41 հանքափորներ զոհուած

Նախորդ ուրբաթ երե­կոյ Պար­թը­նի Ամաս­րա գա­ւառի հան­քա­ծու­խի հան­քին մէջ պա­տահած ստո­րերկրեայ կա­զի պայ­թումով 41 հան­քա­փոր­ներ զո­հուե­ցան։ Դէպ­քի վայր փու­թա­ցող նա­խագահ Էր­տո­ղան աղէ­տը վե­րագ­րեց ճա­կատագ­րի։ «Մենք՝ որ կը հա­ւատանք ճա­կատագրին, կը գի­տակ­ցինք թէ այս ոչ առա­ջինն է եւ ոչ ալ վեր­ջի­նը պի­տի ըլ­լայ»։ Նա­խագահ Էր­տո­ղանի այս ելոյ­թը յի­շեցուց նաեւ անոր ան­ցեալին, 301 հան­քա­փոր­նե­րու մա­հուան պատ­ճառ դար­ձած Սո­մայի աղէ­տէն ետք ըսած­նե­րը։ Այդ ժա­մանակ ալ նման պայ­թումնե­րը հան­քա­գոր­ծութեան բնազ­դը ըլ­լա­լով ներ­կա­յաց­նող Էր­տո­ղան, եր­բեք նիւթ չու­նե­ցաւ կան­խարգե­լիք մի­ջոց­նե­րու գոր­ծադրման մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած թե­րու­թիւննե­րը։

Միւս կող­մէ զո­հուած հան­քա­փոր­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րը եւ զա­նազան հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններ այս աղէ­տը կը բնու­թագրեն ոճիր ըլ­լա­լով։ Այս շրջա­նակ­նե­րը կը նշեն թէ աշ­խարհի զա­նազան եր­կիրներէ ներս քա­րածու­խի ար­տադրու­թիւն կը կա­յանայ, նոյ­նիսկ շատ աւե­լի մեծ քա­նակու­թիւնով ածուխ կ՚ար­տադրո­ւի, բայց մեզ նման մարդկա­յին մեծ կո­րուստներ չեն ար­ձա­նագ­րո­ւիր։

Իրա­ւապաշտպան Տի­րեն Ճե­ւահիր Շեն «Ակօս»ին բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ տեղ­ւոյն վրայ նկա­տած­նե­րուն մա­սին։ Ան նշեց թէ բա­ցի զո­հուած 41 հան­քա­փոր­նե­րէ, 11 վի­րաւո­րեալ­ներ ալ կը դար­մա­նուին մեծ քա­ղաք­նե­րու հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն մէջ։ Իրա­ւապաշտպա­նի վկա­յու­թիւնով կրօ­նական աղան­դե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներն ալ եկած են դէպ­քի վայ­րը եւ իրենց քա­րոզ­չութեան հա­մար առի­թէն օգ­տո­ւելու կը ջա­նան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ