Կարէնը, Կարէնիթօները եւ Ամանորեայ ոգին

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

Կարծես թէ հա­­մավա­­րակի պատ­­ճա­­­ռած եր­­կու տա­­րուայ մե­­կու­­սա­­­ցու­­մը չենք կրցած թօ­­թափել։ Թե­­րեւս այդ է պատ­­ճա­­­ռը որ Ամա­­­նորի նա­­­խօրեակին ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւն պատ­­­ճա­­­­­­­ռելու առիթ ըն­­­ձե­­­­­­­ռող երե­­­ւոյթնե­­­րուն հան­­­դի­­­­­­­պելու կը դժո­­­ւարա­­­նամ։ Այս մտա­­­տան­­­ջութիւ­­­նը փա­­­ռատե­­­ցաւ սոց­­­ցանցե­­­րու մէջ Կա­­­րէնի­­­թօնե­­­րուն հան­­­դի­­­­­­­պելով։ Անզգա­­­լաբար ժպիտ մը պա­­­տեց թէ դէմքս եւ թէ ներքնաշ­­­խարհս։ Ին­­­ծի այդ ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնը պատ­­­ճա­­­­­­­ռող Կա­­­րէնի­­­թօնե­­­րը այսպէ­­­սով իրենց նպա­­­տակին հա­­­սած էին։ Ես ալ որո­­­շեցի անոնց ջեր­­­մութիւ­­­նը թեր­­­թին էջե­­­րուն փո­­­խան­­­ցե­­­­­­­լով ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րուն հետ բաժ­­­նել իմ մէջ գո­­­յացած տրա­­­մադ­­­րութիւ­­­նը։

Այսպէ­­­սով գտայ Կա­­­րէնը։ Իմ առա­­­ջար­­­կով Ամա­­­նորեայ Կա­­­րէնի­­­թօներ պատ­­­րաստեց։ Եր­­­կու կա­­­տու­­­ներ ու շնիկ Կա­­­րէնին ներշնչման աղ­­­բիւրներն են։

Այս զրոյ­­­ցով ես մուտք գոր­­­ծած եղայ յա­­­տուկ ու եր­­­ջա­­­­­­­նիկ աշ­­­խարհէ մը ներս, ուր մեծ հա­­­մերաշ­­­խութամբ կ՚ապ­­­րին Կա­­­րէն Պուլտուք, եր­­­կու կա­­­տու­­­նե­­­­­­­րը՝ Սիփ­­­սի եւ Թիփ­­­սի, շնի­­­կը Քո­­­ֆի եւ անոնց միաս­­­նա­­­­­­­բար ար­­­տադրած Կա­­­րէնի­­­թօնե­­­րը։ Այս զրոյ­­­ցով կ՚իմա­­­նամ թէ Կա­­­րէն աւար­­­տած է նախ Պա­­­քըր­­­գիւղի Տա­­­տեան եւ ապա Կեդ­­­րո­­­­­­­նական վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րը։ Աւար­­­տած է նաեւ Պէյ­­­քենթ Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի կրա­­­ֆիքի բա­­­ժինը։ Նոյն նիւ­­­թով ու­­­սում ստա­­­ցած է նաեւ Էս­­­քի­­­­­­­շեհիր Անա­­­տոլու Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան բա­­­ժինը։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս այս բո­­­լորէն ետք աւար­­­տած է նաեւ Մատ­­­րի­­­­­­­տի Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան բա­­­ժինը։

Զա­­­նազան հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րէ ներս կու­­­տա­­­­­­­կած փոր­­­ձութիւննե­­­րը Կա­­­րէնին կ՚ըն­­­ձե­­­­­­­ռեն ար­­­տադրու­­­թեան ալ տա­­­ռատե­­­սակ դրու­­­թիւններ։ Ան գծան­­­կարչու­­­թիւննե­­­րու կող­­­քին կեր­­­պարներ կեր­­­տե­­­­­­­լու, թո­­­ւային դրու­­­թիւննե­­­րով բո­­­վան­­­դա­­­­­­­կու­­­թիւններ ար­­­տադրե­­­լու, թի­­­փոկ­­­րա­­­­­­­ֆիկ տպագ­­­րութեան, լու­­­սանկրա­­­չու­­­թեան ու վիտ­­­յօ ժա­­­պաւէն­­­նե­­­­­­­րու կի­­­րար­­­ման եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը իր աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի ան­­­սահմա­­­նու­­­թեան ապա­­­ցոյցներն են կար­­­ծես։

Այս աշ­­­խա­­­­­­­տաու­­­թիւննե­­­րով նո­­­ւաճած է զա­­­նազան մրցա­­­նակ­­­ներ։ Մաս­­­նակցած է երկրէ ներս եւ ար­­­տերկրի զա­­­նազան ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէսնե­­­րուն։

«Սրտնե­­­ղու­­­թեան մը պա­­­հուն թուղթ ու մա­­­տիտ վերցնե­­­լով սկսայ կեր­­­պար մը ձե­­­ւաւո­­­րել։ Պարզ փորձ մըն էր, որուն ար­­­դիւնքը ան­­­նա­­­­­­­խադէպ եղաւ։ Ու­­­րիշներ այս կեր­­­պա­­­­­­­րը տես­­­նե­­­­­­­լով խրա­­­խու­­­սող մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թիւններ բե­­­րին։ Սկսայ կող­­­քի կեր­­­պարներս եւս պատ­­­րաստել։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս անոնց հա­­­մար գտած էի յար­­­մար կո­­­չում մըն ալ՝ Կա­­­րէնի­­­թօներ։ Իրա­­­կանու­­­թեան մէջ Մատ­­­րի­­­­­­­տի ու­­­սա­­­­­­­նողա­­­կան տա­­­րինե­­­րուս ըն­­­կերներս ին­­­ծի վա­­­յելե­­­ցու­­­ցած էին Կա­­­րէնի­­­թօ անու­­­նը։ Հե­­­տեւա­­­բար այս անո­­­ւանու­­­մը տա­­­րօրի­­­նակ պի­­­տի չըլ­­­լար նոր կեր­­­պարնե­­­րուս հա­­­մար, քա­­­նի որ ես անոնց մէջ ինքզինքս կը տես­­­նէի։ Չէ որ Կա­­­րէնի­­­թօնե­­­րու ար­­­կա­­­­­­­ծախնդրու­­­թիւններն ալ իմ ամե­­­նօրեայ ապ­­­րումնե­­­րէն կը ներշնչո­­­ւէին։ Նոյ­­­նիսկ կրնամ ըսել թէ անոնք իմ սի­­­րասուն եւ խենդուկ երա­­­խաներն են։

Կա­­­րէնի­­­թօնե­­­րուն հետ ար­­­դէն ան­­­ցած ենք տա­­­սը տա­­­րուայ ճա­­­նապարհ մը։ Նշեմ որ Կա­­­րէնի­­­թօնե­­­րը իբ­­­րեւ կեր­­­պար ու­­­նին նմա­­­նու­­­թիւններ ու տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւններ։ Անոնց հա­­­սարա­­­կած նմա­­­նու­­­թիւնը մէ­­­կական գի­­­ծէ բաղ­­­կա­­­­­­­ցող, սրունքներն ու թե­­­ւերն են։ Ու­­­րիշ նմա­­­նու­­­թիւն մըն ալ ար­­­տա­­­­­­­կար­­­գօ­­­­­­­րէն խո­­­շոր աչ­­­քերն են։ Բայց բա­­­ցի այս հա­­­սարակ նմա­­­նու­­­թե­­­­­­­նէն իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւրը ու­­­նին յա­­­տուկ տա­­­րազ, անուն եւ նաեւ բնա­­­ւորու­­­թիւն։

Կա­­­րէնի­­­թօնե­­­րը մա­­­նաւանդ ալ ան­­­չա­­­­­­­փահաս­­­նե­­­­­­­րու հետ հան­­­դի­­­­­­­պելու մի­­­ջոց­­­ներ ու­­­նին։ Այդ մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րէն մէկն է «Եու­­­Թուպի» վրայ տե­­­ղադ­­­րո­­­­­­­ւած զո­­­ւար­­­ճա­­­­­­­լի դաս­­­տիարակ­­­չա­­­­­­­կան ժա­­­պաւէն­­­նե­­­­­­­րը։ Ափ­­­սոս որ այս աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քին վեր­­­ջերս լծո­­­ւեցայ եւ Ամա­­­նորի հա­­­մար բա­­­ւակա­­­նին Կա­­­րէնի­­­թօներ չեմ կրցած պատ­­­րաստել։

Ին­­­ծի հա­­­մար մա­­­նուկնե­­­րու երե­­­ւակա­­­յու­­­թիւնը շար­­­ժման բե­­­րելը նպա­­­տակ մը կրնայ հա­­­մարո­­­ւիլ։ Շատ ու­­­րախ կ՚ըլ­­­լամ եթէ դպրոց­­­նե­­­­­­­րէ ներս մա­­­նաւանդ ման­­­կա­­­­­­­պար­­­տէ­­­­­­­զի սա­­­ներով աշ­­­խա­­­­­­­տանոց­­­ներ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պե­­­­­­­լու առի­­­թը ու­նե­նամ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ