Կոչ Ամիտայի Մարքսական Դպրոցի

Որոշ ժա­­մանակ է որ կ՚աշ­­խա­­­տինք Ամի­­տա Մարքսա­­կան դպրո­­ցի մը հիմ­­նադրու­­թեան։ Կը գի­­տակ­­ցինք թէ նման նա­­խաձեռ­­նութիւն կը պա­­հան­­ջէ եր­­կա­­­րատեւ եւ քայլ առ քայլ ու կա­­յուն աշ­­խա­­­տանք։ Բո­­լոր ոլորտնե­­րէ ներս ար­­տադրու­­թեան հե­­ռան­­կա­­­րով Ամի­­տայէն տիեզե­­րակա­­նին, տիեզեր­­քէն Ամի­­տային հայ­­ցող, տե­­ղակա­­նին ու տիեզե­­րակա­­նին փո­­խադարձ ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը հիմք ու­­նե­­­ցող, նաեւ գործնա­­կանին հետ առնչո­­ւած ճա­­նապարհ մը որ­­դեգրած ենք։ Որով­­հե­­­տեւ վե­­րածու­­մը, խոր­­հուրդը խօս­­քով կ՚սկսի եւ հետզհե­­տէ կեն­­ցա­­­ղի կը վե­­րածո­­ւի։ Այս տես­­լա­­­կանով կ՚ու­­զենք Ամի­­տայէն մեր ներդրու­­մը բե­­րել հա­­մաշ­­խարհա­­յին ար­­տադրա­­կան աւա­­զանին։

ա- Ամի­­տայի Մարքսա­­կան դպրո­­ցի կա­­ռուցման ըն­­թացքին մեր գլխա­­ւոր մէկ­­նա­­­կէտերն են՝

Նախ ծան­­րա­­­նալ գա­­ղափար­­նե­­­րու վե­­րար­­տադրման...Գա­­ղափար­­նե­­­րը կը զար­­գա­­­նան, կը հա­­սուննան, կը ծե­­րանան եւ օրը կու գայ, նոր տես­­լա­­­կանով կը վե­­րար­­տադրո­­ւին։

Բո­­լոր հաս­­տա­­­տումնե­­րը եւ խոր­­հուրդնե­­րը սեր­­տօ­­­րէն կա­­պուած են զար­­գացման, փո­­փոխ­­ման եւ վե­­րար­­տադրման հանգրուան­­նե­­­րը շաղ­­կա­­­պող տիալեք­­թիկ կա­­նոնին։ Ան­­վի­­­ճելի ճշմար­­տութիւն է Մարքսի «յա­­ւելեալ ար­­ժէք»ի մա­­սին տե­­սու­­թիւնը։ Բայց ան ալ ու­­նի իր ու­­ժի մէջ մնա­­լու ժամ­­կէ­­­տը։ Եթէ հա­­մաշ­­խարհա­­յին մասշտա­­պով կա­­րելի ըլ­­լայ գե­­րազան­­ցել դրա­­մապաշ­­տութիւ­­նը, պի­­տի վե­­րանայ նաեւ յա­­ւելեալ ար­­ժէ­­­քի կե­­ղեքու­­մը եւ այս տե­­սու­­թիւնն ալ ան­­ցեալի յա­­տուկ ճշմար­­տութեան մը պի­­տի վե­­րածո­­ւի։

Բա­­ցի գա­­ղափար­­նե­­­րէ՝ պե­­տու­­թիւն, ազգ, ըն­­կե­­­րային դա­­սակար­­գեր, կո­­րիզա­­յին ըն­­տա­­­նիք, ներ­­կա­­­յացուցչա­­կան ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւն, կու­­սակցու­­թիւն, արհմիու­­թիւն եւլն. պատ­­մութեան ըն­­թացքին կեր­­պա­­­րանա­­փոխո­­ւելով իմաս­­տա­­­զուրկ կը դառ­­նան։ Որով­­հե­­­տեւ բո­­լոր հաս­­տա­­­տումնե­­րը, ըն­­կա­­­լումնե­­րը եւ գա­­ղափար­­նե­­­րը յա­­րափո­­փոխ են։ Այդ պատ­­ճա­­­ռաւ ալ կ՚ապ­­րինք հին­­ցող- մա­­շուող հաս­­տա­­­տումնե­­րուն զու­­գա­­­հեռ վե­­րար­­տադրու­­թիւննե­­րու անսպառ հոս­­քը։ Կա­­րելի չէ յա­­ռաջա­­նալ փո­­խուող պայ­­մաննե­­րուն դի­­մադ­­րե­­­լով։ Աշ­­խարհ զգլխե­­ցու­­ցիչ արա­­գու­­թեամբ կ…ապ­­րի փո­­փոխու­­թիւնը։ Առանց այս իրո­­ղու­­թիւնը իւ­­րացնե­­լու, կա­­րելի չէ պատ­­մութիւն կեր­­տել։

բ- Աշ­­խարհ հետզհե­­տէ փոք­­րիկ գիւ­­ղի մը կը վե­­րածո­­ւի։ Երկրա­­գունդի վրայ հե­­ռու- մօտ, մեծ- փոքր, մեծ քա­­ղաք- գա­­ւառ տար­­բե­­­րու­­թիւննե­­րը կը կորսնցնեն իրենց կա­­րեւո­­րու­­թիւնը։ Զար­­գա­­­ցող հա­­ղոր­­դակցու­­թեան եւ փո­­խազ­­դե­­­ցու­­թեան ցան­­ցե­­­րու շնոր­­հիւ որե­­ւէ վայր կրնայ աշար­­հի կեդ­­րո­­­նը դառ­­նալ։ Աշ­­խարհը իր նպա­­տակ­­նե­­­րուն յար­­մար կեր­­պով փո­­խել ցան­­կա­­­ցող­­նե­­­րը ուր որ ալ ըլ­­լան, կրնան միաս­­նո­­­թիւն մը կազ­­մել։ Ուր որ ալ ըլ­­լանք, կա­­րող ենք աշ­­խարհը հասկնա­­լու, բնու­­թագրե­­լու եւ մեկ­­նա­­­բանե­­լու։

Ինչպէս իւ­­րա­­­քան­­չիւր վայր, Ամի­­տա եւս կեդ­­րոն մըն է։ Աշ­­խարհի փի­­լիսո­­փայա­­կան, գի­­տական, արո­­ւես­­տա­­­կան, գա­­ղափա­­րական, քա­­ղաքա­­կան վե­­րար­­տադրու­­թեան առանցքնե­­րէն մէկն ալ Ամի­­տան կրնայ ըլ­­լալ։ Պէտք է ըլ­­լայ։ Այս հաս­­տա­­­տու­­մը հա­­մաշ­­խարհա­­յին մշա­­կոյ­­թի օր­­րա­­­նէն, մշա­­կոյ­­թի եւ գի­­տու­­թեան ծիլ ար­­ձա­­­կած առա­­ջին վայ­­րե­­­րէն, Մի­­ջագետ­­քէն, Քիւրտիս­­տա­­­նէն կը յայ­­տա­­­րարենք։

գ- Եր­­կու հա­­րիւ­­րա­­­մեայ ժա­­մանա­­կակի կո­­մու­­նիստ շար­­ժումի փոր­­ձով կ՚ըսենք թէ Մարքս- Էն­­կելսի պատ­­րաստած Կո­­մու­­նիստա­­կան Հռչա­­կագի­­րը, գլխա­­ւորու­­թեամբ յա­­ւելեալ ար­­ժէ­­­քի կա­­նոնին, իր հիմ­­նա­­­կան հաս­­տա­­­տումնե­­րով ու նպա­­տակ­­նե­­­րով կը շա­­րու­­նա­­­կէ ու­­ժի մէջ մնալ։ Կը լու­­սա­­­ւորէ դրա­­մապաշ­­տութե­­նէ դէ­­պի հա­­մայ­­նա­­­վարու­­թեան հաս­­նող ճա­­նապար­­հը։ Որ­­քան ատեն որ վերջնա­­կանա­­պէս չէ յաղ­­թա­­­հարո­­ւած դրա­­մապաշտ դրու­­թիւնը, Կո­­մու­­նիստ Հռչա­­կագի­­րը իր հիմ­­նա­­­կան կէ­­տերով պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կէ ու­­ժի մէջ մնալ։ Պար­­տինք նշել թէ դրա­­մապաշտ հա­­մակարգն ալ 1850-ական թո­­ւական­­նե­­­րէ այս կողմ տիալեք­­թիկ կա­­նոն­­նե­­­րու բեր­­մամբ մեծ փո­­փոխու­­թիւններ ապ­­րած է։ Այդ փո­­փոխու­­թիւննե­­րը յա­­րատեւ են։ Բո­­լոր ոլորտնե­­րուն ապ­­րո­­­ւած փո­­փոխու­­թիւննե­­րու հա­­մապա­­տաս­­խան զար­­գա­­­ցումնե­­րով, ար­­տադրու­­թեան վե­­րակազ­­մութիւնն ալ նոյն տիալեք­­թիկ կա­­նոն­­նե­­­րու հրա­­մայա­­կանն է։

դ- Ի դա­­րու յե­­ղափո­­խական հա­­մայ­­նա­­­վար շար­­ժումնե­­րը ԺԹ դա­­րը չկրկնե­­լով յա­­ռաջըն­­թաց ու­­նե­­­ցան։ ԻԱ դա­­րու փի­­լիսո­­փայա­­կան, տես­­լա­­­կան, գա­­ղափա­­րախօ­­սական, քա­­ղաքա­­կան, արո­­ւես­­տա­­­կան շար­­ժումներն ալ չեն կրնար կրկնել Ի դա­­րու փոր­­ձե­­­րը։ Ստի­­պուած են նոր լու­­ծումներ գրա­­ռել պատ­­մութեան։ Այս մեր­­ձե­­­ցու­­մով, առանց կո­­մու­­նիստա­­կան մեր ար­­մատնե­­րուն հետ բա­­խուե­­լու, կը նպա­­տակադ­­րենք ար­­տադրու­­թեան յա­­րատե­­ւու­­թիւնը։ Մարդկու­­թեան, աշ­­խա­­­տու­­ժին քա­­ղաքկրթու­­թեան եր­­թը Ամի­­տայէն Քեփ Թաուն, Գա­­հիրէ­­յէն Մոս­­կո­­­ւա, Փա­­րիզէն Ուա­­շինկթըն վե­­րակա­­ռուցման հո­­գերը կ՚ապ­­րո­­­ւի։ Մենք ալ կ՚ու­­զենք այդ հո­­գերը բաժ­­նել Ամի­­տայէն։ Քիւրտիս­­տա­­­նէն մեկ­­նե­­­լով կ՚ու­­զենք մաս­­նակցիլ նոր աշ­­խարհը կա­­ռու­­ցողնե­­րուն։

ե- Կեան­­քի փոր­­ձով կը տես­­նենք թէ աշ­­խարհի ան­­ցուդարձնե­­րը Մարքսա­­կան լու­­սարձա­­կի տակ քննե­­լու անհրա­­ժեշ­­տութիւ­­նը վա­­ղուց կը թա­­կէ բո­­լորիս դռնե­­րը։

Փի­­լիսո­­փայու­­թի­­­նը, արո­­ւես­­տը, տնտե­­սու­­թիւնը, պե­­տու­­թիւնը, ազ­­գը, ըն­­տա­­­նիքը, քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը, կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը, բո­­լորին ալ գո­­յու­­թեան հրա­­մայա­­կանը յա­­րափո­­փոխ են։ Սա­­կայն կը նկա­­տենք թէ կո­­մու­­նիստ շար­­ժումի մէջ յա­­ճախ կը կրկնո­­ւին «Ըն­­կեր .... կ՛ըսէ թէ» կա­­ղապա­­րով սկսող նա­­խադա­­սու­­թիւննե­­րը։ Նման երե­­ւոյ­­թի կը հան­­դի­­­պինք արո­­ւես­­տի եւ փի­­լիսո­­թայու­­թեան ոլորտնե­­րու մէջ ալ։ Հա­­մայ­­նա­­­վար­­ներ նման կրկնա­­բանու­­թեան հե­­տեւան­­քով կ՚օտա­­րանան հա­­մաշ­­խարհա­­յին գետ­­նի վրայ ծա­­ւալող բա­­նուո­­րական շար­­ժումնե­­րու դի­­մաց։

Ինքնակրկնո­­թիւ­­նը յաղ­­թա­­­հարե­­լու հա­­մար Ամի­­տայի Մարքսիստ Դպրո­­ցը Մարքսա­­կան վար­­դա­­­պետու­­թեան ասիական, ափ­­րի­­­կեան, ամե­­րիկեան, եւ­­րո­­­պական, ռու­­սա­­­կան կամ հնդկա­­կան մեկ­­նա­­­բանու­­թիւննե­­րուն հետ փո­­խադարձ հա­­ղոր­­դակցու­­թիւնով մտա­­դիր է քրտա­­կան մեկ­­նա­­­բանու­­թիւն մը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու։ Եթէ կ՚ու­­զենք աշ­­խարհը եւ Քիւրտիս­­տա­­­նը վե­­րակազ­­մել, պար­­տա­­­ւոր ենք դա­­րուն գի­­տակ­­ցութիւ­­նով զի­­նուած մար­­դուժով սո­­վորա­­կանը յաղ­­թա­­­հարե­­լու։

Հա­­մաշ­­խարհա­­յին տես­­լա­­­կան- գա­­ղափա­­րախօ­­սական մարքսիս­­տա­­­կան կա­­ռոյցնե­­րու հետ յա­­ղոր­­դո­­­ւելով կ՚ու­­զենք Քիւրտիս­­տա­­­նի մէջ Մարքսիզ­­մի վե­­րար­­տադրու­­թի­­­նը ապա­­հովել։ Այս գոր­­ծընթա­­ցի մէջ գի­­տու­­թեան եւ մշա­­կոյ­­թի օր­­րան Մի­­ջագետ­­քի տա­­րած­­գին դա­­սակար­­գա­­­յին- հա­­սարա­­կական ազա­­տատենչ պայ­­քարնե­­րու զու­­գա­­­հեռ, Քիւրտ եւ այլ ճնշո­­ւած ու կե­­ղեքո­­ւած ժո­­ղովուրդնե­­րու ազ­­գա­­­յին պայ­­քա­­­րը եւս կը բե­­րենք մեր շարժման օրա­­կար­­գին։

զ- Դրա­­մապաշտ հա­­մակար­­գի մատ­­նուած խոր ճգնա­­ժամը երեք բա­­ղադ­­րիչներ ու­­նի։ Առա­­ջինը օրըս­­տօ­­­րէ խո­­րացող գո­­յու­­թեան ճգնա­­ժամն է։ Երկրոր­­դը՝ գե­­րազանց աճող հարստու­­թեան դի­­մաց խո­­տոր հա­­մեմա­­տու­­թիւնով ծա­­ւալող աղ­­քա­­­տու­­թիւնը եւ եր­­րորդն ալ էգո­­լոկիական ճգնա­­ժամը։

Դրա­­մապաշտ հա­­մակար­­գը ԻԱ դա­­րուն մատ­­նո­­­ւած է գո­­յակ­­ցութեան ճգնա­­ժամի։ Պե­­տու­­թիւն, ազգ, ներ­­կա­­­յացուցչա­­կան ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւն, կո­­րիզա­­յին ըն­­տա­­­նիք, բա­­նուոր դա­­սակարգ եւլն.-ի պար­­տադրանքնե­­րը գո­­հաց­­նե­­­լէ հե­­ռու է։ Մին­­չեւ օրս իր դէմ ծա­­ռացող ճգնա­­ժամե­­րը կը յաղ­­թա­­­հարէր հա­­մապա­­տաս­­խան լու­­ծումնե­­րով, բայց հա­­կասու­­թիւննե­­րու խո­­րաց­­ման դի­­մաց նոր լու­­ծումներ ճա­­րելու կա­­րողու­­թիւնն ալ սպա­­ռած է։

է- Բնա­­պահ­­պա­­­նական ճգնա­­ժամը հե­­տեւանքն է դրա­­մապաշտ հա­­մակար­­գի բնա­­կան պա­­շար­­նե­­­րը ան­­յա­­­գօրէն շա­­հագոր­­ծե­­­լուն։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր բնա­­կան դրու­­թիւն ու­­նի իր պա­­շար­­նե­­­րու սահ­­մա­­­նը։ Ստո­­րերկրեայ հան­­քեր, հո­­ղը, ջու­­րը, օդը եւ կեն­­սա­­­զանա­­զանու­­թիւնը սահ­­մա­­­նափակ աղ­­բիւրներ են։ Չա­­փազան­­ցո­­­ւած որ­­սը, ծա­­ռահա­­տու­­մը եւ գո­­յացած աղ­­բը դրա­­մապաշտ ար­­տադրու­­թեան ար­­դիւնքներն են։ Բնու­­թեան պա­­շար­­նե­­­րը գե­­րազան­­ցող «ար­­տադրէ- սպա­­ռէ» կար­­գա­­­խօսը բնա­­պահ­­պանման հա­­մաշ­­խարհա­­յին խնդիր­­նե­­­րու ծնունդ տո­­ւաւ։ Ջրի, հո­­ղի, օդի եւ կեն­­սա­­­կան նիւ­­թե­­­րու բնա­­վայ­­րե­­­րուն ապա­­կանու­­մով յայտնո­­ւեցան մի­­ջազ­­գա­­­յին կա­­ռոյցներ եւ հա­­մաձայ­­նութիւններ։ Վեր­­ջա­­­պէս դրա­­մապաշտ դրու­­թիւնն ալ ստի­­պուե­­ցաւ ըն­­դունիլ բնու­­թեան ոչնչաց­­ման վտան­­գը։

Ներ­­կա­­­յիս «Բնա­­կան պա­­շար­­նե­­­րու յա­­րատեւ օգ­­տա­­­գոր­­ծումը» ըն­­կա­­­լու­­մը եւս կը փաս­­տէ բնու­­թեան սպառ­­ման վտան­­գը։ Բնա­­պահ­­պանման խնդիր­­նե­­­րու հան­­դէպ նոր մեր­­ձե­­­ցումներ զար­­գացնե­­լու պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնը եւս կը վի­­ճակի Մարքսիստնե­­րու։ Բնա­­պահ­­պա­­­նու­­մը եւ ապ­­րե­­­լու ար­­ժա­­­նի մի­­ջավայ­­րի պա­­հան­­ջը Քիւրտիս­­տա­­­նի հա­­մար ալ կեն­­սա­­­կամն նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի։

ը- Ար­­տադրու­­թեան մէջ կեն­­դա­­­նի ու­­ժին բա­­նուոր րո­­պոթ­­նե­­­րու փո­­խադ­­րո­­­ւելով կ՚աշ­­խուժա­­նայ մարդկա­­յին կեան­­քը դիւ­­րացնող պայ­­մաննե­­րը։ Գի­­տու­­թեան ցան­­ցե­­­րու վրայ հե­­նած տնտե­­սու­­թիւնը կը ձե­­ւաւո­­րէ նաեւ յետդրա­­մապաշ­­տա­­­կան շրջա­­նի հա­­սարա­­կական պայ­­մաննե­­րը։

Ճար­­տա­­­րագի­­տական առա­­ջին յե­­ղափո­­խու­­թիւնը ապ­­րո­­­ւեցաւ շո­­գիի ու­­ժով եւ հան­­քա­­­ծու­­խի ու­­ժա­­­նիւ­­թով։ Յա­­ջոր­­դեց երկրոր­­դը, որուն բնո­­րոշիչն էր քա­­րիւ­­ղը եւ ելեկտրա­­կանու­­թիւնը։ Ինքնա­­գործ ար­­տադրու­­թեան, հե­­ռահա­­ղոր­­դակցու­­թեան, ստո­­րերկրեայ պա­­շար­­նե­­­րուն զու­­գա­­­հեռ քա­­միի եւ արե­­գակի ու­­ժա­­­նիւթ ըլ­­լա­­­լով օգ­­տա­­­գործման հետ հա­­սանք ճար­­տա­­­րագի­­տական գ. յե­­ղափո­­խու­­թեան։ Այժմ հա­­սած ենք չոր­­րորդ հանգրո­­ւանին, որ կը ներ­­կա­­­յանայ թո­­ւայ­­նա­­­ցու­­մով։ Ար­­տադրու­­թեան բո­­լոր հանգրո­­ւան­­նե­­­րուն կը տի­­րէ ընդհա­­նուր ցան­­ցը։

Ու­­րեմն փո­­փոխ­­ման եւ վե­­րած­­ման գոր­­ծընթա­­ցը խորն է ու ծա­­ւալուն։ Քաղ­­քե­­­նիու­­թիւնը զուրկ է այս հո­­սան­­քը կա­­սեց­­նե­­­լու։ Պատ­­մա­­­կան հոս­­քը բո­­լոր ար­­գելքնե­­րը յաղ­­թա­­­հարե­­լով կը յա­­ռաջա­­նայ եւ ար­­մա­­­տական յե­­ղափո­­խական փո­­փոխու­­թեան տա­­նող բո­­լոր գոր­­ծօննե­­րուն կը թե­­լադ­­րէ նոր ուղղու­­թիւն։ Ահա­­ւասիկ փի­­լիսո­­փայա­­կան, տես­­լա­­­կան, գա­­ղափա­­րախօ­­սական, արո­­ւես­­տա­­­կան ար­­տադրու­­թեան նոր դաշ­­տը։

Երբ դրա­­մապաշտ հա­­մակար­­գի առու­­մով այս բո­­լորը կ՚ապ­­րո­­­ւին, ար­­մա­­­տական փո­­փոխու­­թեան խթա­­նը հան­­դի­­­սացող հա­­մաշ­­խարհա­­յին կո­­մու­­նիստ շար­­ժումը կ՚ապ­­րի իր պատ­­մութեան ամե­­նատ­­կար շրջա­­նը։ Այս կղպան­­քէն ազա­­տելու հա­­մար միակ մի­­ջոցն է գործնա­­կան վե­­րանո­­րոգու­­մը։ Այլ կերպ հե­­տիոտն պի­­տի մնանք մեծ թա­­փով վա­­զող պատ­­մութեան ետին։

Թ- Ամի­­տայի Մարքսիստ Դպրո­­ցը նպա­­տակադ­­րած է բո­­լոր հաս­­տա­­­տումնե­­րուն եւ գոր­­ծընթաց­­նե­­­րուն մա­­սին քննա­­դատա­­կան հե­­տազօ­­տու­­թիւն։ Այսպէս գի­­տու­­թիւն, փի­­լիսո­­փայու­­թիւն, արո­­ւեստ, իշ­­խա­­­նու­­թիւն, գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թիւն, քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն, կնոջ խնդիր­­ներ, պե­­տու­­թիւն, ազգ, ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւն, ան­­հատ, ազա­­տու­­թիւններ, գա­­ղու­­թա­­­տիրու­­թիւն, պա­­տերազմ, կայ­­սե­­­րապաշ­­տութիւն, նոր գա­­ղու­­թա­­­տիրու­­թիւն, ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թիւն, բնա­­պահ­­պա­­­նու­­թիւն, հո­­ղամ­­շա­­­կում, դրա­­մապաշ­­տութիւն, հա­­մայ­­նա­­­վարու­­թիւն, հա­­մաշ­­խարհայ­­նա­­­ցում, գերզգայ­­նա­­­կանու­­թիւն, կու­­սակցու­­թիւն, կազ­­մա­­­կեր­­պութիւն, կար­­գա­­­պահու­­թիւն, կեդ­­րո­­­նակա­­նացում, երկնա­­ւոր կրօն­­նե­­­րու հան­­դէպ հա­­ւատ, անաս­­տո­­­ւածու­­թիւն, ան­­հա­­­ւատու­­թիւն...Այո, ամէն նիւթ քննա­­դատա­­կան- հե­­տազօ­­տական ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րու եւ վե­­րար­­տադրու­­թեան խնդիր­­ներն են։

Ժ- Ամի­­տայէն մեկ­­նե­­­լով եր­­կի­­­րը, տա­­րած­­քաշրջա­­նը, աշ­­խարհը ըն­­կա­­­լել, մեկ­­նա­­­բանել, փո­­խել ու­­զող բո­­լորին կոչ կ՚ընենք Ամի­­տայի Մարքսիստ Դպրո­­ցին ուղղա­­կի կամ անուղղա­­կի կեր­­պով հա­­ղոր­­դո­­­ւելու։ ԱՄԴ կ՚երաշ­­խա­­­ւորէ բո­­լոր մի­­ջավայ­­րե­­­րուն հա­­ղորդ խորհրդակ­­ցութեան գե­­տին մը ըլ­­լալ։

23 Հոկ­­տեմբեր 2022

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ