Շարժանկարի ուժը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Թերթիս նա­­­խորդ թի­­­ւով անդրա­­­դար­­­ձած էինք Էմին Ալ­­­փե­­­­­­­րի մրցա­­­նակ­­­ներ նո­­­ւաճած ֆիլ­­­մի հան­­­դէպ Մշա­­­կոյ­­­թի նա­­­խարա­­­րու­­­թեան դժգո­­­հու­­­թիւնը։

Այս շաբ­­­թու մէջ ֆիլ­­­մը դի­­­տելով հաս­­­տա­­­­­­­տած եղանք նա­­­խարա­­­րու­­­թեան դժգո­­­հու­­­թեան որ­­­քան տե­­­ղին հիմ­­­քեր ու­­­նե­­­­­­­նալուն։ Իս­­­կա­­­­­­­պէս ալ Էմին Ալ­­­փեր երկրի տի­­­րող յե­­­տադի­­­մակա­­­նու­­­թիւնը, մո­­­լեռան­­­դութիւ­­­նը, ժո­­­ղովուրդի որոշ հա­­­տուա­­­ծի մը մէջ հիմք դրած բար­­­բա­­­­­­­րոսու­­­թիւնը առանց քա­­­ղաքա­­­կան կա­­­ղապար­­­նե­­­­­­­րու են­­­թարկո­­­ւելու, շար­­­ժանկա­­­րի արո­­­ւես­­­տի ըն­­­ձե­­­­­­­ռած յա­­­տուկ պատ­­­մե­­­­­­­լաոճով փո­­­խան­­­ցած է հան­­­դի­­­­­­­սատե­­­սին։

Իբ­­­րեւ թէ բա­­­րոյա­­­կան ար­­­ժէքնե­­­րու ու հա­­­ւատ­­­քի քօ­­­ղով ծած­­­կո­­­­­­­ւած վայ­­­րա­­­­­­­գու­­­թիւնը ամե­­­նայն մեր­­­կութեամբ պար­­­զո­­­­­­­ւած է շնոր­­­հիւ բե­­­մադ­­­րի­­­­­­­չին կա­­­րողու­­­թեան եւ դե­­­րասան­­­նե­­­­­­­րու վար­­­պե­­­­­­­տու­­­թեան։ Առա­­­ջին տե­­­սարան­­­նե­­­­­­­րով ար­­­դէն իսկ ցնցիչ է ֆիլ­­­մը, ուր կը նկա­­­րագ­­­րո­­­­­­­ւի որ­­­սի դրո­­­ւագ մը։ Իբ­­­րեւ թէ վա­­­րազ­­­նե­­­­­­­րու դէմ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւած բազ­­­մանդամ որ­­­սը կա­­­րելի է դի­­­տել նաեւ փո­­­խաբե­­­րական ըն­­­կա­­­­­­­լու­­­մով։ Սպան­­­նո­­­­­­­ւած վա­­­րազին թրաք­­­թէօրի մը կա­­­պուած դին ամ­­­բողջ քա­­­ղաքով շրջան­­­ցե­­­­­­­լը կը մտա­­­բերէ մօտ ան­­­ցեալին զո­­­հուած հայ­­­դուկնե­­­րու դիակ­­­նե­­­­­­­րուն զի­­­նուո­­­րական զրա­­­հապատ ինքնա­­­շարժնե­­­րու ետին կա­­­պուե­­­լով կա­­­տարո­­­ւած տո­­­ղանցքնե­­­րը։ Որ­­­սի պի­­­տակի մէջ սպան­­­նե­­­­­­­լը հա­­­ւաքա­­­կան հիս­­­թե­­­­­­­րիայի մը վե­­­րածո­­­ւած է կեղծ անու­­­նով նշո­­­ւած այդ գիւ­­­ղա­­­­­­­քաղա­­­քին մէջ, որ այդքան ալ ան­­­ծա­­­­­­­նօթ չէ հա­­­սարակ թուրքիացիի մը հա­­­մար։

Այս գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան ժա­­­պաւէ­­­նը դի­­­տելով ան­­­գամ մը եւս հաս­­­տա­­­­­­­տած եղանք կի­­­նօ-արուես­­­տի ու­­­ժը, որ բնա­­­կանա­­­բար սար­­­սափ պի­­­տի պատ­­­ճա­­­­­­­ռէր իրո­­ղու­­­թիւննե­­­րու փո­­­խարէն ըն­­­կա­­­­­­­լումնե­­­րու նա­­­խապա­­­տուու­­­թիւն տո­­­ւող մտայ­­­նութեան մը նա­­­խարա­­­րու­­­թեան հա­­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ