Համամարդկային հարազատութիւն (Գ)

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ինչպէս որ Մար­տին եր­թա­լու հա­մար հար­կադրո­ւած էինք նախ Ամի­տա այ­ցե­լել, նոյ­նը պա­տահե­ցաւ ետ­դարձի ճա­նապար­հին։ Այսպէս եր­կուշաբ­թի երե­կոյեան հա­սանք այն նոյն հիւ­րա­նոցը, ուր իջե­ւանած էինք նախ­քան Մար­տին մեկ­նիլ։ Ետ­դարձի ճամ­բու ըն­թացքին այ­ցե­լած էինք նաեւ «Պէ­յազ­սու» անուն զբօ­սավայ­րը, ուր ան­գամ մը եւս առի­թը ու­նե­ցանք Մեր­ձա­ւոր արե­ւել­քի յա­տուկ կեն­ցա­ղը ապ­րե­լու։ Փո­խանակ աթոռ­նե­րու, այ­ցե­լու­ներ այստեղ կը հանգստա­նան բազ­մոցնե­րու վրայ, որոնք շա­րուած են գետ­նա­սեղան­նե­րու շուրջ։ Խոս­տո­վանինք որ մեզ՝ իւ­րա­քան­չիւրս կեայնքի 60 տա­րինե­րը ետին թո­ղած­նե­րուս հա­մար շատ ալ դիւ­րին չէր թո­ւեր ծա­լապա­տիկ նստիլ, մա­տու­ցողնե­րը մեզ առաջ­նորդե­ցին սե­ղանի մը շուրջ, որ ու­նէր նաեւ եթէ ոչ աթոռ­ներ, գո­նէ նստա­րան­ներ։

Մեր­ձա­ւոր արե­ւելեան կեն­ցա­ղը յի­շեց­նո­ղը փոք­րիկ աւա­զանն էր, որուն մէջ անընդհատ կը դառ­նար ջա­ղաց­քի ջարխ մը, միայն միապա­ղաղու­թիւնը փա­ռատե­լու նպա­տակաւ։ Զո­վասուն այդ զբօ­սայ­գիի մէջ կը հնչէր քա­ման­չա­կերպ նո­ւագա­րան մը եղող «ռե­պապ» նո­ւագող քրտա­խօս գնչու պա­տանի­ներու եր­գը, մերթ թրքե­րէն, մերթ քրտե­րէն լե­զու­նե­րով։

Նա­խապէս ճշդած էինք երե­կոյեան ծրա­գիրը։ Ամի­տայի մեր առա­ջին գի­շերը, տե­ղացի բա­րեկամ­նե­րու հետ մեկ­տե­ղուած «Համ­րա­ւաթ» ճա­շարա­նի սե­փական­տէ­րը, ծա­գու­մով հայ Մե­թին, լսե­լով մեր ծրագ­րի մա­սին, հրա­ւիրած էր մեզ այս նոյն վայ­րը, պա­հը կրկին ըմ­բոշխնե­լու հա­մար։

Այսպէս Ամի­տայի մեր վեր­ջին գի­շերը դար­ձեալ հա­մախմբո­ւեցանք շուրջ տաս­նեակ մը բա­րեկամ­նե­րով։ Այս ան­գամ մեր սե­ղանա­կից­նե­րը նա­խորդ հան­դիպման բա­ցակա­յած­ներն էին, որոնք իրենց ան­հա­տական ար­գելքնե­րով չէին կրցած մաս­նակցիլ նա­խորդ մէկ­տեղման։ Բայց տի­րող ոգե­ւորու­թիւնը նա­խոր­դին կրկնու­թիւնն էր, մա­նաւանդ որ այս ան­գամ մե­զի հետ էին սի­րելի Ստե­փանը եւ իր եր­գիչ բա­րեկամ­նե­րիը։ Մե­զի միացած էր նաեւ Սուրբ Կի­րակոս եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդէն Յով­հաննէս Կաֆ­ֆուր եւ իր դուստրը։

Սե­ղանի այդ ջերմ մտեր­մութեան մէջ, երբ բո­լորս մտած էինք խոր զրոյցնե­րու, կամ միաբե­րան կ՚ըն­կե­րակ­ցէինք Ստե­փանի եր­գե­րուն, Մե­թին դէմ­քին յայտնո­ւած գո­հու­նա­կու­թեան ժպի­տով մը լուռ կը սու­զէր շուրջբո­լորը։ Կը'զգա­յինք իր հո­գեվի­ճակը։ Ան ու­րախ էր մեր ներ­կա­յու­թե­նէն։ Իբ­րեւ հիւ­րընկալ կը վա­յելէր իր սար­քած սե­ղանին վրայ մեր ու­րա­խու­թիւնը։

Դժո­ւար էր հրա­ժեշ­տի պա­հը։ Բո­լորս տա­րուած էինք տի­րող մթնո­լոր­տէն։ Տա­կաւին որ­քա՜ն եր­կար զրու­ցե­լու նիւ­թեր ու­նէինք կու­տա­կուած։ Բայց ժա­մացոյ­ցը կ՚ազ­դա­րարէր թէ յա­ջորդ օրը բո­լորս ու­նինք մեր աշ­խա­տանքնե­րը։ Ճա­րահա­տու­թեան մէջ յայտնո­ւեցաւ փրկա­րար մի­ջոցը, որն էր ան­մա­հաց­նել պա­հը։ Տրուած ըլ­լա­լով թէ Զմիւռնիոյ թռիչ­քը առա­ւօտո­ւայ բա­ւակա­նին կա­նուխ ժա­մու է, գի­շերո­ւայ աւար­տին, խմբո­վին նկա­րուե­լէ ետք հրա­ժեշտ տո­ւինք մեր զմիւռնա­ցի ըն­կերնե­րուն։

Քա­նի որ պի­տի ճամ­բորդէինք գի­շերուայ թռիչ­քով, որո­շած էինք վեր­ջին օրը տրա­մադ­րել Ամի­տայի այնքան հրա­պու­րիչ շու­կա­յէն գնումներ կա­տարե­լու։ Ծա­նօթ ասա­ցուածք է՝ «Խոր­հուրդ մարդկանց, կամք Աս­տուծոյ»։ Նախ խոս­տո­վանինք որ Ամի­տայի մէջ մեր ոտ­քե­րը ակա­մայ կ՚ուղղուին եր­կու հաս­ցէ­ներու, Սուրբ Կի­րակոս եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակը եւ թո­քի խո­րոված մա­տու­ցող խո­հանոց­ներ։

Եր­բեմնի խո­նար­հած Սուրբ Կի­րակոս եկե­ղեցին այժմ իր վերա­կառու­ցո­ւած տա­ճարի կա­մար­նե­րուն տակ կ՚ար­ժա­նանայ շաբ­թու բո­լոր օրե­րուն հա­զարա­ւոր այ­ցե­լու­նե­րու ու­շադրու­թեան։ Ան իր այս առա­քելու­թեամբ կը յի­շեց­նէ Պոլ­սոյ նշա­նաւոր Սուրբ Ան­թո­ւան եկե­ղեցին, ուր եկե­ղեց­ւոյ ծու­խը այցելուներու բազմութենէն կը դժո­ւարա­նայ պաշ­տա­մունք կա­տարե­լու։ Հոս եւս գոր­ծադրուած է նման կան­խա­միջոց եւ խո­րանի մօտ նստա­րան­նե­րը ժա­պաւէն­նե­րով մե­կու­սա­ցուած են հա­սարակ այ­ցե­լու­նե­րու դի­մաց։ Աւե­լին՝ թա­ղական խորհրդի կար­գադրու­թեամբ եկե­ղեց­ւոյ մէջ ընդմիշտ կը հնչէ հայ հո­գեւոր երաժշտու­թեան ըն­տիր օրի­նակ­ներ։ Երաժշտու­թիւնը ինքնին ար­գելք կը դառ­նայ տա­ճարը շրջող­նե­րու բարձրա­ձայն խօ­սակ­ցութեան, քա­նի անոնցմէ ոմանք ար­դէն իսկ հմա­յուած են երաժշտու­թե­նէ եւ վե­րացած կը տա­րուին իրենց ներքնաշ­խարհի մե­զի ան­ծա­նօթ, բայց հաս­տատ որ բա­րի խոր­հուրդնե­րուն։

Այս այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ հան­դի­պեցանք նաեւ թա­ղական խորհրդի ատե­նապետ պա­րոն Էր­կիւն Այը­քի։ Իր­մէ լսե­ցինք մեր Մար­տին մեկ­նած օրո­ւայ երե­կոյեան այս բա­կին մէջ կա­տարո­ւած Մա­ռալ Այ­վա­զի գե­րազանց յա­ջող հա­մեր­գի ման­րա­մաս­նութիւննե­րը։

Այդ պա­հուն էր որ հնչեց բջջա­յին հե­ռախօ­սը եւ մեր տե­ղացի բա­րեկամ­նե­րէն, Տիճ­լէ հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս Ազիզ Եաղան իմաց տո­ւաւ քիւրտ գրա­կանու­թեան անո­ւանի վի­պագիր Մեհ­մետ Ու­զունի մա­հուան տա­րելի­ցի առ­թիւ Մար­տինգա­բու գե­րեզ­մա­նատան մէջ հո­գեհան­գիստի եւ ապա «Զեր­զա­ւան» սրճա­րանի մէջ կա­յանա­լիք յի­շատակ­ման մի­ջոցա­ռու­մը։

Իս­կոյն մտա­բերե­ցի Հրանդ Տին­քի բա­րեկամ վի­պագիր Մեհ­մետ Ու­զունը, որ երբ Շո­ւետի բժիշկներ ճա­րահա­տու­թիւն յայտնե­ցին անո­ղոք հի­ւան­դութեան դի­մաց, որո­շած էր հայ­րե­նի երկրի մէջ դի­մաւորել հո­գեհան հրեշ­տա­կի այ­ցե­լու­թիւնը։

Մաս­նակցե­ցանք ոգե­կոչ­ման հան­դէ­սին, ուր Ու­զունի ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րու կող­քին փու­թա­ցած էին քա­ղաքի քիւրտ մտա­ւորա­կանու­թեան անո­ւանի անուննե­րը։

Խմբագ­րի պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեամբ միշտ տա­րակու­սած եմ նման գրու­թիւննե­րը թեր­թի էջե­րուն տե­ղադ­րե­լու պա­հուն։ Ար­դեօք ար­ծարծո­ւած նիւ­թե­րը որ­քա­նո՞վ կը հե­տաքրքրէ մեր ըն­թերցո­ղը։ Այդ մտա­հոգու­թեամբ կ՚աւար­տեմ այս յօ­դուա­ծաշար­քը, քաջ գիտ­նա­լով թէ տա­կաւին շատ թա­նաք կը սպա­ռենք Մի­ջագետ­քի ան­ցուդար­ձե­րու մասին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ