Ինչպէս գիտութեան բոլոր ընկալումները, պատմագրութիւնն ալ յստակ ձեւափոխումներու ենթարկուած է մեր ժամանակներուն։ Դասական պատմագրութիւնը, որ երկար տարիներ իբրեւ թէ պիտի ցոլացնէր մարդկութեան անցած մեծ ճանապարհը, հիմնականին սահմանուած էր թագաւորներու արկածախնդրութիւններով։ Այս երեւոյթը հեգնանքով քննադատողներէն մէկը եղած էր Պերթհոլտ Պրեխտ «Հասկցանք, Ճինկիզ Խանը արշաւեց ամբողջ Ասիան, բայց գովը խոհարար մը իսկ չկա՞ր արդեօք» հարցումով։
Ահա նոր պատմագրութիւնը պատմութիւնը կրկին կը շարադրէ ճիշդ ալ այդ խոհարարին ապրածները ուսումնասիրելով։ Այս հոսանքը իր արտայայտութիւնն ալ կը գտնէր մանրապատում եզրով, ընծայելով բոլորովին այլընտրանքային գիտելիքներ։
14 Հոկտեմբերի երեկոյեան Էմինէօնիւ «Թարիհ Վաքֆը» այսինքն պատմութեան հիմնարկի շէնքին մէջ կայացաւ ակադեմական Թալին Սուճիեանի «Բուժէ Կամ Սպանիր» (Եա Տերտիմէ Տերման, Եա Քաթլիմէ Ֆերման) անուն գիրքի թրքերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը։Հեղինակի այս գործը 2023-ին, հրատարակուած էր անգլերէնով։
Այս անգամ նոյն հատորը Այշէ Կիւնայսույի հեզասահ թարգմանութեամբ կը դրուի թրքերէն ընթերցողի սեղանին։ Գիրքը կը կրէ «Նահանգներու Բարեփոխումը» (Վիլայէթլերին Թանզիմաթը) ենթախորագիրը։ Ինչպէս այս արտայայտութիւնն ալ կը վկայէ, աւելի քան 300 էջերէ բաղկացող ուսումնասիրութիւնը նիւթ կ՚ունենայ, Օսմանեան Կայսրութեան մէջ դէպի ժողովրդավարական զարգացումներու մեկնակէտը հանդիսացող բարեփոխումներու կամ ալ բառացի թարգմանութեամբ դասաւորումներու հրովարտակի հրապարակման տարիներուն գաւառի ապրումները։ Գաւառը Թալին Սուճիեանի ուշադրութեան կիզակէտին է, քանի որ ինչպէս վերեւ ալ նշեցինք ան փոխանակ արքաներու, իշխանաւորներու, վերնախաւի եւ անոնց համախմբուած մայրաքաղաքի փոխարէն կը փորձէ պատմութիւնը ուսումնասիրել գաւառէն դիտելով։ Ան այսպէսով ի յայտ կը բերէ յստակ հակասութիւններ։ Երբ այդ հրովարտակը Մայրաքաղաք Պոլսոյ մէջ մեծ յառաջընթաց մը ըլլալով կը ներկայացուի, Չարսանճաքի կամ Տէօրթեոլի մէջ բոլորովին տարբեր ընթացք մը կը տիրէ։ Թալին Սուճիեան այդ ընթացքը նկարագրեց Խրիմեան Հայրիկի կամ Գարեգին Սրվանստեանցի վկայութիւններով։ Ծանօթացուց գիրքի մէջ ալ տեղ գտած փաստաթուղթերէ նմոյշներ, որոնք յաճախ գրուած էին հայատառ թրքերէն կամ յունատառ թրքերէն լեզուով։
Ընդհանրապէս նիւթի հետ հետաքրքիր ունկնդրողներ իրենց հարցումներով առիթ ստեղծեցին Սուճիեանի աւելի ծաւալուն բացատրութիւններուն, որոնց շնորհիւ ալ աւելի գոհացուցիչ դարձաւ խիստ ուսուցողական հանդիպումը։ Պարտինք նշել թէ զեկուցման պահուն Թալին Սուճիեանի կողքին էր ինք եւս ակադեմական՝ Լէյլա Քէյմեն։ Ան ալ իր կարգին վկայութիւններ բերաւ թէ՛ գիրքի նախապատրաստութեան փուլերուն եւ թէ Սուճիեանի ուսումնասիրութիւնով յայտնուած նոր տեսլադաշտին մասին։
Տեղին է այս նոր տեսլադաշտ հաստատումը, քանի որ նոր սերունդի պատմաբանները կու գան ջրելու յերիւրածոյ պատմութեան պաշտօնական տեսութիւնը, օրակարգի բերելով անտեսուածներու իրողութիւնը։