Քոյր Վարժարաններու Ամանորեայ հանդիպումը

Պոլսոյ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները՝ տնօրէն Մուրատ Մարաշի, հայե­րէնի ու­սուցչու­հի Թա­լին Չոր­թան Կա­րիպ­կիւնի, միջ­նա­կար­գի ու­ղե­ցոյց ու­սուցչու­հի Այ­լին Ալ­թընթօ­փու­զի հետ Ամա­նորի նա­խօրէին այ­ցե­լած են Հրանդ Տինք վար­ժա­րան։

Թարգման­չաց վար­ժա­րանի սա­ները հա­ճելի անակնկալ պատ­րաստած էին։ Անոնք Հրանդ Տինք վար­ժա­րանի աշա­կերտնե­րուն նո­ւէր բե­րած էին իրենց ձեռ­քով պատ­րաստած մեծ ու զար­դա­րուն տօ­նածառ, անու­շե­ղէնով լի կո­ղով, ինչպէս նաեւ ու­սուցիչ­նե­րու թխած բլիթ­ներն ու իրենց պատ­րաստած ամա­նորեայ շնոր­հա­ւորա­կան բա­ցիկ­նե­րը վա­ճառած ու հա­սոյ­թը դպրո­ցին նո­ւիրա­բերած էին։ Դպրո­ցի տնօ­րէն տի­կին Հե­րիք­նազ Աւա­գեանը կա­րեւո­րեց այ­սօ­րինակ հան­դի­պումնե­րը՝ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­լով եւ ընդգծե­լով, որ նման այ­ցե­լու­թիւննե­րը պանդխտու­թեան մէջ ապ­րող հա­յաս­տանցի երա­խանե­րուն ուժ կու տան, քա­նի որ անոնք կը տես­նեն թէ, մի­նակ չեն՝ իրենց կող­քին են պոլ­սա­հայ քոյր ու եղ­բայրնե­րը։

Հրանդ Տինք վար­ժա­րանի եր­դի­կի տակ եր­կու վար­ժա­րան­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ երգ ու պա­րի ջերմ մթնո­լոր­տին Ամա­նորին ըն­դա­ռաջ բո­լորը մի­մեանց շնոր­հա­ւորե­ցին գա­լիք Նոր Տա­րուայ առթիւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ