Արցախ, յիշողութիւն, անհաշտութիւն

ՕՍՄԱՆ ՔԱՒԱԼԱ

Երբ տարի մը առա­ջ կը պա­տաս­ախ­նէի «Ակօս» թեր­թի ուղղած հար­ցումնե­րուն, դրա­կան զար­գա­ցում ըլ­լա­լով գնա­հատած է Թուրքիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թիւննե­րուն բա­նակ­ցութիւննե­րու մեկ­նարկման որո­շու­մը։ Նշած էի թէ բա­նակ­ցութիւննե­րու մեկ­նա­կու­մը եթէ չհաս­նի խա­ղաղու­թեան ար­դար դա­շին­քի մը, ալ աւե­լի կը խտա­նան պա­տերազմնե­րուն պատ­ճառ դար­ձած աւեր­նե­րը, հա­կառա­կոր­դի հան­դէպ անվստա­հու­թիւնը եւ կան­խա­կար­ծիքնե­րը։ Սա­կայն Ար­ցա­խի պատե­րազմէն ետք ապ­րո­ւած զար­գա­ցումնե­րը մտա­հոգիչ են։ Վեր­ջա­պէս Լա­չինի մի­ջանցքի շրջա­փակու­մը կ՚ար­գե­լափա­կէ Թուրքիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ մեկ­նարկած յա­րաբե­րու­թիւննե­րը զարգացնելու տրա­մադ­րութիւ­նը։ Իմ զգու­շա­ցու­ցած ժխտա­կան գոր­ծընթա­ցը կան­խե­լու հա­մար ալ որե­ւէ շար­ժում չենք տես­ներ։

Կա­ցու­թեան ան­պա­տեհու­թիւնը նշե­լու հա­մար կ՚ու­զեմ յի­շեց­նել Հրան­դի առա­ջադ­րանքնե­րը։ Միջ­նա­կար­գի եւ լի­սէի աշա­կեր­տութեան տա­րինե­րուս թէեւ ծա­նօթա­ցած էի հայ ըն­կերնե­րու հետ, բայց առա­ջին ան­գամ 1915-ի մա­սին զրու­ցած եմ Անգլիա ու­սա­նողու­թեան տա­րինե­րուս հա­մալ­սա­րանի հան­րա­կացա­րանը բաժ­նած պարսկա­հայ ու­սա­նողի մը հետ։ Թուրքիոյ մէջ ալ այս նիւ­թը առա­ջին ան­գամ խօ­սած եմ Հրան­դին հետ։ Ինչպէս գի­տէք Հրանդ թա­պուի մը վե­րածո­ւած այս նիւ­թը եւ Թուրքիոյ հա­յերուն հան­դի­պած խտրա­կանու­թիւնը առա­ջին ան­գամ երկրի հա­սարա­կու­թեան ծա­նօթաց­նող հայ մտա­ւորա­կանը եղած է։ Ան հա­յոց իրո­ղու­թիւնը պար­զե­լու ժա­մանակ թուրքե­րուն այս մեծ ոճի­րով ու անար­դա­րու­թեամբ առե­րեսուելուն կող­քին երա­զած էր նաեւ թուրքե­րու եւ հա­յերու իրար հաս­կա­ցողու­թեան, փո­խադար­ձա­բար բա­րեկա­մական զգա­ցումներ զար­գացնե­լու եւ մեր­ձե­ցումներ ապա­հովե­լու գոր­ծընթա­ցը։ Այսպէ­սով եր­կու ժո­ղովուրդ պի­տի ազա­տէին իրենց մարմնին մէջ տեղ գտած ժահ­րէն։ Այս պատ­ճա­ռաւ ալ ստանձնեց ո՛չ միայն հա­յոց, այլ խղճի տէր եւ հա­ւասա­րու­թեան հա­ւատա­ցող բո­լոր քա­ղաքա­ցինե­րու ձայ­նը ըլ­լա­լու պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը։ Եթէ չեմ սխա­լիր Հրանդ հա­րեւան ժո­ղովուրդներ ըլ­լա­լու եւ մշա­կու­թա­յին նմա­նու­թիւններ պար­զե­լու բեր­մամբ նա­խապա­տուու­թիւնը կ՚ըն­ծա­յէր Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովուրդին հետ մեր­ձեցման։ Ան մտա­հոգ էր սփիւռքա­հայե­րուն իրենց ապ­րած եր­կի­ներու կա­ռավա­րու­թիւննե­րուն վրայ, ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը պաշ­տօ­նապէս ճանչնա­լու ուղղո­ւած ռազ­մա­վարու­թե­նէն։ Հա­մոզո­ւած էր որ այդ ար­շա­ւը թուրք հա­սարա­կու­թեան մէջ կան­խա­կար­ծիքնե­րը պի­տի ամ­րացնէ։ Ան կը մեր­ժէր երկխօ­սու­թեան պայ­ման ըլ­լա­լով ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչու­մը պար­տադրող քա­ղաքա­կանու­թիւնը։ Այսպէ­սով ալ հաս­կա­ցողու­թեան տար­բե­րու­թիւն մը գո­յացու­ցած էր սփիւռքա­հայ հա­սարա­կու­թեան հետ։ Կը կար­ծեմ թէ այս մա­սին սփիւռքա­հայու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի հա­սարա­կու­թեան մի­ջեւ մեր­ձեցման տար­բե­րու­թիւն մը առ­կայ է։ Զի­րենք ար­մատնե­րէն պո­կած, պատ­մա­կան հայ­րե­նիքէն զրկած 1915-ի դէպ­քե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն անո­ւանե­լով տար­բեր եր­կիրներ ցրո­ւած սփիւռքա­հայե­րը գտան զի­րենք միաց­նող տարր մը։ Այդ տար­րը սփիւռքի քա­ղաքա­կան մշա­կոյ­թի հիմ­նա­կան յատ­կա­նիշն է նաեւ։

Միւս կող­մէ Հա­յաս­տա­նէ ներս՝ ուր ազ­գա­յին մշա­կու­թա­յին ինքնու­թիւնը բնո­րոշո­ղը մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գին յա­րատե­ւու­թիւնն է, 1915-ը հա­սարա­կական յի­շողու­թեան մէջ նման նշա­նակու­թիւն չու­նի։ Սփիւռքա­հայ կազ­մա­կեր­պութիւններ առար­կութիւններ կը ներ­կա­յաց­նէին Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան Թուրքիոյ հետ ստո­րագ­րած ար­ձա­նագ­րութիւննե­րուն մէջ 1915-ի վե­րաբե­րեալ ակ­նարկութիւն մը չունենալուն համար։ Այս ալ կ՚ապա­ցու­ցէ թէ Հա­յաս­տա­նի նա­խապա­տուու­թիւնները տար­բեր են։

Հա­յաս­տա­նի պատ­մութեան մէջ աւե­լի կա­րեւոր տեղ ու­նի 1920 թո­ւակա­նին զօ­րավար Քա­զըմ Գա­րապե­քիրի հա­յոց Ղար­սէն ու Կիւմրիէն մեծ կո­րուստնե­րով նա­հան­ջե­լուն պատ­ճառ դար­ձած զի­նուո­րական գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը։ Այդ բա­խումնե­րէն ան­մի­ջապէս ետք Խոր­հուրդա­յին Միու­թեան եւ Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան մի­ջեւ «Բա­րեկա­մու­թեան եւ եղ­բայրու­թեան դա­շինք» ստո­րագ­րո­ւեցաւ։ Ղար­սի պայ­մա­նագ­րով վերջ գտաւ Թուրքիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ սահ­մաննե­րու մա­սին տա­րակար­ծութիւ­նը։ Հա­յաս­տան ան­դա­մակ­ցե­լով Խորհրդա­յին Միու­թեան, են­թարկո­ւեցաւ նաեւ ազ­գա­յին զգա­ցումնե­րու ար­տա­յայ­տութիւ­նը ար­գի­լող գա­ղափա­րախօ­սու­թեան մը ճնշումնե­րուն։ Այսպէ­սով կան­խած եղաւ երի­տասարդ սե­րունդնե­րու մէջ թրքա­տեացու­թեան սեր­մանումը։ Սա­կայն ինչպէս պա­տահած էր Թուրքիա- Յու­նաստան պա­տերազ­մի աւար­տին, այս ան­գամ եր­կու հա­սարա­կու­թիւննե­րու մի­ջեւ մեր­ձե­ցում մը եւ խա­ղաղաու­թեան մի­ջավայր մը չգո­յացաւ։ Եր­կու հա­րեւան ժո­ղովուրդ, Խորհրդա­յին հա­մակար­գին ալ ազ­դե­ցու­թեամբ իրար­մէ հե­ռու մնիացին։ Խորհրդա­յին Միու­թեան տա­րան­ջա­տու­մէն ետք Ար­ցա­խի խնդրի բռնկու­մով եւ հայ զի­նեալ միաւորումնե­րու շրջա­կայ տա­րածքնե­րը գրա­ւելով յա­րաբե­րու­թիւններն ալ տա­կաւին չսկսած սա­ռեցան։

Ար­ցա­խեան վեր­ջին պա­տերազ­մով Թուրքիա 1920-էն այս կողմ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ուղղա­կիօրէն կողմ եղաւ հա­յոց դէմ պա­տերազ­մին։ Այս ալ իր ժխտա­կան անդրա­դար­ձը ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովուրդին վրայ։ Պա­տերազ­մի պատ­ճա­ռած բռնու­թեան, պար­տութեան հո­գեբա­նու­թեան, 1920-ի կռիւ­նե­րուն յի­շողու­թեան եւ 1915-ի մա­սին պա­տումնե­րուն հա­սարա­կական յի­շողու­թեան մէջ նոր իմաստ ստա­նալուն ակա­նատես կ՚ըլ­լանք։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ կ՚ու­զեմ կէտ մը եւս աւելցնել ան­ցեալ տա­րի «Ակօս»ին ղրկած պա­տաս­խաննե­րուս։ Եթէ շու­տա­փոյթ կեր­պով ար­դար եւ ըն­դունե­լի խա­ղաղու­թեան են­թա­հող մը չգո­յանայ, Հա­յաս­տա­նի մէջ թուրքե­րու հան­դէպ նա­խապա­շար­նե­րով լե­ցուն նոր սե­րունդնե­րու պի­տի հան­դի­պինք։

Ան­ցեալին իրա­րու թշնա­մացած հա­սարա­կու­թիւննե­րու բա­րեկա­մու­թիւն զար­գացնե­լը քա­ղաքա­կան հա­սու­նութիւն ալ կը բե­րէ։ Ավ­տո­րիտար եւ ազ­գայնա­կան հո­սանքնե­րուն շա­հագոր­ծած թշնա­մու­թեան ըն­կա­լու­մի տկա­րացու­մով ժո­ղովրդա­վարա­կան մշա­կոյ­թի մը զար­գացման առ­ջեւ ցցո­ւած ար­գելքներն ալ կը հար­թո­ւին։ Կը հա­ւատամ թէ Թուրքիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի հա­սարա­կու­թիւննե­րը նման զար­գա­ցու­մի մը կա­րիքը ու­նին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ