը ղե­կավա­րէին կա­նայք։ Կազ­մա­կեր­պութիւ­նը նաեւ իրա­վաբա­նական օգ­նութիւն եւ ըն­կե­րայ-հո­գեբա­նական աջակ­ցութիւն կը տրա­մադ­րէ աւե­լի քան 10.000 կնոջ, որոնք բռնու­թեան են­թարկո­ւած են ըն­տա­նիքի ան­դա­մի կամ զու­գընկե­րոջ կող­մէ։ Ստի­պուած ըլ­լա­լով փախ­չել Աֆ­ղանստա­նէն՝ Ճա­միլան կը շա­րու­նա­կէ օգ­նել միւսնե­րուն՝ ան­կախ հե­ռաւո­րու­թե­նէն։

Երբ թա­լիբ­նե­րը զաւ­թե­ցին երկրի իշ­խա­նու­թիւնը, Ճա­միլա Աֆ­ղա­նին ստի­պուած էր լքել հայ­րե­նիքը, բայց ան եր­բեք չէ հրա­ժարած իր հայ­րե­նակից­նե­րէն։ Այ­սօր ալ անոր կազ­մա­կեր­պութիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ աջակ­ցիլ Աֆ­ղանստա­նի կա­նանց եւ խո­ցելի ըն­տա­նիք­նե­րուն՝ լոյս սփռե­լով կրթու­թեան ան­հա­սանե­լիու­թեան, ըն­տա­նեկան բռնու­թեան եւ այլ ժա­մանա­կակից խնդիր­նե­րու վրայ, որոնց այ­սօր կը բա­խուին կա­նայք։ Միաժա­մանակ ան ֆի­նան­սա­կան օգ­նութիւն կը տրա­մադ­րէ իրա­վապաշտպան­նե­րուն, լրագ­րողնե­րուն եւ փաս­տա­բան­նե­րուն։

Ամէն տա­րի «Օրօ­րա» մար­դա­սիրա­կան նա­խաձեռ­նութիւ­նը կը շնոր­հէ «Օրօ­րա» մրցա­նակը՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը վե­րապ­րողնե­րու անու­նով՝ ի երախ­տա­գիտու­թիւն անոնք փրկող­նե­րուն։ Դափ­նե­կիրը կը ստա­նայ 1.000.000 ԱՄՆ դո­լար պար­գեւ եւ հնա­րաւո­րու­թիւն՝ շա­րու­նա­կելու նո­ւիրա­տուու­թեան շղթան՝ աջակ­ցե­լով կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու, որոնք կ՚օգ­նեն կա­րիքի մէջ գտնո­ւող­նե­րուն։ Որ­պէս 2022 թո­ւի «Օրօ­րա» մրցա­նակի դափ­նե­կիր՝ Ճա­միլա Աֆ­ղա­նին կ՚աջակ­ցի Խա­ղաղու­թեան եւ ազա­տու­թեան կա­նանց մի­ջազ­գա­յին լի­գային եւ «Նուռ» կրթու­թեան եւ կա­րողու­թիւննե­րու զար­գացման կազ­մա­կեր­պութեան։ Խա­ղաղու­թեան եւ ազա­տու­թեան կա­նանց մի­ջազ­գա­յին լի­գան իր ան­դամնե­րու կող­մէ ղե­կավա­րուող մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութիւն է, որ կը ձգտի խթա­նելու հա­մաշ­խարհա­յին խա­ղաղու­թիւն՝ հան­դէս գա­լով յա­նուն զի­նաթափ­ման, բռնու­թեան վե­րաց­ման, կա­նանց իրա­ւունքնե­րու եւ սե­ռային հա­ւասա­րու­թեան։ Իսկ «Նուռ» կրթու­թեան եւ կա­րողու­թիւննե­րու զար­գացման հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւ­նը մար­դա­սիրա­կան աջակ­ցութիւն կը տրա­մադ­րէ Աֆ­ղանստա­նի կա­նանց, երի­տասարդնե­րուն եւ երա­խանե­րուն, անոնց կ՚ըն­ձե­ռէ զար­գացման հնա­րաւո­րու­թիւն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ