«…Առաջին անգամն է որ խառնարանի մը մէջ կը գտնուիմ։ Խաղաղ է։ Հանգչած։ Նեմրուտ լերան այս քարքարոտ եւ լերկ բարձունքէն կը դիտեմ Վանայ լիճը, լիճը եզերող բարձունքները, Սիփան լեռը, Դատւան գիւղաքաղաքը։ Համայնապատկերը զմայլելի է։ Իսկ խառնարա՞նը… Մէկ այլ բնական գեղեցկութիւն։ Յատակը կանանչապատ է։ Երեք մանր լիճեր կը փայլին հայելիի նման։ Հօտ մը արածելու,- կամ ջուր խմելու,- կ’իջնէ։ Փոշիի ամպ մը կը հետեւի այդ հարիւրաւոր ոչխարներուն եւ սեւագլուխ գամբռ մը կ’ոլորի անոնց շուրջ։ Հոս խառն ոչինչ կայ… Պարզ լռութիւն։ Անդորրութիւն։ Ջերմացնող արեւ։ Կը մօտենայ մայրամուտը։ Լսած եմ, թէ առասպելական է ան», Յունիս, 1987։ Վան։
Յարգելի ընթերցող, 1987 թուականի այդ յետմիջօրէն երանութեամբ յիշեցի երբ հայկական մամուլի մէջ կարդացի քանի մը նոր ու հին խորագիր, հասկցայ, թէ աշխարհը պատրաստ է մեծ խառնակութեան մը, ապա ես ինծի հարց տուի, թէ ե՚րբ եւ ինչո՚ւ խառնուեցան միջազգային կանոնները… մեր երկիրը… իր քաղաքական գործերը… ինչպէս նաեւ՝ հասարակ մարդու օրերը, սէրերը, հոգիները։ Կասկած չունենալով, թէ այդ բոլորի պատասխանը «խառն» բառի պատմութեան մէջ խճճուած կրնայ ըլլալ, որոշեցի «խառն» բառի կոկիկ պատմութիւնը գրի առնել։ Իրաւունք ունիք։ Խորագիրները կ’ուզէք լսել։ Փորձեմ վերյիշել… «Աշխարհի գլուխը խառն է», «Ժողովուրդը խառն է», «Հայկական մեդիան (մամուլը) որոնումների մէջ է, ամէն ինչ շատ խառն է», «Դատական համակարգում խառն են», իսկ ամենէն տխուրը՝ հայկական թատրոնի եւ շարժանկարի դերասանուհի, թատերական բեմավար, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Աննա Էլբակեանի ըսածն է. «Այս տարի Ձմեռ պապիկը մի քիչ խառն է»։
Խառնուեցաւ Բաբելոնը
Յարգելի ընթերցող, մեր բառերու գրաւոր պատմութիւնը կը սկսի 405-412 թուականներուն։ Եւ որպէս լեզուական առաջին սկզբնաղբիւր ես միշտ ալ ակնարկեր եմ Աստուածաշունչ մատեանին, ինչպէս նաեւ Ոսկեդարեան մատենագիրներու գործերուն։ Սակայն, այսօր առաջին անգամ ըլլալով ճամբորդենք աւելի հին դարեր, որպէսզի հասկնանք, թէ ի՚նչ էր մարդկային բարբառի խառնակութեան առաջին պատճառը։ Միքայէլ Չամչեանն է, որ 1784 թուականին, «Պատմութիւն Հայոց» աշխատասիրութեան մէջ մեզի բացատրեց, թէ Բաբելոնի մէջ խառնուեցաւ ժողովուրդներու լեզուն, որպէս պատիժ։ Հայերէնն էր, որ մնաց անխառն. «Այն լեզու, որով խօսէր Նոյ եւ որդիք իւր անդ ՚ի Հայաստան, ո՛չ խառնեցաւ… այլ՝ է նոյն, որ այժմ կայ ՚ի Հայաստան. վասն զի խառնակութիւն լեզուացն եղեւ ՚ի պատիժ այնոցիկ, որք ըստ աւանդելոյ աստուածաշնչին՝ ելեալ յարեւելից ՚ի Հայաստանէ՝ խաղացին ՚ի Սենաար, եւ շինեցին անդ [Բաբելոն] զաշտարակն. ուրեմն լեզու նոցա՝ որք ոչ գնացին ընդ նոսա [Բաբելոն, այլ՝ մնացին ՚ի Հայաստան, ո՛չ խառնակեցաւ»։
Խառն անկողիններ
5րդ դարուն, ինչպէս ըսի, սկսաւ հայկական գրականութեան «խառն» օրերը։ Եղիշէ Պատմիչը մեզի ներկայացուց հայոց աշխարհի վիճակը. «Իշխանութիւնն իսկ խառն էր ընդ աշխարհին հայոց»։ Հայկական մատենագրութեան մէջ տեսանք այլ եւ այլ նկարագրութիւններ. «Խառն ձայնակցութեամբ», «Զերկաթն ընդ խեցին խառնեալ», «Խառն ՝ի զաւակէ մարդկան»։ Աստուածաշունչի «Իմաստութիւն Սողոմոնի» գիրքի 5։20 հատուածը նկարագրեց աշխարհի վիճակը. «Եւ ամենայն ինչ խառն ՚ի խուռն. արիւն, եւ սպանութիւն, գողութիւն եւ նենգութիւն, ապականութիւն, անհաւատութիւն, խռովութիւն, երդմնստութիւն, աղմկութիւն»։ Իսկ Հռովմէացիներ 13։13 հատուածը խրատեց, որ լաւ չէ եթէ անկողիններն ալ խառնուին. «Մի՚ անառակութեամբք եւ արբեցութեամբք, եւ մի՚ խառն անկողնովք եւ պղծութեամբք»։
Անշիտակ խառնակութիւններ
Հայկական բառարաններու մէջ պարզ է «խառն» բառի իմաստը. «բաղադրեալ կամ խառնեալ ՝ի զանազանից. ոչ պարզ, այլ՝ բաղկացեալ. կցեալ. կից. զոյգ. զուգեալ. Զոդեալ»։ Այս բառը չի սիրեր պարզութիւնը եւ խաղաղութիւնը, հետեւաբար, 5-րդ դարէն սկսելով ծնունդ տուաւ 150-ի չափ բարդ բառերու։ Բոլորին ակնարկել եւ յօդուածս բարդացնել չէ նպատակս, ուստի կը բաւարարուիմ տասնեակ մը խառնակութիւններ յիշելով։ 5րդ դար- ԽԱՌՆԱԲԱՆՋԱՐ.- Բանջարի վնասակար տեսակը, «Խառնաբանջար, որ ապականութիւն գործէր յուտելն»։ ԽԱՌՆԱԳՆԱՑ.- Մարդու անբարոյ տեսակը, խառնակ վարք ունեցող. ցոփ. զեղխ. անառակ. «Որդի խառնագնաց… Կնոջ ուրուք խառնագնաց իցէ, եւ անխտիր ՝ի պոռնկութիւն»։ ԽԱՌՆԱԽՈՒՑ.- Սենեակի մեղաւոր տեսակը, իջեւան անարժան, «Բոզիցն խառնախուց»։ ԽԱՌՆԱԽՕՍ.- Խօսքի անքաղաքավար տեսակը, խառն եւ ամօթալի բարբառ պարունակող, «Լեզու խառնախօս յամօթ առնէ զհոգին սուրբ»։ ԽԱՌՆԱԿԵՑԻԿ.- Կեանքի գռեհիկ տեսակը, մանաւանդ խառնագնաց. անկարգ. վատ վարք ունեցող. անարժան. «Խառնակեցիկ կեանքն պոռնկին»։ ԽԱՌՆԱՁԱՅՆ.- Ձայնին անգեղ եւ անճոռնի տեսակը, շփոթ եւ անյայտ ձայն։ ԽԱՌՆԱՄԻՍ.- Միսի անորակ տեսակը, «Մի է մատաղամիս եւ խառնամիս առ հեշտութիւն մարմնոյ»։ ԽԱՌՆԱՐՁԱԿ.- Խառնիխուռն դուրս ելած։ Վերջապէս, հինգերորդ դարու վերջին ներկայացուցիչը՝ ԽԱՌՆԱԴԵՂ.- Ստամոքս մաքրող կամ ործացուցիչ դեղ։
Գունաւոր խառնակութիւններ
6-էն 12-րդ դար աւելի խառնուեցաւ մայրենիս։ Ծնունդ առին նորանոր ածականներ. ԽԱՌՆԱԳԱԶԱՆ.- Առասպելական գազաններ, ինչպէս մինոտաւրոսը։ ԽԱՌՆԱԿՐՕՆ.- Խառնագնաց. հեթանոս. ռամիկ։ ԽԱՌՆԱԳՈՐԾ.- Թէ՛ պղնձագործ եւ թէ՝ չարագործ եւ եղեռնագործ։ Իսկ 13րդ դարուն խառն գոյներ պարունակող իրերու համար ստեղծեցինք ԽԱՌՆԱԳՈՅՆ ածականը, իսկ զանազան խոտերէ պատրաստուած թանը կոչեցինք՝ ԽԱՌՆԱԹԱՆ։ Անշուշտ, թէ պիտի չմոռնայի ԽԱՌՆԱՐԱՆ բառը։ Ան մեր լեռնային եւ հրաբխային երկրի հնագոյն բառերէն է, միշտ եղեր է գործօն եւ վառ։ Բացի Նեմրուտի գեղատեսիլ բերանը ըլլալէ, ան եղեր է նաեւ՝ անօթ, ընդունարան, կարաս, սափոր, ըմպանակ եւ բաժակ։ Հայու մայրենին այսօր աւելի խառնակ է քան երբէք, քանզի ժամանակակից բառարաններու մէջ ունինք՝ խառնազգի, խառնաժողով, խառնախուճապ, խառնածին, խառնակիչ, խառնաղմուկ, խառնաշփոթ եւ գիշերախառն բառերը։
Խառն պատժուեցանք
Արտայայտիչ է «խառն» բառը։ Ան կը նկարագրէ որոշ ամուսնութիւններ՝ «Խառն ամուսնութիւն», մեր երկրի սաղարթաւոր եւ փշատերեւ ծառերով կազմուած անտառները՝ «Խառն անտառ», կամ կոտորակ, որ ունի ամբողջ թիւ մը, ինչպէս՝ 1 զ։ «Խառն» բառը, որ կը վայելէ ժողովրդական ածական մը ըլլալու համբաւը, մակբայ է նաեւ։ Ան տակնուվրայ կ’ընէ բայերը։ Ուստի, երբեմն, անմեղն ու մեղաւորը՝ «խառն կը պատժուին», դպրոցներու մէջ աղջիկ եւ տղայ՝ «խառն կը սորվին», բողոքի ելած ամբոխը «խառն կը քալէ»։
Լուսախառն հայը
Այսօր խառն է ազգիս եւ երկրիս վիճակը։ Ինչո՞ւ ենք մենք այսպէս խառնակ, խառնաշփոթ եւ խառնամիտ։ 1941 թուականին Նշան Պէշիկթաշլեանը փորձեց պատասխան մը գտնել այս դարաւոր հարցումին։ «Հայ աղբրտիք» գիրքի «ՀԱՅԸ» հատուածի մէջ ան ըսաւ. «Դիւրաւ կարելի է ճանչնալ զինքը։ Ունի գլուխ մը, որուն գանգուր մազերը մրրիկի մը մէջ են՝ նման իր լեռնաշխարհին ալեկոծութեան։ Իր աչքերը՝ սեւով ու լոյսով խառն, լիճեր են»։
Խառնուած մազեր
Յաջորդ յօդուածիս մէջ, յարգելի ընթերցող, որոշեցի հայկական գրականութեան բոլոր խառնակ էջերը հաւաքել, կազմել կոկիկ խառնակոյտ մը, եւ հասկնալ, թէ ինչո՚ւ խառն էին Ինտրայի, Տէրեանի, Նարեկացիի, միջնադարեան քանի մը հայ աշուղներու, Ալիշանի եւ Տէմիրճիպաշեանի հոգիները։ Իսկ այժմ, ձեզի հրաժեշտ կը փափաքիմ տալ Դանիէլ Վարուժանի «Բարտիները» վերյիշելով։ Այս քաղցրիկ բանաստեղծութիւնը, ի՜նչ հրաշք, մեզ համոզեց, թէ «խառն» բառը իր մէջ կրնայ սէր պարունակել։ Երբեմն ցանկալի է «խառն» ըլլալ, յատկապէս երբ Նեմրուտ լերան խառնարանի ծայրին էք, մայրամուտը կը դիտէք երկրորդի մը հետ… Յաջորդ եւ սիրելի պատկերը կը ներկայացնէ Վարուժանը.
Մազերն անոր՝ երբ մազերուս
Խառնել կու գայ յանկարծ քամին՝
Զոյգ բարտիները սիրասոյզ
Աստղերուն մէջ կը համբուրուի՜ն։