Սահմանադրական Ատեանը անօրէն համարեց Սանասարեանի գրաւումը

Մկրտիչ Սա­նասա­րեանի կա­րիքա­ւոր հայ երա­խանե­րու ուսման հա­մար կտա­կած Սա­նասա­րեան Խա­նը կռո­ւախնձոր մը դար­ձած էր Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանի եւ պե­տական կա­ռոյցնե­րու մի­ջեւ։ 1901-ին պաշ­տօ­նապէս հիմ­նո­ւած Սան­սա­րեան հիմ­նադրա­մի սե­փակա­նու­թիւնը եղող Սիր­քե­ճիի խա­նը 1930 թո­ւին առգրա­ւուած էր Քա­ղաքի Յա­տուկ Վար­չութեան կող­մէ։ Այդ առգրա­ւու­մը 1952-ին վա­ւերա­ցուե­ցաւ նաեւ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րու ձե­ռամբ։

Պատ­րիար­քա­րանը՝ որ պաշ­տօ­նական ներ­կա­յացու­ցիչն է այս հիմ­նադրա­մին, մին­չեւ օրս կը շա­րու­նա­կէ օրի­նական պայ­քար տա­նիլ։ Պատ­րիար­քա­րանը նախ առար­կած էր առգրաւ­ման վա­ւերա­ցու­մին դէմ, բայց այդ առար­կութիւ­նը մեր­ժո­ւած։ Ի վեր­ջոյ խնդի­րը փո­խան­ցո­ւեցաւ Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեան։ 2014-ին Իս­թանպու­լի 13-րդ Հի­մանա­կան Իրա­ւական Ատեանի մօտ բա­ցուած դա­տը նախ ըն­դունո­ւեցաւ 3 Յու­լիս 2014 թո­ւակիր որո­շու­մով եւ ապա մեր­ժո­ւեցաւ դա­տարա­նի իրաւաս­նութեան սահ­մաննե­րէն դուրս ըլ­լա­լու պատ­ճա­ռաբա­նու­թեամբ։ Պատ­րիար­քա­րանը այս որո­շու­մէն ետք դի­մեց Վճռա­բեկ Ատեան։ Այս ըն­թացքին Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թիւնը առանց դա­տական վճի­ռը սպա­սելու խա­նը վար­ձա­կալեց 20 տա­րի ժամ­կէ­տով։ Վճռա­բեկ Ատեանը 13 Դեկ­տեմբեր 2017-ին հա­սատա­տեց Սա­նասա­րեան Հիմ­նադրա­մի հա­մայնքա­յին հիմ­նարկ մը ըլ­լա­լու փաս­տը եւ ապա ճիշդ հա­կառակ ուղղու­թիւնով վճիռ կա­յացուց։ Այդ հանգրո­ւանէն ետք խնդի­րը փո­խան­ցո­ւեցաւ Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեան ու այս վեր­ջինն ալ միաձայ­նութեամբ վճռեց թէ նա­խորդ որո­շումնե­րով ոտ­նա­կոխո­ւած է ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րութեան 35-րդ յօ­դուա­ծով երաշ­խա­ւորուած սե­փակա­նու­թեան իրա­ւունքը։

Վե­րին Ատեանը վճռին մէկ օրի­նակն ալ ուղղար­կեց Իս­թանպու­լի 13-րդ Հիմ­նա­կան Իրա­ւական Ատեան, սե­փակա­նու­թեան ոտ­նա­կոխու­մի հե­տեւանքնե­րը վե­րաց­նե­լու հա­մար կրկին դա­տավա­րու­թիւն կա­տարե­լու պա­հան­ջով։

Տան­ջանքի կեդ­րո­նէն դէ­պի
հինգ աստղա­նի հիւ­րա­նոց

Սա­նասա­րեան Խա­նը առգրա­ւու­մէն ետք եր­կար տա­րիներ տրա­մադ­րո­ւեցաւ Իս­թանպու­լի Ապա­հովու­թեան Տնօ­րէնու­թեան։ Այդ շրջա­նին շէն­քի խու­ցե­րուն մէջ ծանր տան­ջանքնե­րու են­թարկո­ւեցան Նա­զըմ Հիք­մեթ, Ահ­մետ Արիֆ, Ռու­հի Սու, Հիք­մեթ Քը­վըլ­ճըմլը, Ազիզ Նե­սին, Միհ­րի Պել­լի, Տե­նիզ Կեզ­միշ, Վե­տաթ Թիւրքա­լի եւ Ալ­փասլան Թիւրքէ­շի նման հան­րա­ծանօթ բա­նաս­տեղծներ, գրող­ներ, մտա­ւորա­կան­ներ եւ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ։

2017 թո­ւակա­նին Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան ձե­ռամբ կա­տարո­ւած աճուրդին շէն­քը վար­ձեց Կափ­սան անուն ըն­կե­րու­թիւնը, որ որո­շած է շէն­քը հինգ աստղա­նի հիւ­րա­նոց մը ըլ­լա­լով օգ­տա­գոր­ծել։

Կա­րօ Փայ­լան այդ վար­ձա­կալու­թիւնը մե­ղադ­րած էր ըսե­լով որ այս որո­շու­մը կը­վիրա­ւորէ հա­սարա­կու­թեան խիղճը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ