Գիլգամեշի դիւցազնավէպը եւ անոր հայերէն թարգմանութիւնը -Գիւտի մը հետքերով-

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Ուրուկ քա­ղաքի բռնա­տէրը

Մի­ջագետ­քի Ու­րուկ քա­ղաքի ար­քան էր Գիլ­գա­մեշը։ Մէկ եր­րորդով մարդ, եր­կու եր­րորդով աս­տո­ւած էր ան։ Ահազ­դու տի­րակալ։ Մկա­նաւոր ըմբշա­մար­տիկ։ Հսկայ բռնա­պետ մը իս­կա­կան։ Չէ, յար­գե­լի ըն­թերցող, այ­սօր ձե­զի պի­տի չպատ­մեմ Գիլ­գա­մեշի եր­կա­րապա­տում, եր­կա­րաշունչ ար­կա­ծախնդրու­թիւննե­րը, թէ ան ինչպէ’ս ան­մա­հու­թեան գաղտնի­քին տի­րանա­լու նպա­տակով ճա­նապար­հորդու­թիւններ կա­տարեց, սա­կայն ձա­խողե­լով իրեն թե­լադ­րո­ւած բո­լոր քննու­թիւննե­րը, ապար­դիւն վե­րադար­ձաւ Ու­րուկ, հասկնա­լով, թէ մար­դը բա­րի գոր­ծով եւ անու­նով միայն ան­մահ կրնայ մնալ։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, սու­մե­րական այդ դիւ­ցազնա­վէպը, աշ­խարհի ամե­նահի­նը, ար­դէն 12 սե­պագիր սա­լիկ­նե­րու վրայ ակը կա­դերէն լե­զուով փո­րագ­րո­ւած է 4700 տա­րի առաջ։ Ես ձե­զի պի­տի պատ­մեմ, թէ ինչպէ՛ս մէկ այլ ար­կածնդրու­թիւն եղաւ այդ պատ­մութիւ­նը դա­սարա­նի մէջ, աշա­կերտնե­րով արեւմտա­հայե­րէն ըն­թերցե­լու փորձս։

Երկրորդ օտար գիր­քը

Հա­րաւա­յին Քա­լիֆոր­նիոյ հա­յահոծ Փա­սատե­նա քա­ղաքի Հայ­կա­կան Ճե­մարա­նի մէջ մեր դա­սաւան­դած դա­սերէն մէ­կը կը պա­հան­ջէ, որ աշա­կերտնե­րը ամէն տա­րի վեց գիրք կար­դան, չոր­սը՝ հայ­կա­կան գրա­կանու­թե­նէն, իսկ եր­կուքը՝ թարգմա­նական։ Այդ գիր­քե­րը պէտք է որ պա­րու­նա­կեն բա­րոյա­կան հա­մամարդկա­յին պատ­գամ մը։ Այդ պատ­գա­մի վե­րաբե­րեալ աշա­կեր­տը պի­տի գրէ աւար­տա­կան ճառ մը ու պի­տի տայ բա­նաւոր ներ­կա­յացում մը։ Որ­պէս օտար գրա­կանու­թեան դիւ­րըմբռնե­լի նմոյշ, այս տա­րի յար­մար գտայ ըն­թերցել աշ­խարհահռչակ վի­պակ մը, «Ալ­քի­միկո­սը», ուր սպա­նացի հո­վիւ Սան­դիագոն երա­զի մէջ կը տես­նէ, թէ իր կեան­քի նպա­տակին հաս­նե­լու հա­մար պէտք է որ Եգիպ­տոս ճամ­բորդէ։ Հոն, բուրգե­րու տակ թա­ղուած է իր փնտռած գան­ձը։

Աշա­կերտնե­րը հա­ճոյ­քով կար­դա­ցին այդ գիր­քը, ապա հարց տո­ւին, Պա­րոն, երկրո՞րդ գիր­քը ինչ պի­տի ըլ­լայ։ Աշ­խարհի ամե­նահին պատ­մութիւ­նը, Գիլ­գա­մեշի դիւ­ցազնա­կան ար­կա­ծախնդրու­թիւննե­րը,- պա­տաս­խա­նեցի, առանց գիտ­նա­լու, թէ այդ որո­շու­մովս գլուխս մեծ փոր­ձանքի մը մէջ դնե­լու վրայ էի, եւ ե՛ս ալ, Գիլ­գա­մեշի նման պի­տի հար­կադրո­ւէի եր­կա­րատեւ ճա­նապար­հորդու­թիւններ կա­տարել, որ­պէսզի յայտնա­բերեմ այդ պատ­մութեան հա­յերէն թարգմա­նու­թեան գաղտնի­քը։

Առա­ջին խար­խա­փումնե­րը

- Ալօ, բա­րեւ, Գիլ­գա­մեշի հա­յերէն թարգմա­նու­թիւնը կ’ու­զեմ։ Տասնմէկ հատ։ Եթէ կա­րելի է նո­րագոյն հրա­տարա­կու­թիւն մը, ճեր­մակ թուղթի վրայ, թարմ, փայ­լուն տպագ­րութիւն մը, նա­խընտրա­բար պատ­կե­րազարդ եւ քար­տի­զաւոր, որ­պէսզի աշա­կերտնե­րուս հա­մար գրա­ւիչ ըլ­լայ։

- Պա­րոն Նո­րայր, այդ գիր­քը չու­նինք։ Եր­բեք ալ չենք ու­նե­ցած, նոյ­նիսկ չեմ լսած, որ գո­յու­թիւն ու­նի։

Աշ­խարհի ամե­նահին պատ­մութեան հա­յերէն թարգմա­նու­թիւնը գո­յու­թիւն չու­նի՞,- մտա­ծեցի զար­մա­ցած։ Որո­շեցի քա­ղաքիս երկրորդ հայ­կա­կան գրա­խանու­թը հե­ռաձայ­նել։ Նոյն եր­կխօ­սու­թիւնը… Ին­չո՞ւ վհա­տիլ։ Եթէ լի­բանա­նահայ եւ հա­լէպա­հայ աշա­կերտներս Ալ­քի­միկո­սը կար­դա­ցին արե­ւելա­հայե­րէն, որ­պէս թէ ա՚ն ըլ­լար իրենց մայ­րա­կան բար­բա­ռը, հե­տեւա­բար, մտա­ծեցի, եթէ Հա­յաս­տա­նի մէջ լոյս տե­սած է գիր­քը, կա­րելի է տաս­նեակ մը օրի­նակ պա­տուի­րել ու ան­մի­ջապէս, լու­ծում մը գտած ըլ­լա­լու վստա­հու­թեամբ, այ­ցե­լեցի հայ­րե­նի գրա­խանութնե­րու կայ­քէ­ջերը։

Երե­ւանեան
հրա­տարակ­չա­տու­նե­րու աշ­խարհը

Books.am, Bookinist, Գրքե­րի Աշ­խարհ… Չկայ։ Գիլ­գա­մեշի հրա­տարա­կու­թիւնը անգտա­նելի է։ Քա­նի մը հե­ռաձայն, քա­նի մը հա­ղոր­դագրու­թիւն եւս։ Բայց, ապար­դիւն։

- Պա­րոն, հի­մա ի՞նչ պի­տի կար­դանք։

- Հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան քնա­րական նմոյշ մը, Խա­չիկ Դաշ­տենցի «Ֆայ­տոն Ալեք» եր­կա­րաշունչ պոեմը։

Այդ զմայ­լե­լի պատ­մութեան ըն­թերցու­մը մօ­տաւո­րապէս մէկ ամիս պի­տի տե­ւէ եւ ին­ծի ժա­մանակ պի­տի տայ, որ ես հաս­կնամ, թէ ի՚նչ է Գիլ­գա­մեշի հա­յերէն թարգմա­նու­թեան առեղ­ծո­ւածը։ Չէ՞, որ մենք մի­ջազ­գա­յին գրա­կանու­թեան երե­ւելի եւ անե­րեւոյթ գո­հար­նե­րը այլ ազ­գե­րէն աւե­լի առաջ թարգմա­նած ենք։ Յի­շեց­նեմ, թէ իտա­լացի վի­պագիր Է. Դէ Ամի­ճիսի «Սիր­տը» վի­պակը նախ հա­յերէ­նի թարգմա­նուե­ցաւ, ապա անգլե­րէնի եւ այլ լե­զու­նե­րու։

Չե­խիա, 1963

Հա­մացան­ցը… Ան կրնար ըլ­լալ վեր­ջին յոյ­սը։ Հա­մակարգչա­յին որո­նումնե­րով մտո­վի ճամ­բորդե­ցի Երե­ւանէն Պո­լիս, Վե­նետի­կէն Վիեն­նա։ Ո՛չ մէկ հետք Գիլ­գա­մեշէն… Բայց բախ­տա­ւոր օր մը, որո­նումներս իրենց առա­ջին պտու­ղը տո­ւին, զիս դնե­լով անսպա­սելի երկրի մը մե­ծագոյն կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան դար­պա­սին առ­ջեւ՝ Չե­խիոյ հպար­տութիւ­նը՝ կայսր Կառ­լոս Դ.ի կող­մէ 1348 թո­ւակա­նին հիմ­նադրո­ւած, աշ­խարհի լա­ւագոյն հա­մալ­սա­րան­նե­րու ցան­կին մէջ պատ­կա­ռելի տեղ գրա­ւող Բրա­հայի հա­մալ­սա­րանը։ Ահա այդ հա­մալ­սա­րանի արե­ւելա­գիտու­թեան բաժ­նի հա­յազ­գի դա­սախօ­սը 1963 թո­ւակա­նին արեւմտա­հայե­րէնի թարգմա­ներ է Գիլ­գա­մեշի դիւ­ցազնա­վէպը։ Իսկ ո՞ւր էր այդ գիր­քը։ Նոյնքան կա­րեւոր հար­ցում մը. ո՞վ էր այդ թարգմա­նիչ պատ­մա­բանը։

Խար­բերդէն Չե­խիա

Գիլ­գա­մեշի հայ թարգմա­նիչը սփիւռքա­հայ արե­ւելա­գէտ Նշան Մար­տի­րոսեանն է։ Ան 1894 թո­ւակա­նին ծներ է Խար­բերդի Խուռնա­ւիլ գիւ­ղի մէջ։ Միջ­նա­կարգ կրթու­թիւնը ստա­ցեր է Աւստրիոյ մէջ։ 1920-26 թո­ւական­նե­րուն Պրա­հայի հա­մալ­սա­րանի մէջ ու­սա­ներ է իմաս­տա­սիրու­թիւն։ 1927 թո­ւակա­նին հա­մալ­սա­րանի հրա­ւէրով դար­ձեր է դա­սախօս։ Ն. Մար­տի­րոսեանը այ­նուհե­տեւ մաս­նա­գիտա­ցեր է Փոքր Ասիոյ պատ­մութեան, ինչպէս նաեւ սու­մե­րերէն, խե­թերէն, ասո­րերէն, աք­քա­դերէն լե­զու­նե­րու մէջ։ Յի­շեց­նեմ, թէ աք­քա­դերէն լե­զուով է, որ Գիլ­գա­մեշի դիւ­ցազնա­վէպը գրի առ­նո­ւած է։ 1930-40 թո­ւական­նե­րուն Մար­տի­րոսեանը խո­րացեր է հայ­կա­կան դի­ցաբա­նու­թեան, պատ­մութեան, ստու­գա­բանու­թեան եւ աշ­խարհագ­րութեան մէջ։ Ան հրա­տարա­կեր է բազ­մա­թիւ աշ­խա­տասի­րու­թիւններ եւ յօ­դուած­ներ։ Այդ շար­քէն է «Խար­բերդի շրջան­նե­րը՝ Հա­յոց հնա­գոյն օր­րա­նը» ու­սումնա­սիրու­թիւնը։ Իսկ 1963 թո­ւակա­նին, ահա­ւասիկ իս­կա­կան յայտնու­թիւնը՝ Նշան Մար­տի­րոսեան հա­յերէ­նի թարգմա­ներ է Գիլ­գա­մեշի էպո­սը։ Իսկ ո՞ւր էր տպա­գիր գիր­քը։

Վաթ­սունա­մեայ մռայ­լութիւն

Ն. Մար­տի­րոսեանի ըն­տիր արեւմտա­հայե­րէնով մը գրի առ­նո­ւած թարգմա­նու­թիւնը 1963 թո­ւակա­նին լոյս տե­սեր է, ո’չ թէ Չե­խիոյ, այլ՝ Երե­ւանի մէջ։ Հայ­րե­նի հրա­տարա­կիչ­նե­րը պա­հած են լե­զուն, սա­կայն դա­սական ուղղագ­րութիւ­նը վե­րածեր են պե­տակա­նի։ Այս գիւ­տը պատ­ճառ եղաւ, որ հե­ռաձայ­նեմ Երե­ւանի Վեր­նի­սաժ շու­կա­յի մէջ հնա­տիպ գիր­քե­րու առու­ծա­խով զբա­ղող բա­րեկա­մի մը։

- Պա­րոն Նո­րայր, ո՞նց էք։

- Լաւ եմ։ Դուք ինչպէս էք։ Մայ­րա­քաղա­քը ինչպէ՞ս է։

- Ամեն ինչ լաւ է։ Սո­վորա­կան։

- Ին­ծի նո­րէն գիրք մը պէտք է։ Գիլ­գա­մեշ։ Երե­ւան, 1963։

Շա­բաթ մը ետք Երե­ւանէն հա­սաւ Գիլ­գա­մեշը։ Գանձ մը գտա­ծի պէս բա­ցի ծրա­րը։ Բա­ւական լաւ վի­ճաի մէջ էր գրե­թէ վաթ­սուննոց այդ հրա­տարա­կու­թիւնը։ Սա­կայն, աշա­կեր­տի հա­մար ո՛չ հրա­պու­րիչ. թե­ղին-սրճա­գոյն թուղթ, տեղ-տեղ սե­ւէն դէ­պի մոխ­րա­գոյն թե­թեւ­ցող մե­լան, մռայլ ար­տա­քին։ Աւե­լին, գիր­քը պատ­կե­րազարդ չէր եւ չու­նէր քար­տէզ։ Ո՞ւր էր Ու­րուկ քա­ղաքը։ Ի՞նչ տեսք ու­նէր Կիլ­կա­մեշը։ Ո՞ւր էր Լի­բանա­նի մայ­րի­ներու սրբա­զան ան­տա­ռը։ Ո՞ւր էր հիւ­սի­սի Արատ­տա եր­կի­րը, ուր կ՚ապ­րէր աշ­խարհի միակ ան­մա­հը՝ Ուտնա­պիշ­տի­մը։

Մե՛նք պի­տի տպենք

- Պա­րոն, գիր­քը եկա՞ւ։

- Այո, բայց չեմ կրնար ըսել, թէ ձե­զի հա­մար գրա­ւիչ է։ Առա­ւելա­բար, գրա­վաճա­ռը միայն մէկ հատ ու­նէր։ Մե­զի տա­սը հա­տէն աւե­լի պէտք է։

- Ի՞նչ պի­տի ընենք։

- Մե՛նք պի­տի տպենք։

Այժմ մշա­կած ենք աշ­խա­տան­քա­յին ծրա­գիր, որ աշա­կեր­տի հա­մար ըլ­լա­լու է նաեւ գրահ­րա­տարակ­չա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն մը։ Որո­շեցինք, Նշան Մար­տի­րոսեանի թարգմա­նու­թիւնը ըն­դունիլ որ­պէս սկզբաղ­բիւր։ Ամ­բողջ գրու­թիւնը, 96 էջ, կը վե­րագ­րա­շարենք մես­րո­պեան ուղղագ­րութեամբ։ Աջ ու ձախ լու­սանցքնե­րը որո­շեցինք սո­վորա­կանէն աւե­լի լայն պա­հել, որ­պէսզի այդ տա­րածու­թիւնը նկար­ներ եւ մանր տե­ղեկու­թիւններ տե­ղադ­րե­լու հա­մար գոր­ծա­ծենք։ Օրի­նակ. ՈՒ­ՐՈՒԿ։ Սու­մե­րի հնա­գոյն քա­ղաք­նե­րէն մէ­կը, ԻՆԱՆ­ՆԱ։ Սի­րոյ եւ պտղա­բերու­թեան աս­տո­ւածու­հի Անհրա­ժեշտ է, մտա­ծեցինք, Հին Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի քար­տէզ մը դնել անո­ւանա­թեր­թին առ­ջեւ եւ ցոյց տալ տե­ղանուննե­րը։

Գիլ­գա­մեշը կը խօ­սի այլ
լե­զու­ներ

Մտա­ծելով, թէ օտար գրա­կանու­թեան թարգմա­նական կամ խմբագ­րա­կան որե­ւէ գործ աւե­լի ճշգրիտ կ’ըլ­լայ, եթէ հա­մեմա­տական աշ­խա­տանք տա­րուի, որո­շեցինք Գիլ­գա­մեշի անգլե­րէն եւ այլ հրա­տարա­կու­թիւններն ալ ձեռք բե­րել։ Այժմ մեր շտե­մարա­նի մէջ ու­նինք Լոն­տո­նէն եւ Պո­լիսէն եկած եր­կու թարգմա­նու­թիւններ եւս։

Ո՞ւր են Գիլ­գա­մեշի
պնա­կիտ­նե­րը այ­սօր

Գիլ­գա­մեշի պատ­մութեան 12 սե­պագիր սա­լիկ­նե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը, նե­րառեալ թիւ 11 սա­լիկը, որ կը խօ­սի Մեծ Ջրհե­ղեղի մա­սին, այժմ կը գտնո­ւի Լոն­տո­նի Անգլիական թան­գա­րանի մէջ։ Թիւ 12 սա­լիկը, որ նա­խապէս ամե­րիկեան ըն­կե­րու­թեան մը սե­փակա­նու­թեան տակ կը գտնո­ւէր, երբ յայտնի կը դառ­նայ, թէ ան Իրա­քէն ապօ­րինի ճամ­բա­ներով ար­տա­հանո­ւած է, այժմ վե­րադար­ձած է Պաղ­տատ։

Գիլ­գա­մեշի պատ­գա­մը

Մեր հե­րոսը, իր եր­կար ճա­նապար­հորդու­թիւննե­րէ ետք Ու­րուկ կը վե­րադառ­նայ։ Ան դար­ձած է հո­գատար տի­րակալ մը։ Կը կա­տարէ շի­նարա­րական աշ­խա­տանքներ՝ յօ­գուտ քա­ղաքի բնա­կիչ­նե­րուն։ Ապա իր ամ­բողջ պատ­մութիւ­նը կա­պոյտ թան­կա­գին սա­լիկ­նե­րու վրայ փո­րագ­րել կու տայ ու զա­նոնք կը թա­ղէ քա­ղաքի պա­րիսպնե­րու տակ, որ­պէսզի յա­ջորդ սե­րունդնե­րը կար­դան այդ պատ­մութիւ­նը եւ հասկնան, թէ մար­դը ան­մահ է բա­րի գոր­ծով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ