Մենք

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Երկիր, ազգ, հայ­րե­նիք, հա­սարա­կու­թիւն, հա­մայնք, ժո­ղովուրդ, ամ­բոխ, հան­րութիւն, բնակ­չութիւն։ Այս բա­ռերէն իւ­րա­քան­չիւրը ու­նի ի՚ր իմաստն ու ծա­ւալուն բո­վան­դա­կու­թիւնը, ի՛ր ան­խա­փան ար­ժէ­քը որու հետ նաեւ, ի՛ր պա­հանջներն ու մօ­տեցումնե­րը գուրգու­րանքով բո­լոր հա­յերու՝ իւ­րա­քան­չիւրի կա­րողու­թեան հա­մեմատ։ Այդ ար­ժէքնե­րու բա­ղադ­րիչնե­րը՝ բա­րեկե­ցու­թիւն, մշա­կոյթ, լե­զու, առող­ջա­պահու­թիւն, ար­դա­րադա­տու­թիւն, բա­նակ, կրթու­թիւն եւ այլն ան­վա­րան պար­տա­դիր եւ կեն­սա­կան է պահ­պա­նել ու զար­գացնել։ Ցա­ւօ՜ք այն յար­գո­ւած չէ բնակ­չութեան մի մա­սի կող­մէ, այնքան որ իրար ատե­լը հա­սած է թշնա­ման­քի մա­կար­դա­կի, իսկ թե­րացումնե­րը բա­զում են։ Թե­րեւս այդ է պատ­ճառնե­րէն մէ­կը ինչ որ տե­ղի կ՛ու­նե­նայ ՀՀ եւ Ար­ցա­խի շուրջը։ Քան­զի սահ­մա­նի միւս կող­մը կը տես­նեն որ հա­յերը դեռ բռունցք չեն դար­ձած։

Ատրպէյ­ճա­նը մեզ բզկտե­լու նպա­տակով օրըս­տօ­րէ նոր պա­հանջ կ՚ստեղ­ծէ, որ իր սկզբնա­կան իղձն է։ Իսկ ռուս խա­ղաղա­պահ­ներն կը հա­մոզեն որ հնա­րաւոր չէ եւ չեն կա­րող ոչինչ ընել՝ պէտք է հա­մակեր­պո­ւել աւե­լի վա­տէն փրկո­ւելու հա­մար։ Մինչ Բեր­ձո­րի մի­ջանցքը բա­ցառա­պէս նոր պա­տերազմ սկսե­լու սադ­րանք է, պատ­րո­ւակ եւ մի­ջազ­գա­յին հե­ղինա­կաւոր կա­ռոյցնե­րը, որ ան­քուն գի­շեր­ներ կ՛անցկաց­նեն աշ­խարհը փրկե­լու՝ նոր պա­տերազ­մը ան­խուսա­փելի կը հա­մարեն։ Իսկ հայ­րե­նի մեր ամե­նագէտ­նե­րը հա­մահունչ սփիւռքի որոշ մա­մու­լի հետ, կրկին փախցնե­լով լռե­լու առի­թը, կ՚աղմկեն թէ ՀՀ ար­դի իշ­խա­նու­թիւննե­րը ակնյայ­տօ­րէն՝ մտա­դիր չեն կան­խել պա­տերազ­մը ու չեն էլ աշ­խա­տիր այդ ուղղու­թեամբ։ Կա­րելի՞ է աւե­լի տխմար ըլ­լալ քան նման թե­րուսնե­րը որ կու­րա­ցած են նի­կոլախ­տով եւ պատ­րաստ են ամէն տե­սակի ստոր քայ­լի եւ հաս­կա­նալու ըն­դունակ եւս չեն որ լի­նել չլի­նելու վի­ճակին ենք եւ հա­սուն է հա­ւանա­կանու­թիւնը նոր բա­խումնե­րու առու­մով՝ մեր «թղթից շե­րեփ»ի դի­մաց, իսկ ազե­րի բո­րենին գե­ղեցիկ խօսք ու գիր չի հաս­կա­նար, ան կը ճա­նաչէ զէնք եւ կոշտ ուժ։ Պար­զա­միտ պէտք է լի­նել չհաս­կա­նալու որ Ալիեւի աճ­պա­րարու­թիւննե­րը Սիւ­նի­քի մի­ջանցքին տի­րանալն է, եւ պատ­րաստ ամէն գնով հաս­նիլ այդ նպա­տակին։

Անժխտե­լի փաս­տի առ­ջեւ ենք որ հա­սարա­կական կար­ծիք ստեղ­ծող հայ տա­րատե­սակ մա­մու­լը հի­ւանդ է, մթնո­լոր­տը՝ թու­նա­ւոր Ար­մենպրե­սի հետ մէկ­տեղ։

Մեծ մա­սամբ անոնցմէ ոմանք կը գոր­ծեն ինչ որ մէ­կու պա­տուէ­րով եւ այնքան մխրճո­ւած են ոլո­րանի սուտ ու կեղծ գա­լար­նե­րու մէջ որ, անոնցմէ մէ­կը կը հա­մար­ձա­կի նշել թէ մի­ջազ­գա­յին չա­փանի­շերով «Եւ­րա­տեսիլ»ը ոչ կա­րեւոր մի­ջոցա­ռում ըլ­լա­լով, պե­տու­թիւնը այ­սու հան­դերձ չէ կա­­րողա­­ցած այն ծա­­ռայեց­­նել քա­­րոզ­­չա­­­կան նպա­­տակ­­նե­­­րով եւ նոր գա­­լիք պա­­տերազ­­մի վտան­­գը կա­­սեց­­նել։ Աւե­­լի հե­­ռու կ՚եր­­թայ Զար­­թօնքը։ Կը կար­­դանք խմբագ­­րա­­­կանը՝ «Ար­­ցա­­­խի ել­­քը միայն ան­­կա­­­խու­­թեան մի­­ջազ­­գա­­­յին ճա­­նաչու­­մին ի խնդիր՝ մեր միահա­­մուռ եւ գործնա­­կան պա­­հան­­ջին մէջ կը կա­­յանայ»։ Ս.Յ.

Ինչպի­­սի՜ պայ­­ծառ միտք։ Բա­­ւական է միահա­­մուռ պա­­հան­­ջենք եւ ամէն ինչ ըստ կա­­նոնի տե­­ղաւո­­րենք՝ Ալիեւը ծնկի կը գայ։

«Խել­­քին աշե­­ցէք», պի­­տի ըսէր զա­­ռամեալ գու­­սա­­­նը։ Նման մտքե­­րու ծնունդը սեր­­տօ­­­րէն կա­­պուած է հա­­յեցի ընդհա­­նուր գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թեան բա­­ցակա­­յու­­թեան, եղած մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րու կրա­­ւորա­­կան կե­­ցուած­­քի եւ որ շատ կա­­րեւոր է, հա­­մատա­­րած թե­­րուս լի­­նելը որուն կա­­րելի է կցել նաեւ տնտե­­սական վի­­ճակը, որ հե­­ռու է հա­­մասեռ ըլ­­լա­­­լէ որ չի նշա­­նակեր թէ բո­­լորը միեւ­­նոյն մա­­կար­­դա­­­կի կեն­­ցաղ պի­­տի ու­­նե­­­նան, միայն թէ նո­ւազա­­գոյ­­նի նի­­շը իրա­­կանու­­թիւնէն շատ հե­­ռու է։ Ի՞նչ կա­­րելի է ըսել լե­­զուի եւ մշա­­կոյ­­թի մա­­սին, երբ թե­­րի գրա­­գիտու­­թիւնը դար­­ձած է հա­­մակարգ, հա­­մաճա­­րակ ուր կը տի­­րեն ամօ­­թալի անկլո­­հայե­­րէնը, եւ եւ­­րա­­­տեսի­­լի մա­­կար­­դա­­­կը, իսկ իւ­­րա­­­քան­­չիւրը իր կա­­տարե­­լու­­թեան հե­­տեւե­­լու փո­­խարէն ամէն ին­­չի լու­­ծումը կ՚սպա­­սէ պե­­տու­­թիւնէն, որու դե­­րը հսկա­­յական է, բայց յա­­ճախ ան եւս նոյն ան­­ձանց խմբա­­ւորում է։

Հայ դպրո­­ցը վրի­­պած է իր դե­­րը։ Միակ գա­­ղափա­­րը, որ բա­­զում հայ­­րե­­­նաբ­­նակնե­­րու մէջ , հա­­մատա­­րած եւ ամ­­րագրո­­ւած է՝ ար­­տա­­­գաղթն է որ կը մնայ անե­­րեր եւ շա­­տերը՝ եթէ իրենք տրա­­մադիր չեն գաղ­­թե­­­լու, ապա կ՚ու­­ղարկեն զա­­ւակ­­նե­­­րը։

Անուն չտանք, քան­­զի այնքան նման են իրար՝ իրենց մտքե­­րով, գոր­­ծա­­­ծած բա­­ռապա­­շարով եւ կեղ­­ծի­­­քի մա­­կար­­դա­­­կով, որ ամէն մէ­­կը կը ճա­­նաչէ ինքն իրեն։

Ար­­տերկիր բու­­ժո­­­ւիլը, դար­­ձած է սո­­վորոյթ որ նման է ԵՄ-ի ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան դի­­մելու, իսկ կա­­լան­­քի դէպ­­քին, կը դառ­­նայ՝ ան­­բուժե­­լի հի­­ւանդ քաղ­­բանտար­­կեալի պի­­տակ։ Օրի­­նակ­­նե­­­րը շատ են։

Ճիշդ է որ պա­­տերազմ ենք կորցրած որու պատ­­ճառնե­­րը բա­­զում են եւ այ­­լա­­­զան։ Մեր պայ­­մաննե­­րը բա­­րեն­­պաստ չեն, մեր տա­­րած­­քը շրջա­­պատո­­ւած է արիւ­­նարբու թշնա­­մինե­­րով որ հո­­գեբա­­նական ճնշում կ՚ստեղ­­ծէ։ Իսկ Ալիեւի ու Էր­­տո­­­ղանի լրբու­­թիւննե­­րը սահ­­ման չու­­նին։

Ճիշդ է նաեւ որ կա­­րելի է մտա­­ծել, թէ մենք ի՞նչ սխալ­­ներ ենք գոր­­ծած, կը շա­­րու­­նա­­­կենք գոր­­ծել՝ առանց մի պահ անդրա­­դառ­­նա­­­լու որ այդտեղ է թա­­ղուած խո­­զի գլու­­խը։

Կան տար­­բեր ամ­­բո­­­խավար կար­­ծիքներ՝ հա­­կադ­­րո­­­ւած, չմտա­­ծուած հիմ­­քե­­­րով երբ ոմանք յա­­մառօ­­րէն կը կրկնեն թէ կոր­­ծանման եզ­­րին ենք եւ պի­­տի շու­­տա­­­փոյտ միանանք մի մեծ երկրի, կամ կը ոգե­­կոչեն ռու­­սէն հե­­ռանա­­լու, կամ մէ­­կը միւ­­սէն աւե­­լի ան­­միտ տար­­բե­­­րակ­­ներ ու տխմա­­րու­­թիւն։ Բայց ոչ մէկ տե­­ղէն ձայն չե­­կաւ թէ ինչպէս ընել որ գլուխ գլխի գա­­լով միասին քննար­­կենք եղած հնա­­րաւոր ու­­ղի­­­ները, եւ մեր ջան­­քե­­­րով նո­ւազ վնա­­սով մի ելք գտնենք՝ զանց չառ­­նե­­­լով են­­թադրեալ օգ­­նութիւննե­­րը դուրսէն։ Յա­­ճախ կը մտո­­րիմ թէ ար­­դեօք ան­­կա­­­խու­­թիւնը ճի՞շդ էր մեզ հա­­մար, եւ ի՞նչ ու­­նե­­­ցանք՝ բա­­ցի մա­­շու­­մէն ու ան­­հա­­­մար կո­­րուստնե­­րէն, կորցնե­­լով բա­­նակա­­նու­­թիւնը եւ պատ­­շաճ հա­­սարա­­կու­­թիւնը, եւ ար­­դի վի­­ճակով հե­­ռու չենք ամ­­բոխ ըլ­­լա­­­լէ, մինչդեռ առ­­կայ են երկրներ որ աւե­­լի վատ կա­­ցու­­թեան մէջ գտնո­­ւելով կա­­րողա­­ցան ոտ­­քի կանգնել եւ մին­­չեւ իսկ առաջ­­նա­­­կարգ կա­­ցու­­թիւն ստեղ­­ծել ինչպէս Գեր­­մա­­­նիան, Կո­­րեան, Սին­­գա­­­պու­­րը եւ այլք։

Որ­­քան որ ցա­­ւալի ըլ­­լայ, անհնար է հարց չտալ՝ ին­­չո՞ւ մենք այդ ցան­­կի վրայ չենք եւ նոյ­­նիսկ եթէ թե­­րեւս նաւթ ու­­նե­­­նայինք, դար­­ձեալ չկա­­րողա­­նայինք իրար հաս­­կա­­­նալ քան­­զի պա­­ռակ­­տո­­­ւելու հնա­­րաւո­­րու­­թիւններ աւե­­լի շատ կ՝ու­­նե­­­նայինք։ Տես­­նենք թէ արե­­ւածա­­գը ո՞րտե­­ղէն է գա­­լու։

(Սեն Ռա­ֆայէլ)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ