Մեկնարկեց Ամիտայի Մարքսիստ դպրոցը

ՓՐՈՖ. ԱԶԻԶ ԵԱՂԱՆ

23Հոկ­տեմ­բեր կի­­րակի օր կա­­յացած հա­­ւաքոյ­­թով մը պաշ­­տօ­­­նապէս մեկ­­նարկեց Ամի­­տայի Մարքսիստ դպրո­­ցը։ Պսա­­կաձեւ ժահ­­րի հա­­մավա­­րակէն առաջ սկսած հիմ­­նադրու­­թեան շրջա­­նը այսպէ­­սով աւար­­տած եղաւ։ Հիմ­­նադրու­­թեան հռչա­­կագի­­րը յա­­յատա­­րարո­­ւեցաւ քրտե­­րէն, թրքե­­րէն, հա­­յերէն, արա­­բերէն եւ անգլե­­րէն լե­­զու­­նե­­­րով։ Նո­­րակազմ դպղո­­ցը նպա­­տակադ­­րած է Մարքսա­­կան վար­­դա­­­պետու­­թեան մատ­­նո­­­ւած խթա­­նու­­մը վե­­րաց­­նել, ինքնա­­նորո­­գուիլ, բա­­նուոր դա­­սակար­­գի հետ յա­­րաբե­­րու­­թիւնը խտաց­­նել եւ հետզհե­­տէ քրտա­­շունչ մեր­­ձե­­­ցում մը ձե­­ւաւո­­րել։

Եր­­կու դա­­րի հաս­­նող ան­­ցեալի մը լոյ­­սին տակ Ի դա­­րը կրկնե­­լէ ձերբա­­­զատո­­ւիլ լեւ ԻԱ դա­­րու պա­­հանջնե­­րուն հա­­մապա­­տաս­­խան գա­­ղափար­­նե­­­րու ար­­տադրման գոր­­ծընթա­­ցին մէջ Քիւ­­տիստա­­նի ալ իր տե­­սան­­կիւնով ներգրա­­ւու­­մը ապա­­հովե­­լը դպրո­­ցի հիմ­­նա­­­կան առա­­քելու­­թիւննե­­րէն է։

Հիմ­­նա­­­դիր­­նե­­­րը նշե­­ցին թէ այս նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նը կու­­սակցա­­կան բնոյթ չու­­նի եւ քա­­ղաքա­­կան ծրա­­գիր մը չէ։ Ան աւե­­լի շատ կը մի­­տի քա­­ղաքա­­կան դաշ­­տին տո­­ւեալ­­ներ փո­­խան­­ցե­­­լու եւ բո­­լոր կու­­սակցու­­թիւննե­­րու հան­­դէպ հա­­ւասար հե­­ռաւո­­րու­­թիւն պա­­հելու։ Գա­­ղափա­­րի ար­­տադրու­­թեան խնդրին մէջ կա­­րեւոր կը հա­­մարո­­ւի երի­­տասարդ սե­­րունդի ներգրա­­ւու­­մը։ Այս առու­­մով Ամի­­տայի Մարքսիստ դպրո­­ցը գա­­ղափա­­րական միաս­­նութե­­նէ աւե­­լի, տար­­բեր գա­­ղափար­­նե­­­րու քննարկման վայր մը պի­­տի ըլ­­լայ։

Այս ծի­­րէն ներս նա­­խատե­­սուած է ամէն տա­­րի աշ­­նան ամիս­­նե­­­րուն կազ­­մա­­­կեր­­պել յա­­տուկ մի­­ջոցա­­ռումներ, հա­­մաշ­­խարհա­­յին խնդիր­­նե­­­րու քննարկման հա­­մար։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ