2 տարի 7 ամիս բանտարկութիւն Իմամօղլուի

Իսթան­պուլի քա­ղաքա­պետ Էք­րեմ Իմա­մօղ­լո­ւի դէմ յա­րու­ցո­ւած դա­տավա­րու­թիւնը աւար­տե­ցաւ 14 Դեկ­տեմբեր չո­րեք­շաբթի օր կա­յացած վճռա­կան նիս­տով։ Դա­տակազ­մը հաս­տա­տեց քա­ղաքա­պետ Իմա­մօղ­լո­ւի վե­րագ­րո­ւած մե­ղադ­րանքը եւ վճռեց 2 տա­րի 7 ամիս եւ 15 օրուայ ազա­տազրկման։ Դա­տարա­նը նաեւ ար­գի­լեց քա­ղաքա­պետին քա­ղաքա­կան աշ­խա­տու­թիւննե­րը։

Դա­տարա­նի այս վճի­ռը իս­կա­պէս ալ գայ­թակղու­թեան բնոյթ ու­նի, քա­նի որ ան­տե­սուած է մաս­նա­գէտ­նե­րու բո­լոր մեկ­նա­բանու­թիւննե­րը։ Դա­տավա­րու­թեան ըն­թացքին դա­տարա­նի կող­մէ նշա­նակո­ւած մաս­նա­գէտ­նե­րը ու­սումնա­սիրե­լով մե­ղադ­րանքի նիւթ դար­ձած ելոյ­թը, հա­ստա­տած էին թէ այդ խօս­քե­րը ու­ղո­ւած էին Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Սիւ­լէյման Սոյ­լո­ւին, այլ ոչ թէ դա­տաւոր­նե­րուն։ Իմա­մօղ­լու նա­խարար Սոյ­լույի իր հան­դէպ գոր­ծա­ծած «յի­մար» նա­խատին­քին պա­տաս­խա­նած էր «Բուն յի­մարը ընտրու­թեան ար­դիւնքը ան­տե­սելով քա­ղաքա­պետու­թեան հա­մար ընտրու­թիւնը կրկնե­լու որո­շում առ­նողներն են»։

Իմա­մօղ­լո­ւի այս խօս­քե­րը ամիս­ներ անց վե­րածո­ւեցան մե­ղադ­րանքի մը, որու հե­տեւան­քով կա­յացած էր այս դա­տավա­րու­թիւնը։

Դա­տավա­րու­թեան աւար­տին Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն հոծ բազ­մութիւն մը հա­ւաքո­ւած էր Սա­րաչ­հա­նէ, քա­ղաքա­պետա­րանի շէն­քի առ­ջեւ։

Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան նա­խագահ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու այս զար­գա­ցու­մին դի­մաց կի­սատ թո­ղուց իր պեր­լի­նեան այ­ցե­լու­թիւնը եւ իս­կոյն վե­րադար­ձաւ Իս­թանպուլ։

Թերթս հրա­տարա­կու­թեան պատ­րաստո­ւած ժա­մերուն բազ­մութիւ­նը կը սպա­սէր թէ քա­ղաքա­պետ Իմա­մօղ­լո­ւի եւ թէ Քը­լըչ­տա­րօղ­լո­ւի ժա­մանումնե­րը։

Լրա­հոսը կը շա­րու­նա­կուի եւ կը պար­զո­ւի թէ «Իյի» Կու­սակցու­թեան Նա­խագահ Մե­րալ Աք­շե­ներ եւս կը փու­թայ քա­ղաքա­պետա­րանի շէն­քը, զօ­րակ­ցութիւն յայտնե­լու հա­մար քա­ղաքա­պետ Իմա­մօղ­լո­ւի։ Դա­տական այս վճի­ռը ալ աւե­լի կ՚ալե­կոծէ երկրի քա­ղաքա­կան դաշ­տը, քա­նի դեռ չէ հրա­պարա­կուած վե­ցեակ խմբա­կի նա­խագա­հի թեկ­նա­ծուի անու­նը։ Այդ պաշ­տօ­նի հա­մար յա­ճախ օրա­կար­գի կու գար քա­ղաքա­պետ Իմա­մօղ­լո­ւի անունն ալ։ Յա­ռաջի­կայ օրե­րը յղի են նոր զար­գա­ցումնե­րու։ Բա­ցառո­ւած չէ նաեւ քա­ղաքա­պետի պաշ­տօ­նի չե­ղարկման հա­ւանա­կանու­թիւնը։ Նման դէպ­քի մը պա­րագա­յին իշ­խա­նու­թիւնը աւե­լի մեծ թի­ւով աթոռներ ու­նե­նալով քա­ղաքա­պետա­կան խոր­հուրդի մէջ կրնայ նաեւ իշ­խա­նամէտ անու­նի մը քա­ղաքա­պետի կո­չում ստա­նալը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ