ԲԱԳՐԱՏ եւ ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհագրութեան մէջ ամէն բախում կամ ռազմաքաղաքական ալեկոծում անխուսափելիօրէն կը ցոլայ նաեւ շրջանի երկիրներուն ապրող սփիւռքահայոց։ Երբ կը փորձէինք կազզայաբնակ հայերու պայմաններու մասին տեղեկութիւններ հաւաքել, թէժ դրութիւնը ծաւալեցաւ ներառելով Իրանի եւ Իսրայէլի խաղաղ բնակչութիւնը։ Այս երկիրներուն ապրող հայերու ներկայ վիճակին մասին հաւաքած մեր տեղեկութիւնները հետեւեալներն են՝
Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Ավիվի մօտ գտնուող նաւահանգիստ քաղաք Յաֆայի մէջ Ս. Նիկողայոց Հայոց Եկեղեցւոյ տեսուչ Տիրան Վրդ. Յակոբեան՝ «Ակօս»ի հարցումներուն պատասխանելով՝ նշեց որ Յաֆան ալ Իրանի հրթիռներուն նշաւակ դարձած է, հետեւաբար յաֆացիները պատերազմի ամբողջ սարսափը կ՚ապրին. «Ժողովուրդը ազդարարութեան ճչոցը լսելով ապաստարաններ կ՚իջնեն։ Հայերուն ապրած կարգ մը հին շէնքներուն մէջ ապաստարան չկայ։ Ուստի ազդանշանը լսելով կը փորձեն ամենամօտ ապաստարանը հասնիլ։ Սա մանաւանդ տարեցներու համար որոշ դժուարութիւն կը պատճառէ։ Նշենք որ այս տուներէն մի քանին վնասուեցաւ ռմբակոծութեան ժամանակ։ Բարեբախտաբար մինչեւ հիմա մարդկային զոհ չունեցանք։ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան պաշտօնեաներուն հետ մշտական կապի մէջ ենք։ Պատերազմի աւելի սաստկանալու հնարաւորութիւնը նկատի առնելով՝ տեղահանման ծրագիրներու վրայ ալ կ՚աշխատինք։ Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան Արտ. Գործ. Նախարարութիւնը կ՚իմացնէ որ ցանկացողները ինքնաթիռով Երեւան տեղափոխելու պատրաստութիւնները կատարուած են եւ պատրաստ պահանջի պահուն գործելու»։
Ներքնաբերդի դիրքին գտնուող Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը՝ աւելի ապահով կը դատուի, ուստի Երուսաղէմի մէջ ալ վանքէն դուրս ապրող հայերը Պատրիարքարանի շուրջ ժամանակաւոր բնակութիւն կը հաստատեն։
Միւս կողմէ՝ Իրանի հայոց «Ալիք» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեան կը նշէ որ մայրաքաղաքի մէջ ինչպէս իր թերթին շէնքը, Արարատ Մարզական եւ Մշակութային Կեդրոնը հրթիռային յարձակումներէն տուժած է. «Թերթի մեր շէնքին վնասը անուղղակի յարձակումի արդիւնքն է։ Մեր շէնքին բոլոր պատուհանները կոտրուեցան, գրասենեակին ներսի դռները իրենց տեղէն դուրս եկան։ Այս պայմաններուն տակ տպագիր թերթը ժամանակաւոր դադրեցնելու ստիպուեցանք։ Մեր օնլայն հրապարակումը կը շարունակուի բայց ինթերնեթի կապի առումով ալ որոշ դժուարութիւններ կ՚ապրինք։ Նշեմ որ ձեզի հետ ալ բաւական ուշացումով կրցանք կապ հաստատել։ Իրանի մէջ հայ համայնքէն մարդկային զոհ չունեցանք։ Նոյն կերպ Սպահանէն եւ Ջուղայէն (Նոր Ջուղա) ալ նման լուրեր կը ստանանք։ Ներկայ վիճակին մթնոլորտը համեմատաբար աւելի հանգիստ եւ անդորր է։ Հրադադար իրականացուեցաւ բայց ասիկա գործնական պիտի ըլլայ թէ ոչ՝ բոլորիս մտքին մէջ հարցման նշան մըն է։ Հոգեւոր առաջնորդարանի շրջանակներէն շտապ կանչերու դէմ թէժ սեղան ստեղծուեցաւ։ Նոր Ջուղան՝ Սպահանի արուարձանի մը դիրքին է եւ կը գտնուի ծանր յարձակումներու ենթակայ Նաթանսի հարեւանութեամբ։ Սպահանի մէջ ապրող Հայերուն համար ալ կրնանք ըսել որ կորուստներ չունեցանք։ Նոյն բաները կրնանք ըսել նաեւ Թաւրիզի եւ Ուրմիոյ հայերուն համար ալ»։
Մինչ այդ հեռախօսային կապ հաստատեցինք Իրանի Ատրպատականի Հայերուն Հոգեւոր Առաջնորդ Գրիգոր Արք. Չիֆթճեանի հետ։ Սրբազանը յայտնեց թէ Իսրայէլի յարձակումներէն առաջ ժողովի մը մասնակցելու համար Լիբանան՝ Անթիլիաս գացած է։ Իրանի օդային տարածքին փակուելուն հետեւանքով յետ չի կրնար դառնալ. «Ներկայ վիճակին ամենահնարաւ ուղղութիւնը ինքնաթիռով Երեւան հասնիլ եւ անկէ ցամաքային ճամբով Թաւրիզ հասնիլը կը թուի։ Գրեթէ ամէն օր Թաւրիզէն լուր կը ստանամ, ասոր համեմատ կրնամ ըսել որ Թաւրիզի հայ համայնքն ալ ապահով է»։
Երեք օր առաջ կատարուած այս հանդիպումէն ետք Թաւրիզի հոգեւոր առաջնորդին հետ նոր շփում հնարաւոր չեղաւ։ Բայց մինչեւ հիմա քաղաքը վերադարձած ըլլալու հնարաւորութիւնը բաւական բարձր է։
Օդային ուղեւորութեան խանգարումները ինչպէս Թուրքիա-Իրան նաեւ Հայաստան-Իրանի սահմանին որոշ խտացման պատճառ դարձաւ։ Երկու երկիրներու սահմաններուն մէջ ալ երկկողմանի շարժունակութիւն կը նկատուի։ Կարգ մը իրանցիներ պատերազմի մթնոլորտին մէջ կը ջանան շուտափոյթ կերպով իրենց տուները հասնիլ։ Ոմանք ալ բոլորովին հակառակը՝ Իրանէն հեռանալու կը տենչան։
Լուրերու տեղական հաղորդումներուն առհասարակ չի խօսուիր պատերազմին խաղաղ մարդկանց առօրեային բերած ազդեցութիւններու մասին։ Այս լուրը խմբագրելու աշխատանքի ընթացքին մեր լսած վկայութիւնները այդ ազդեցութիւններու ապացոյցերն են։ 12 օրուայ բախումի ընթացքին երկու երկիրներէն ալ հարիւրաւոր մարդկային կորուստներ գրանցուեցան։ Իսրայէլի իշխանութիւնները ամենաբարձր մակարդակով խոստովանեցան որ Իրանի դէմ յարձակելու պահուն նման ծանր հակահարուած մը չէին կանխատեսած։ Յայտնի է որ Իսրայէլի ժողովուրդը պատերազմի սարսափը իր փողոցին վրայ ապրիլու ծանր փորձառութեամբ կը սարսռի։ Միւս կողմէ Իրանի մէջ մոլլաներուն ռէժիմը հրաժարականի հարկադրելու նպատակը ամբողջովին ապարդիւն մնաց։ Իրանի ժողովուրդը սեփական երկրի ապագան իր կամքով որոշելու կը հաւատայ։ Ուստի անօդաչու թռչող սարքերու, կործանիչ ինքնաթիռներու եւ հրթիռներու իրենց գլուխներուն վրայ թռչած պահուն ապաստարաններ վազելու փոխարէն կը նախընտրեն հրապարակներուն վրայ կողք կողքի գալ։