Ս. Ծննդեան պատգամ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, որ յայսմ
աւուր յայտնեցաւ,

Հովիւք երգեն ընդ հրեշտակս, տան
աւետիս աշխարհի»


Խորհուրդը մեծ եւ սքանչելի, որ այսօր յայտնուեցաւ,

Հովիւներ կ՚երգեն հրեշտակներուն հետ, աւետիս կու տան աշխարհի


Քրիս­տո­սի Ս. Ծննդեան եւ Աս­տո­ւածա­յայտնու­թեան յի­շատա­կին կա­պուած այս օրե­րը, ժա­մանա­կի ըն­դոստ ելե­ւէջու­մին մէջ, տար­ւոյն ամէ­նէն հո­գեպա­րար, մեր սրտե­րը ամէ­նէն քնքշօ­րէն շո­յող օրե­րը կ՚ըն­ծա­յեն մե­զի։

Մեր Տի­րոջ Յի­սուս Քրիս­տո­սի ծնունդը մեծ եւ սքան­չե­լի խոր­հուրդն է, որով Հայր Աս­տո­ւած տնօ­րինած է իր անեզր յա­ւեր­ժութեան մէջ՝ անօ­րէնու­թեան, կե­ղեքու­մի, անար­դա­րու­թեան, եղ­բայրաս­պա­նու­թեան, մէկ խօս­քով՝ մեղ­քի ճի­րան­նե­րուն մէջ գա­լարող մարդկու­թեան հո­գեւոր փրկու­թիւնը։

Ամէն ըն­տա­նիքի հա­մար, մա­նու­կին ծնունդը իրենց մե­ծագոյն ու­րա­խու­թիւնն է։ Իսկ Յի­սու­սի ծնունդը ամե­նամեծ ու­րա­խու­թիւնն է քրիս­տո­նեայ հա­ւատա­ցեալ­նե­րու աշ­խարհա­ծաւալ մեծ ըն­տա­նիքին հա­մար։

Մար­դուս վե­րաբե­րող կեն­ցա­ղային երե­ւոյթնե­րուն մէջ, մեր ու­րա­խու­թիւնը կ՛ար­տա­յայ­տենք, զա­նազան ձե­ւերով, հո­գեկան ու մարմնա­կան խառն հար­թակնե­րու վրայ։ Այսպէս Ս. Ծննդեան տօնն ալ կը տօ­նենք նախ մեր եկե­ղեցի­ներուն խորհրդազ­գած մթնո­լոր­տին, անոնց երկնամ­բարձ կա­մար­նե­րուն ու գմբէթ­նե­րուն ներ­քեւ, աս­տո­ւածըն­կալ խո­րան­նե­րուն առ­ջեւ։ Բայց կը տօ­նենք նաեւ մեր ըն­տա­նեկան եր­դիքնե­րուն տակ, մեր ակութնե­րուն ջեր­մութեան, մեր ըն­տա­նիք­նե­րուն, հա­րազատ­նե­րուն, բա­րեկամ­նե­րուն եւ ծա­նօթ­նե­րուն մեր­ձա­ւորու­թեան հո­գեպա­րար մտեր­մութեան մէջ։

Այս տո­ղերով կը փա­փաքիմ նախ շնոր­հա­ւորել Իս­թանպու­լի եւ Թուրքիոյ Կա­թողի­կէ Հա­յոց Ս. Ծննդեան, Փրկչին Տնօ­րէնու­թեան, Աս­տո­ւածա­յայտնու­թեան եւ Մկրտու­թեան տօ­նական օրե­րու շղթան, բո­լորին մաղ­թե­լով՝ որ գա­լիք Ամա­նորը ըլ­լայ միշտ Բեթ­ղե­հէմի գի­սաւոր աստղին լոյ­սով ողո­ղուած, Յի­սու­սի մսու­րին շնորհնե­րով տո­գորուած, Երկնա­ւոր Հօր օրհնու­թիւննե­րով ցնցղո­ւած, Ս. Հոգ­ւոյն միւ­ռո­նածոր խնդու­թիւննե­րով բերկրա­լից։

Կը փա­փաքիմ նաեւ հայ­րա­կան յոր­դորս ուղղել բո­լորին՝ որ տօ­նենք Ս. Ծնունդը եւ յա­րակից տօ­ները, վա­յելե­լով ան­շուշտ մեր տու­նե­րուն մտեր­միկ ջեր­մութիւ­նը, այս տօ­ներուն առ­թած վա­յելքն ու հան­գիստը, բայց յի­շելով եւ ապ­րե­լով միշտ Ս. Ծննդեան խո­րագոյն նշա­նակու­թիւնը՝ որ է Փրկչին երե­ւու­մը եւ յայտնու­թիւնը աշ­խարհի վրայ։

Ան­ցեալ Կի­րակի տե­ղի ու­նե­ցան մեր հա­մայնքին Վա­քըֆ­նե­րու հո­գաբար­ձութիւննե­րուն թա­ղական­նե­րու ընտրու­թիննե­րը, բա­ցառու­թեամբ Ս. Յա­կոբ Հի­ւան­դա­նոցի եւ Ս. Յով­հան Ոս­կե­բերան եկե­ղեց­ւոյ։ Ի հե­ճուկս մարդկօ­րէն հասկնա­լի որոշ ան­հանգստու­թիւննե­րու, ընտրու­թիւննե­րը ան­ցան ան­դորր ու խա­ղաղ մթնո­լոր­տի մէջ։ Հա­զար փա՜ռք Աս­տուծոյ։ Նո­րըն­տիր բո­լոր ան­դամնե­րուն կը մաղ­թեմ ի սրտէ Ս. Հոգ­ւոյ եօթ­նարփին շնորհնե­րը, որ­պէսզի իմաս­տութեամբ, աշ­խա­տասի­րու­թեամբ, խո­նար­հութեամբ, ու մա­նաւանդ մեր տի­րախ­նամ Հա­մայնքին եւ անոր Առաջ­նորդին հետ հա­մերաշխ գոր­ծակցու­թեամբ ու թա­փան­ցիկ վար­չա­կար­գով կա­րենան ի գլուխ հա­նել իրենց վստա­հուած փա­փուկ, կա­րեւոր, ազ­գա­նուէր ու եկե­ղեցա­ւանդ ծա­ռայու­թիւնը։

Այս առ­թիւ աղօթ­քի եւ բա­րեմաղ­թութեան իմ եղ­բայրա­կան իղ­ձերս կը փա­փաքիմ փո­խան­ցել բո­վան­դակ Հայ ժո­ղովուրդին, սկսեալ Իս­թանպու­լի մեր տնա­կից եղ­բայրնե­րէն եւ քոյ­րե­րէն եւ անոնց Ամե­նապա­տիւ Սրբա­զան Հո­վուա­պետէն, հո­գեկից եղ­բայր Տ. Սա­հակ Պատ­րիար­քէ, մին­չեւ Հա­յոց աշ­խարհ, մին­չեւ սփի­ւոքի ծայ­րե­րը, մին­չեւ մեր Նո­ւիրա­պետա­կան բո­լոր Աթոռ­նե­րը եւ անոնց տի­րաւանդ հօ­տերը։

Թող բո­լորիս յա­րատեւ աղօթ­քը ըլ­լայ, յատ­կա­պէս այս սուրբ օրե­րուն, որ­պէսզի հրեշ­տակնե­րու աս­տո­ւածա­շունչ եր­գը՝ երկրի վրայ խա­ղաղու­թեան եւ մար­դոց մի­ջեւ հաշ­տութեան, իրա­կանու­թիւն դառ­նայ՝ սկսեալ մեր երկրէն, Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան սահ­մաննե­րէն մին­չեւ աշ­խարհի ծա­գերը, իր ազ­դե­ցու­թիւնը զգաց­նե­լով մաս­նա­ւորա­պէս Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ Կով­կա­սի ալե­կոծ տա­րածքնե­րուն վրայ։

Բեթ­ղե­հէմի սի­րասուն Մա­նու­կը, Տէր Յի­սուս, որ ամե­նակալ Տէրն է աշ­խարհի, թո՜ղ իր սէրն ու գթու­թիւնը առա­տօրէն զե­ղու մեր այս տա­ռապա­գին մարդ­կութեան վրայ։


Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան

Վի­ճակա­ւոր Իս­թանպու­լի եւ Թուրքիոյ Կա­թողի­կէ Հա­յոց


Տո­ւեալ ընդ հո­վանեաւ աթո­ռանիստ

Ս. Աս­տո­ւածա­ծին եկե­ցեց­ւոյ ի Պե­յօղ­լու

21 Դեկ­տեմբեր 2023

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ