Գիրքի շնորհանդէս Կեդրոնական Սանուց Միութեան մէջ

16Դեկ­տեմբեր ուրբաթ օր ժա­մը 17.00-ին, Կեդ­րո­նական Սա­նուց Միու­թեան մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Սամ­վէլ Մհե­րեանի «Մենաւոր Բա­զէն» անուն վէ­պի թրքե­րէն թարգմա­նու­թեան շնոր­հանդէ­սը։

Վէ­պը նիւթ կ՚ու­նե­նայ Հա­միտեան ջար­դե­րը եւ այս առու­մով ալ կը ներ­կա­յաց­նէ վա­ւերագ­րա­կան բնոյթ։ Գիր­քի էջե­րը թղթա­տելով ըն­թերցո­ղը կը թա­փան­ցէ հայ­րե­նիք, ըն­տա­նիք, մայ­րե­նի եւ հա­ւատք ըն­կա­լումնե­րուն իմաս­տա­յին խոր­գե­րուն։ Նաեւ ակա­նատես կ՚ըլ­լայ այդ բո­լորի խոր­տակման։ 1800-ական տա­րեթի­ւերու կէ­սերէն մին­չեւ 1915 եր­կա­րող ժա­մանա­կահա­տուա­ծի մը մէջ խոր­տա­կուած կեանքե , գրա­ւուած հո­ղատա­րածքներ ու բնա­կարան­ներ եւ մա­նաւանդ ալ ոչնչաց­ման դա­տապար­տո­ւած պատ­մա­կան յի­շողու­թիւն։

Սամ­վէլ Մհե­րեանի գիր­քը թրքե­րէնի թարգմա­նուած է Պետ­րոս Ճա­ւիքօղ­լո­ւի կող­մէ։ Հե­ղինա­կի մաս­նակցու­թեամբ կա­յանա­լիք շնոր­հանդէ­սին ելոյթ պի­տի ու­նե­նայ նաեւ Բագ­րատ Էս­դուգեան։

Սամ­վէլ Մհե­րեան մի­ջոցառ­ման աւար­տին ըն­թերցող­նե­րուն հա­մար պի­տի մա­կագ­րէ «Ֆամ» հրա­տարակ­չա­տան կող­մէ հրա­պարա­կուած գիր­քի օրի­նակ­նե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ