Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Պես չորս հայորդիներ իր փոխանցման խմբակի անդամ նշանակեց

Կիրակի օր, Միացեալ Նահանգներու փոխնախա­գահ Քա­մալա Հե­րիսի առաջ­նորդու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած երդման արա­րողու­թե­նէն ետք, Եր­կուշաբ­թի օր պաշ­տօ­նապէս Լոս Ան­ճե­լըսի քա­ղաքա­պետի պաշ­տօ­նը ստանձնած Քե­րըն Պես իր փո­խանցման խմբա­կի ան­դամ նշա­նակեց Արեւմտեան Ամե­րիկա­յի Հայ Դա­տի յանձնա­խումբի ատե­նապետ իրա­ւաբան Նո­րա Յով­սէ­փեանը եւ երեք այլ հա­յոր­դի­ներ՝ Մա­րալ Քա­րաքա­շեան (Լոս Ան­ճե­լըս գա­ւառի վե­րահսկիչ Ճե­նըս Հա­նի տե­ղակալ­նե­րէն), Սեմ Քպու­շեան (Քա­լիֆոր­նիոյ Հան­րա­յին սպա­սար­կութեան յանձնա­ժողո­վի ան­դամ) եւ Լե­նըրտ Մա­նու­կեան («Հա­րաւա­յին Քա­լիֆոր­նիոյ հայ տե­մոկ­րատներ» կազ­մա­կեր­պութեան ատե­նապետ)։

Նո­րա Յով­սէ­փեան երախ­տա­գիտու­թիւն յայտնեց այս նշա­նակու­մին հա­մար, որ առիթ պի­տի ըն­ծա­յէ հա­յու­թեան ձայ­նը եւ մտա­հոգու­թիւննե­րը քա­ղաքա­յին իշ­խա­նու­թիւննե­րուն հասնցնե­լու։

Իր կար­գին, Պես խոս­տա­ցաւ իր առաջ­նա­հեր­թութիւ­նը դարձնել հա­յու­թեան մտա­հոգու­թիւննե­րը՝ յի­շեց­նե­լով, որ վեր­ջին եր­կու տաս­նա­մեակ­նե­րուն ար­դէն իսկ աշ­խա­տանք տա­րած է պա­տաս­խա­նատու­թեան կան­չե­լու Ատրպէյ­ճա­նը եւ նե­ցուկ կանգնե­լու հա­մար Ար­ցա­խի ժո­ղովուրդին, թէ՛ Քա­լիֆոր­նիոյ նա­հան­գա­յին խորհրդա­րանին եւ թէ Ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու տան մէջ։

Պես վեր­ջին տաս­նա­մեակին շա­րու­նա­կաբար Հայ Դա­տին բարձրա­գոյն նի­շերը ստա­ցած է Ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու տան մէջ իր հա­յան­պաստ կե­ցուածքնե­րուն հա­մար, որոնց շար­քին էր անոր հա­մահո­վանա­ւորու­թիւնը քոնկրե­սական Էտըմ Շի­ֆի ներ­կա­յացու­ցած թիւ 1351 բա­նաձե­ւին, որ կը դա­տապար­տէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի վրայ Ատրպէյ­ճա­նի չհրահ­րուած յար­ձա­կումնե­րը եւ Ուա­շինկթը­նէն կը պա­հան­ջէ, որ ան­մի­ջապէս կա­սեց­նէ Ատրպէյ­ճա­նին տրա­մադ­րո­ւող ռազ­մա­կան աջակ­ցութիւնները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ