Սուգը կրելով

ԱՅԼԻՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

«Մեր կրած իրերը» վերնագրով պարային ներկայացումը «Չըփլաք այաքլար քումբանեասը» միութեան նորագոյն գործերէն է՝ կեանքի կոչուած փորթուկալցի պարուսոյց Ֆրանսիսքօ Քամաչոյի տպաւորիչ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ ու Լէյլա Բոսթալճիօղլուի եւ Միհրան Թովմասեանի իւրայատուկ ներկայացումով։ Երաժիշտ Պերքէ Ճան Էօզճանը իր հարուածային գործիքներով բեմէն կ՚ուղեկցի զոյգին ոգեշնչող շարժումներուն։ Ներկայացումը գաղթի եւ (չ)բնակեցման պատմութիւն մըն է։ Շարժումները կը սկսին, երբ երկու պարողները կը նային քառակուսի տարածքի մը վրայ քով-քովի շարուած իրերու կոյտի մը։ Անոնց քով գտնուող հարուածային գործիքներէ բաղկացած այլ կոյտի մը տակէն կը յայտնուի երաժիշտ մը եւ տակաւ առ տակաւ կը կառուցէ հարուածային գործիքներու փոքր նուագախումբ մը։ Մինչ երկու պարողները մեզի անհաւանական թուացած կերպերով կը փորձեն իրենց մարմինները որպէս փոխադրութեան գործիք օգտագործելով գետինը շարել այդ իրերը, ռիթմին շարժման հետ ներդաշնականութիւնը կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ մենք խոշոր մարմին մը կը դիտենք։ Բեմի կեդրոնէն եկող ռիթմը կ՚աշխուժացնէ պարողներուն շարժումները՝ այնպէս ինչպէս սիրտ մը արիւն կը ղրկէ մարմինի տարբեր մասերու։ Շարք մը իրեր կը սկսին աւելնալ պարողներուն մարմիններուն վրայ՝ ճափոնական պարեգօտէն սկսեալ մինչեւ գետնի վրձիններ, մաքրամէէ հիւսուած անօթի բռնիչներէ համակարգիչի չիփեր, դոյլերէ մինչեւ աղիւսներ, պարաններէ մինչեւ շրջանակներ։ Չնայած, որ երբեմն առանձինն երբեմն ալ իրար օգնելով պարողներուն շալկած իրերը կը կաշկանդեն անոնց շարժումները, այսուհանդերձ, երկու մարմինները չեն վարանիր կրելու զանոնք եւ նոր ու ծանր քայլերով ճամբայ իյնալու։ Վերջապէս, անոնք նոր բնակավայր մը կը գտնեն։ Այս դժուարին շարժման ընթացքին չկայ դադար, չկայ հանգիստ, ոչ ալ՝ ետին ձգած տեղին հրաժեշտ։ Իրենց տուներէն ու հողերէն բռնի տեղահանուածներուն քաջածանօթ այս պատմութեան մէջ, գոյատեւման պայքարը առիթ չի տար սգալու։ Մինչ այս երկու մարմինները այս բոլոր իրերը կը կրէին կորաքամակ, ժամանակ չունէին կանգ առնելու ու հարցնելու՝ «ի՞նչ կը ձգենք մեր ետին»։

Անոնց հասած վայրը լայն տարածք մըն է։ Տեղափոխուած առարկաները իրենք զիրենք կը գտնեն նախկինէն տարբեր ու աւելի տարածուն տեղի մը մէջ եւ տարբեր գործառնութեան համար։ Ռիթմը կը շարունակէ գալ կեդրոնէն։ Բնութենէն աւելցած յաճախակի ձայները նոր բնակավայրին մասին ենթադրութիւններ կը ստեղծեն։ Իրերու նոր պաշտօնները քայլ առ քայլ կը հաստատուին պարողներուն կողմէն։ Օրինակ, ծայրը կեռով ելեկտրականութեան լարը տունէն դուրս կը նետուի՝ արտաքին աշխարհին հետ կապ մը ստեղծելու միտումով։ Շրջանակի նմանողները կը դառնան սեղանի հաստարան։ Մետաղեայ փուռի ծխափողի նմանող գլանը կը բացուի եւ պատի կը վերածուի։ Կը տեսնենք, որ պարողները պատկերներ կը քաշեն՝ նշելու եւ սիրելիներու հետ բաժնելու համար նոր կեանքը։ Նկարները կը պատրաստեն հնաձեւ կերպով՝ անոնց ձեռքերով շինուած մութ սենեակներուն մէջ։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս ասիկա ձեւ մըն է ետին մնացածներուն փոխանցելու, թէ՝ «մենք լաւ ենք, առողջ ենք, մեր նոր կեանքը շատ գեղեցիկ է»։ Ճիշդ այն ատեն, երբ կը կարծենք, որ ականատես կ՚ըլլանք բնակութեան հաստատման ընթացքին, անկիւնադարձային դէպք մը կը պատահի ներկայացման մէջ։ Կեդրոնէն եկող ռիթմին եւ շարժումներուն ներդաշնակութիւնը կը վերածուի աններդաշնակութեան։ Հաստատուած կարգը կարճ ժամանակի ընթացքին կը փլի եւ բոլոր իրերը կեդրոնին մէջ կը դիզուին, մէկը միւսին վրայ։ Երաժիշտը կը վերադառնայ հոն, ուրկէ սկսած էր՝ երաժշտական գործիքներու կոյտի մը տակ։ Այդ վայրկեանին, կը դիտենք ներկայացման ամբողջ տարածքին վերածուիլը ծիսակատարողութեան տարածքի մը, ուր պարողները պտոյտներ կ՚ընեն իրենց կործանած եւ վրայ-վրայի դիզած իրերուն շուրջ։ Այս գրեթէ բարձրագոյն իրավիճակ մըն է։ Կը տեսնենք, որ պարողներուն դէմքերը կը փափկին՝ մինչ ետքայլ կ՚առնեն եւ իրար աչքերու կը նային զարմանքով։

Չափազանց ոգեւորիչ ներկայացումը կրնայ իւրաքանչիւր հանդիսատեսի կողմէ տարբեր ձեւով մեկնաբանուիլ, երբ մեր բոլորին հոգիին ու միտքին մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն երկրաշարժերը, պատերազմները եւ ասոնց հետեւանքով՝ պարտադիր գաղթերը։ Ինծի նման հայերուն համար, որոնք կը փորձեն ամբողջացնել իրենց ընտանիքներուն պատմութեան մէջ գտնուող գաղթի պատմութիւններուն բացը, այս ներկայացումը հաւանաբար ազդեցիկ արձագանգ մը ձգէ անոնց ներաշխարհին մէջ։ Գործին սկիզբը, իւրաքանչիւր առարկայ զգուշութեամբ հաւաքուած եւ մարմինին կցուած է՝ խաղային ազդեցութիւն մը ստեղծելով։ Ամբողջովին չենք հասկնար սկզբնական հանգրուանին տեղի ունեցածը։ Երբ անհատ մը նոր վայր մը կը տեղափոխուի, հին դրութեան ամբողջ կարգը յանկարծ կը մոռցուի. հակառակ անոր, որ իրերը նոր կերպարանք կը ստանան այս նոր վայրին մէջ, տակաւին անհատը կը զգայ, որ փոխադրութիւնը համապատասխան է ինքնին կորսուածին կորուստին։ Վայր մըն է, ուր չես կրնար պատկանիլ կամ ըլլալ այլեւս։ Կը ծագին շատ մը հարցումներ, որոնք պատասխան չունին.- ի՞նչ պատահեցաւ այդ կորսուած վայրին. ի՞նչ կորսուեցաւ կորսուած վայրին հետ՝ լեզու, մշակոյթ, վստահութեան զգացում, արժանապատուութիւն, առաքինութիւն, ապագայի տեսիլք եւ շատ մը այլ բաներ… կորուստները ճանչցուա՞ծ են. անցեալը կրնա՞յ վերակառուցուիլ, երբ նոր վայրի իրերը կը հեռանան ծանօթ լեզուէն եւ այլ լեզու մը կ՚արտադրեն։ Սգալու համար պահանջուած կենսուժը, որ կու գայ կորուստէն, փոխարինուած է փախուստի համար պահանջուած ուժով։ Սգալը յետաձգուած է, սուգը արգիլուած է՝ մինչեւ որ հոգիին ձայնանիշները կորսնցնեն իրենց մեղեդին։ Կորուստը կը յիշուի մինչ պարողները կը վերա-ներկայացնեն կործանումը։ Իրար աչքերուն մէջ նայելով, գաղթի ամբողջ պատմութիւն մը ետ կը գալարի այլ թափով, որ դէպի ետեւ քալելէն կու գայ։ Այն վայրը, ուր վերջապէս սուգը կը սկսի դարձեալ կործանման վայր մըն է։

Ուալթըր Բենիամին սուգի ընթացքը կը սահմանէ որպէս «այն զգացումը, ուր դատարկուած աշխարհը կը վերակենդանանայ դիմակի մը նման»։ «Մեր կրած իրերը» ոգեշնչիչ ներկայացում մըն է, որ բեմին վրայ տեսանելի կը դարձնէ մեր մարմիններուն եւ հոգիներուն մէջի անդարմանելի կորուստները։

Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ