Սանասարեան Խանի մասին Պատրիարքական աթոռի լուսաբանութիւնը

Պատրիար­քա­կան Աթո­ռի խնա­մակա­լու­թեամբ գոր­ծող Սա­նասա­րեան Հիմ­նարկի (Վա­քըֆ) պատ­կա­նող Սա­նասա­րեան Խա­նի վե­րաբե­րեալ, Պե­տական պաշ­տօ­նաթեր­թի (Resmi Gazete) 14.12.2022 թո­ւի 32043 հա­մար թի­ւին մէջ հրա­պարա­կուած, Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեանի 03.11.2022 թո­ւակիր որո­­շու­­մին կա­­պակ­­ցութեամբ անհրա­­ժեշտ նկա­­տուած է հան­­րա­­­յին կար­­ծի­­­քը լու­­սա­­­բանել։

Ինչպէս ծա­­նօթ է, «Սա­­նասա­­րեան» Հիմ­­նարկը հաս­­տա­­­տուած է Մկրտիչ Աղա Սա­­նասա­­րեանի կող­­մէ, հայ աղ­­քատ տղոց կրթու­­թեան, ուսման, բնա­­կու­­թեան եւ սնունդի կա­­րիք­­նե­­­րը դի­­մագ­­րա­­­ւելու նպա­­տակով, ըստ տրա­­մադ­­րութեան 10.10.1901 թո­­ւի դա­­տարա­­նի որոշ­­մամբ գրան­­ցո­­­ւած հիմ­­նարկի պայ­­մա­­­նագ­­րին։

Այս նպա­­տակը իրա­­կանաց­­նե­­­լու հա­­մար Մկրտիչ Աղան գնած է Սա­­նասա­­րեան Խա­­նը։ Նո­­ւիրա­­տուն հիմ­­նարկի միակ հո­­գաբար­­ձու եւ միակ իրա­­ւապահ նշա­­նակած է Թուրքիոյ Հա­­յոց օրո­­ւան պատ­­րիար­­քը կամ պատ­­րիար­­քա­­­կան տե­­ղապա­­հը. Սա­­կայն վար­­չութեան յե­­տագայ գոր­­ծառնու­­թիւննե­­րու բեր­­մամբ, 1936 թո­­ւին «Սա­­նասա­­րեան» Հիմ­­նարկը յայ­­տա­­­րարուած է որ­­պէս գրա­­ւեալ հիմ­­նարկ՝ այն պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թեամբ, թէ ան չու­­նի բա­­րեգոր­­ծա­­­կան կամ գոր­­ծառնա­­կան նպա­­տակ, իսկ 1952 թո­­ւակա­­նին Սա­­նասա­­րեան Խա­­նի սե­­փակա­­նու­­թիւնը դուրս գրո­­ւած է մեր վրա­­յէն։

Խա­­նը վե­­րադարձնե­­լու պա­­հանջքով Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռի կող­­մէ 2011 թո­­ւակա­­նին փաս­­տա­­­բան Ալի Էլ­­պէ­­­յօղ­­լո­­­ւի մի­­ջոցաւ ձեռ­­նարկո­­ւած է իրա­­ւական գոր­­ծընթա­­ցի եւ Հիմ­­նա­­­կան Իրա­­ւական Ատեանի մօտ կա­­լուա­­ծական սեփա­­­կանա­­թուղթի ջնջման եւ գրանցման դատ բա­­ցուած է։ Տե­­ղական ատեանի ու Վճռա­­բեկ Ատեանի մօտ, երբ մեր դա­­տը մեր­­ժո­­­ւեցաւ «Սա­­նասա­­րեան» Հիմ­­նարկը գրա­­ւեալ հիմ­­նարկ նկա­­տելու պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թեամբ, 2019 թո­­ւին որ­­պէս վեր­­ջին մի­­ջոց դի­­մում ներ­­կա­­­յացո­­ւեցաւ Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան Ատեանին։

Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան դա­­տարա­­նի կա­­տարած քննարկման որ­­պէս ար­­դիւնք, յայտնա­­բերո­­ւեցաւ, թէ մենք իրա­­ւացի էինք եւ կա­­րելի չէր «Սա­­նասա­­րեան» Հիմ­­նարկը հա­­մարել գրա­­ւեալ հիմ­­նարկ, շեշ­­տո­­­ւեցաւ որ հիմ­­նարկի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչն է Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռը, եւ Խա­­նը կը պատ­­կա­­­նի մե­­զի։ Որ­­պէս Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթոռ, այս առ­­թիւ կը փա­­փաքինք մեր գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւնը յայտնել, Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան Ատեանի կա­­յացու­­ցած ար­­դար, խղճա­­միտ եւ ար­­դա­­­րադատ որոշ­­ման հա­­մար։

Յա­­ռաջի­­կայ օրե­­րուն, Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան Ատեանի յի­­շեալ որո­­շու­­մին ուղղու­­թեամբ, տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նայ վե­­րադա­­տաքննու­­թիւն՝ մեր սե­­փակա­­նու­­թեան իրա­­ւունքի սահ­­մա­­­նազան­­ցութեան բարձման հա­­մար։ Այ­­սու կու գանք հան­­րութեան ու­­շադրու­­թեան նկա­­տառ­­ման յանձնել, որ դա­­տական գոր­­ծընթա­­ցը ու­­շադրու­­թեամբ մօ­­տէն կը հե­­տապնդո­­ւի փաս­­տա­­­բան Ալի Էլ­­պէ­­­յօղ­­լո­­­ւի հետ։

ԴԻ­ՒԱՆ ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱՐԱՆԻ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ