Ամիտայի Մարքսական դպրոց

Քարլ Մարքսի վար­­դա­­­պետու­­թի­­­նը մին­­չեւ օրս կը շա­­րու­­նա­­­կէ այժմէական մնալ­­ մարդկա­­յին պատ­­մութեան եւ յատ­­կա­­­պէս ալ ըն­­կե­­­րային դա­­սակար­­գե­­­րու մա­­սին իր վեր­­լուծումնե­­րով։ Սա­­կայն ըն­­կե­­­րային կեան­­քի յա­­րափո­­փոխ պայ­­մաննե­­րուն մէջ մարքսա­­կան գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թեան հաս­­տա­­­տումներն ալ վե­­րատե­­սու­­թիւն կը պա­­հան­­ջեն եւ նոր մեկ­­նա­­­բանու­­թիւննե­­րու կը կա­­րօին։

Այս քննար­­կումնե­­րը իրա­­կանաց­­նե­­­լու մի­­տու­­մով մեկ­­նարկած նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նը 23 Հոկ­­տեմբե­­րին Ամի­­տայի մէջ կը յայ­­տա­­­րարէ իր կազ­­մութեան հռչա­­կագի­­րը։ Քրտե­­րէն, թրքե­­րէն, արա­­բերէն, հա­­յերէն եւ անգլե­­րէն լե­­զու­­նե­­­րով պատ­­րաստո­­ւած հռչակագ­­րի մէջ կը շեշ­­տո­­­ւի Մարքսիստ տե­­սու­­թեան ներ­­կայ մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րու դի­­մաց պար­­զած նոր մեկ­­նա­­­բանու­­թիւննե­­րը։ Սոյն հռչա­­կագի­­րը պի­­տի հրա­­տարա­­կուի նաեւ «Ակօս»ի յա­­ջորդ հա­­մարի էջե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ