Ստեփանակերտ կը դիմէ միջազգային մարդկութեան

Համաշխարհային հայութիւնը շունչը բռնած կերպով կը հետեւի Լաչինի միջանցքը փակելով բովանդակ Արցախին մատնուած մեկուսացման։ Ալիեւի առաւելապաշտ ռազմավարութեան դիմաց Աղցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները ճարահատօրէն յոյսեր կը կապեն միջազգային հասարակութեան արձագանգին։ Տակաւին երեկ էր, երբ միջազգային հասարակութիւնը Պելառուսի նախագահի բերնով կը յայտարարէր թէ Հայաստանի դաշնակից երկիրները բարեկամական կապեր ունին Ատրպէյճանի հետ եւ չեն ուզեր այդ բարեկամութիւնը խանգարող որեւէ դերակատարութիւն ունենալ։ Այս բոլորով հանդերձ Արցախի իշխանութիւններուն աղաղակը կը փոխանցենք մեր ընթերցողներուն «Ասպարէզ»ի էջերէն քաղերով նիւթի հետ առնչուած խորագիրները։

Արցա­խի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը դի­մեց մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան. Ար­ցա­խի ապաշրջա­փակ­ման հա­մար հա­մար­ժէք գոր­ծի­քակազմ մը կի­րար­կե­լու խնդրան­քով։ Այս մա­սին կը նշո­ւի գե­րատես­չութեան յայ­տա­րարու­թեան մէջ. Ար­ցա­խի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը շրջա­փակ­ման օրէն մին­չեւ այ­սօր բազ­մա­թիւ նա­մակ-դի­մումներ յղած է տար­բեր եր­կիրնե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու տե­ղեկա­տուու­թիւն տրա­մադ­րե­լով ստեղ­ծո­ւած իրա­վիճա­կին վե­րաբե­րեալ եւ հայ­ցե­լով հա­մապա­տաս­խան աջակ­ցութիւն. Ար­ցա­խի ապաշրջա­փակ­ման հա­մար։

«Շրջա­փակ­ման պատ­ճա­ռով խախտւում են Ար­ցա­խի ժո­ղովրդի հիմ­նա­րար իրա­ւունքնե­րը։ Մար­դիկ զրկո­ւած են ազատ տե­ղաշար­ժի, պատ­շաճ բու­ժօգնու­թիւն ստա­նալու իրա­ւունքից եւ կեն­սա­կան նշա­նակու­թեան ապ­րանքնե­րի մա­տակա­րարու­մից։ Ստեղ­ծո­ւած իրա­վիճա­կը Ատրպէյ­ճա­նի կող­մից տա­րիներ շա­րու­նակ վա­րուող հա­յատեաց քա­ղաքա­կանու­թեան տրա­մաբա­նական շա­րու­նա­կու­թիւնն է», յայ­տա­րարեց պաշ­տօ­նական Ստե­փանա­կերտ. Նա­խարա­րու­թիւնը կ՛ընդգծէ, որ այս քա­ղաքա­կանու­թիւնը մար­տահրա­ւէր է ամ­բողջ քա­ղաքա­կիրթ աշ­խարհին եւ «ան­վե­րապա­հօրէն պէտք է ար­ժա­նանայ կոշտ ար­ձա­գան­գի»։

Իրան առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ար­ձա­գան­գեց Լա­չինի մի­ջանցքի

Պաշ­տօ­նական Թեհ­րան 20 Դեկ­տեմբե­րին՝ Լա­չինի մի­ջանցքի փա­կու­մէն 9 օր ետք, առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ար­ձա­գան­գեց Լա­չինի մի­ջանցքի ար­գե­լափակ­ման. Իրա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան բան­բեր Նա­սըր Քա­նանի յայտնեց, թէ յոյս ու­նի, որ Լա­չինի մի­ջանցքի ապաշրջա­փակ­ման հար­ցը կը լու­ծո­ւի Հա­յաս­տա­նի ու Ատրպէյ­ճա­նի մի­ջեւ երկխօ­սու­թեան մի­ջոցով եւ խա­ղաղ ու­ղիով՝ հաս­տա­տելով, որ տա­րածաշրջա­նին մէջ խա­ղաղու­թեան ու կա­յու­նութեան հաս­տա­տու­մը կը պա­հան­ջէ թոյլ չտալ որե­ւէ ան­հարկի լա­րուա­ծու­թիւն։

«Մենք կը կար­ծենք, թէ 9 Նո­յեմ­բեր 2020-ի զի­նադա­դարին մա­սին եռա­կողմ յայ­տա­րարու­թեան դրոյթնե­րու ամ­բողջա­կան իրա­կանա­ցու­մը կրնայ վեր­ջա­կէտ դնել եր­կու եր­կիրնե­րուն մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող տա­րակար­ծութիւննե­րուն», յայտնեց ան՝ պա­տաս­խա­նելով իրա­նեան լրա­տուա­միջոց­նե­րու հար­ցումին։

Ու­րուկո­ւայի Ծե­րակոյ­տը Լա­չինի վե­րաբե­րեալ յայ­տա­րարու­թիւն
մը ըն­դունեց

Ու­րուկո­ւայի Ծե­րակոյ­տը միաձայ­նութեամբ ըն­դունեց յայ­տա­րարու­թիւն մը, որեւն մի­ջոցաւ Ատրպէյ­ճա­նին կոչ կ՛ընէ՝ ազատ տե­ղաշարժ ապա­հովե­լու Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղը Հա­յաս­տա­նին կա­պող մի­ջանցքով։ Այս մա­սին «Թո­ւիթըր»ի մի­ջոցով յայտնե­ցին Հա­րաւա­յին Ամե­րիկա­յի Հայ Դա­տի յանձնա­խումբի ներ­կա­յացուցչու­թիւնը։

«Քա­նի մը վայրկեան առաջ Ու­րուկո­ւայի Ծե­րակոյ­տը միաձայն կողմ քո­ւէար­կեց յայ­տա­րարու­թեան մը, որուն մի­ջոցաւ կոչ կ՛ընէ Ատրպէյ­ճա­նին կա­տարե­լու իր մի­ջազ­գա­յին պար­տա­ւորու­թիւննե­րը եւ ազատ տե­ղաշարժ ապա­հովե­լու Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղը Հա­յաս­տա­նին կա­պող մի­ջանցքով՝ վերջ դնե­լով ճնշումնե­րուն», կ՛ըսո­ւի Հայ Դա­տի հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ.

Արամ Ա. Կա­թողի­կոսը
Լա­չինի մի­ջանցքի հար­ցով դի­մեց Սաու­տա­կան Արա­բիոյ
մի­ջամ­տութեան

Երեք­շաբթի, 20 Դեկ­տեմբե­րին, Արամ Ա. կա­թողի­կոսին այ­ցե­լեց Լի­բանա­նի մօտ Սաու­տա­կան Արա­բիոյ դես­պան Ուա­լիտ Պըն Ապ­տալլա Պու­խա­րի։

Վե­հափա­ռը դես­պա­նին ու­շադրու­թեան յանձնեց Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ Լա­չինի մի­ջանցքին փա­կու­մը եւ անոր ծանր հե­տեւանքնե­րը Ար­ցա­խի ժո­ղովուրդին վրայ եւ խնդրեց Սաու­տա­կան Արա­բիոյ մի­ջամ­տութիւ­նը։ Ապա, վե­հափա­ռը եւ դես­պա­նը տե­սակէտ­նե­րու փո­խանա­կում ու­նե­ցան Լի­բանա­նի ու Սաու­տա­կան Արա­բիոյ յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն, Լի­բանա­նի նա­խագա­հական ընտրու­թիւննե­րուն եւ Լի­բանա­նի ժո­ղովուրդին դի­մագ­րա­ւած ըն­կե­րային-տնտե­սական հար­ցե­րուն վե­րաբե­րող կարգ մը հար­ցե­րու շուրջ։

Յայտնենք, որ կա­թողի­կոսը քա­նի մը օրեր առաջ միջ-եկե­ղեցա­կան, միջ-կրօ­նական եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն կոչ ուղղած էր՝ մի­ջամ­տե­լու Լա­չինի մի­ջանցքի վե­րաբա­ցու­մը երաշ­խա­ւորե­լու գծով։

Եկե­ղեցի­ներու հա­մաշ­խարհա­յին խոր­հուրդը (ԵՀԽ), Եւ­րո­պայի եկե­ղեցի­ներու խոր­հուրդը (ԵԵԽ) եւ Մի­ջին Արե­ւել­քի եկե­ղեցի­ներու խոր­հուրդը (ՄԱԵԽ) զա­նազան կեր­պե­րով եւ հրա­պարա­կային յայ­տա­րարու­թիւննե­րով դա­տապար­տե­ցին Ատրպէյ­ճա­նի բար­բա­րոս արարքնե­րը՝ իբ­րեւ խախ­տում մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի եւ պա­հանջե­ցին Լա­չինի մի­ջանցքին ան­յա­պաղ վե­րաբա­ցու­մը։

Ֆրան­սիս պա­պը ան­ցեալ Կի­րակի օրո­ւան պատ­գա­մին մէջ իր խոր մտա­հոգու­թիւնը յայտնեց Ար­ցա­խի մէջ տի­րող կա­ցու­թեան նկատ­մամբ եւ կոչ ուղղեց՝ խա­ղաղ լու­ծում մը գտնե­լու՝ յա­նուն մար­դոց բա­րօրու­թեան։

Նոյն օրը երե­կոյեան, Ար­ցա­խի հար­ցին շուրջ խորհդակ­ցութիւն ու­նե­ցան եր­կու վե­հափառ հայ­րա­պետ­նե­րը եւ ընդգծե­ցին զոյգ Նո­ւիրա­պետա­կան Աթոռ­նե­րուն այդ ուղղու­թեամբ կա­տարո­ւող աշ­խա­տանքնե­րը ներ­դաշնա­կելու կա­րեւորութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ